ԵՐԵՒԱՆ.– Ելեկտրականութեան սակի բարձրացումը մերժող «Ոչ թալանին» նախաձեռնութիւնը 26 Յունիսին ներկայացուցած է իր նոր պահանջները, որոնց համաձայն, պէտք է՝
«1. Վերանայել եւ չեղեալ յայտարարել Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի կողմից ապօրինի կայացրած հոսանքի սակագնի որոշումը:
2. Վերանայել անցած տարուայ սակագինը՝ նուազեցման նպատակով:
3. Պատժել բոլոր այն կարգազանց ոստիկաններին, ովքեր անօրինական կերպով Յունիսի 22ին, Բաղրամեան պողոտայում ծեծի ենթարկեցին խաղաղ ցուցարարներին: Ինչպէս նաեւ պատժել նրանց անօրինական հրաման տուողներին»:
Նշենք, որ Բաղրամեանի վրայ ցոյցը կը շարունակուի նոյն թափով: Նախաձեռնող խումբի պատասխանատուներու եւ ոստիկանութեան միջեւ մշտական կապի շնորհիւ ցոյցը կը մնայ խաղաղ: Երէկ գիշեր արուեստագէտներու եւ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներու խումբ մը դարձեալ միացաւ ցոյցին, պատնէշ կազմելով ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ, կանխելու համար որեւէ բախում:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.