ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Պելճիքայի վարչապետին կողմէ Յունիս 18ին կատարուած Հայոց Ցեղասպասնութիւնը հաստատող յայտարարութիւնը տագնապ եւ անհանգստութիւն յառաջացուցած է թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ:
Յատկապէս համացանցային լրատուամիջոցներուն մեծ մասը այս լուրը լուսաբանող յօդուածները վերնագրած է՝ «Պելճիքայի Վարչապետը Եւս Ցեղասպանութիւն Ըսաւ»:
Թրքական «Yeniasya» կայքը, անդրադառնալով պելճիքական «Լը Սուար» թերթին մէջ այս մասին հրապարակուած լուրին՝ յիշեցուցած է նաեւ, որ Ապրիլին Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարարը եւս գործածած էր «ցեղասպանութիւն» եզրը:
Նշենք, որ Պելճիքայի խորհրդարանին ներկայացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ ընող բանաձեւի քննարկումին ընթացքին վարչապետ Շարլ Միշել, կառավարութեան անունով, ունեցած իր ելոյթով, Օսմանեան կայսրութեան մէջ մէկ դար առաջ իրականացուած հայերու սպանդը որակած էր ցեղասպանութիւն:
Խորհրդարան ներկայացուած բանաձեւի հեղինակը՝ Ֆլամական նոր դաշինք կուսակցութենէն պատգամաւոր Փիթըր տը Ռուվեր, ողջունած էր վարչապետի յայտարարութիւնը։
Պելճիքայի Ծերակոյտը 1998ին վաւերացուցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը։