ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ ընթացք առած է «Ո՛չ թալանին» քաղաքացիական նախաձեռնութեան հանրահաւաքը՝ ընդդէմ ելեկտրականութեան սակի բարձրացման:
Ցուցարարները կը պահանջեն չեղեալ յայտարարել Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի 17 Յունիսի որոշումը եւ 1 Օգոստոսէն չբարձրացնել երեկտրականութեան սակը։
«Այդ խաչը մենք չենք տանելու, մենք ունենք թասիբ, կամք ու այդ կամքը կոտրողներին ենք կոտրելու, սա մեր երկիրն է, մենք ենք այստեղ որոշողը: Երկու տարբերակ ունենք՝ կա՛մ գնանք տուն ու դժգոհենք, կա՛մ մնում ենք այստեղ՝ դրսում, ու ապացուցում ենք մեր ուժը», յայտարարած է «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամ Վաղինակ Շուշանեան: Ան աւելցուցած է. «Բոլորին կոչ եմ անում առհասարակ անտեսել ամսի 17ին Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի նիստում կայացուած որոշումը, որովհետեւ դա մեզ համար ոչինչ է»։
Ցոյցին մասնակիցները ընդունած են Շուշանեանի առաջարկին երկրորդ տարբերակը, եւ որոշուած է նստացոյցի սկսիլ մինչեւ իշխանութիւններուն պատասխանը:
Ելեկտրականութեան գինի բարձրացման դէմ պայքարող գործիչները յայտարարած են, որ 19 Յունիսի երեկոյեան պիտի սկսին եռօրեայ նստացոյցի Ազատութեան հրապարակին վրայ՝ մինչեւ Երկուշաբթի երեկոյեան ժամը 19:00 իշխանութիւններուն տալով վերջնական ժամկէտ։ Եթէ մինչ այդ ելեկտրականութեան թանկացման որոշումը չեղեալ չյայտարարուի, անոնք պիտի ուղղուին դէպի Բաղրամեան 26:
«Չբացելով բոլոր չակերտները՝ կարող եմ ասել, որ տոկի ենք տալու իշխանութեանը։ Մեր նախկին զգուշացումներին ականջալուր չեղան, բայց այս անգամ համբերութեան բաժակը լցուել է եւ այսօր ականատես կը լինեն այն ամէնին, ինչին երբեւիցէ չեն սպասել: Դա լինելու է ժողովրդի ցասումն ու ժողովրդի պահանջը», ըսած է Վաղինակ Շուշանեան։
Ցոյցեր պիտի կատարուին նաեւ Գիւմրիի, Վանաձորի, Աբովեանի, Սիսիանի, Կապանի եւ այլ քաղաքներու մէջ: