ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ «21րդ Դար» հիմնարկի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով բաժանմունքին մէկ հետազօտութիւն հասած է այն եզրակացութեամբ, որ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին իսլամ ծայրայեղական ահաբեկչական խմբաւորումներուն միանալու նպատակով, առնուազն 10,000 հոգի Թուրքիայէն Իրաք եւ Սուրիա մեկնած է: Անոնցմէ աւելի քան 7000ը միացած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման, իսկ միւսները՝ «Քայտա»ի մօտիկ «Նուսրա ճակատ»ին:
«Իսլամական պետութեան» միացողներուն մեծ մասը Պոլսոյ, Անգարայի, Քոնիայի, Ատանայի, Տիգրանակերտի եւ Անթէպի բնակիչներ եղած են:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ հետախուզական ծառայութիւնը հաղորդած է, թէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան (PKK) մօտաւորապէս 4500 անդամներ Սուրիա անցած են, քրտական Ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերուն կողքին կռուելու համար, դէմ դնելով «Իսլամական պետութեան»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.