Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Յունաստանի մէջ քաղաքական եւ Հայ Դատի առնչուող հանդիպումներու ծիրին մէջ, Չորեքշաբթի, 24 Յունիսի երեկոյեան, ՀՅԴ պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Զոի Գոնստանտոբուլուի հետ, հելլէն խորհրդարանէն ներս:
Պատուիրակութիւնը կը բաղկանար ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Քերոբ Էքիզեանէ, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանէ եւ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Յովակիմեանէ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Եորղոս Թալասիս: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ Զոի Գոնստանտոբուլուի Հայաստան կատարած այցելութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի կեդրոնական ելոյթներու ծիրէն ներս Ապրիլ 24ին ու, յատկապէս, Երեւանի մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի հետ հելլէն խորհրդարանի նախագահին ունեցած հանդիպման մասին: Յունաստանի խորհրդարանի նախագահին հետ տեսակցութեան ընթացքին արծարծուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսին կազմակերպումը, որ պիտի իրագործուի Հոկտեմբեր 2015ին՝ հելլէն խորհրդարանի ցուցասրահին մէջ: նախագահ Գոնստանտոբուլու վերահաստատեց հելլէն խորհրդարանին կողմէ ցուցահանդէսի կազմակերպման ստանձնումը ու յայտնեց, թէ կ՛ակնկալէ, որ ցուցահանդէսի բացման ներկայ պիտի ըլլան Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, ինչպէս նաեւ բարձրագոյն կարգի յոյն պետական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ: ՀՅԴ պատուիրակութիւնը յայտնեց մեր պատրաստակամութիւնը՝ գործնական կերպով սատարելու ցուցահանդէսի յաջող իրագործման, որուն համար նախագահը իր գնահատանքը արտայայտեց:
Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ Յունաստանի եւ Հայաստանի միջեւ կապերու առաւել սերտացման ու ընդլայման մասին, եւ, այդ շրջագիծէն ներս, արծարծուեցաւ Յունաստանի խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի կազմութեան հարցը: