ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Սուրիոյ Քոպանի սահմանամերձ քաղաքը, որ վերջերս դարձեալ անցած է քրտական ուժերու հակակշիռին տակ, վայրագ յարձակումներու թիրախ դարձած էր ահաբեկչական «Իսլամական պետութեան» զինեալներուն կողմէ, որոնց զոհ գացին մեծ թիւով քաղաքայիններ։ Յուլիս 1ին, «Ռատիքալ» թերթին մէջ հրատարակուած է թղթակցութիւն մը, ուր դիտել կը տրուի, որ այժմ Քոպանիի մէջ հայ ընտանիք չէ մնացած, որովհետեւ մէկ մասը յաջողած է խոյս տալ, իսկ մնացածները սպաննուած են «Իսլամական պետութեան» զինեալներուն կողմէ։
Թերթին մանրամասնութիւններ տուած է Յակոբ Թովմասեան, որ ապաստանած է Սուրուչի մէկ ճամբարին մէջ, ուր ներկայիս կան 3 հայ ընտանիքներ։ Քոպանիի վերջին հայերէն ընտանիք մը տեղաւորուած է Ուրֆա, ուրիշ ընտանիք մը՝ Հաթայ, իսկ երրորդը՝ Հալէպ։
Անցագիր ունեցող երկու ընտանիքներ Հայաստան կրցած են մեկնիլ։ Յակոբ Թովմասեանի եղբայրը՝ Յովսէփ, որ Քոպանիէն Թուրքիա ապաստանած էր, որոշած էր իր 14 տարեկան տղուն հետ Քոպանի վերադառնալ, իր բնակարանին ու խանութին կացութիւնը զննելու համար։ «Գիշերը խանութ գացած է իր որդւոյն ընկերակցութեամբ, բայց հոն անծանօթներ կրակ բացած են։ Ան կուրծքէն վիրաւորուած է եւ այդ վիճակին մէջ իր տղուն պոռացած է. «Փախէ, ասոնք «Իսլամական պետութեան» զինեալներ են»։ 14 տարեկան տղեկը՝ Արամ, որուն աչքին առջեւ սպաննուած է իր հայրը, կեանքը ազատած է հոնկէ խոյս տալով։ Սպաննուած հայրը մնացած է Քոպանիի մէջ», պատմած է Յակոբ Թովմասեան։
Թերթը կ՛աւելցնէ, թէ զոհին կողակիցը՝ Իլոնա, կ՛ըսէ, որ իր չորս զաւակները որբ մնացած են ու այժմ ոչինչ զինք կը կապէ Քոպանիի հետ։
Յակոբ Թովմասեան աւելցուցած է, որ հարիւր տարի առաջուան ողբերգութիւնը այսօր ալ կը շարունակուի։ «Հարիւր տարի առաջ Թուրքիայէն անհամար հայեր աքսորուեցան իրենց հողերէն ու ապաստանեցան Քոպանի», եզրակացուցած է ան։
«Զիլ Խօսք» լրատուական կայքը՝ վկայակոչելով «inews» լրատուական կայքը, հաղորդած է, թէ 45ամեայ Յովսէփ Թովմասեան գլխատուած է իր որդւոյն առջեւ: Այլ աղբիւրներէ կարելի չեղաւ այս տեղեկութիւնը հաստատել: