ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ 11րդ նախագահ Ապտուլահ Կիւլի խորհրդական Ահմետ Սեւեր նոր գիրք մը հրապարակած է «12 Տարի» խորագիրով, ուր ներկայացուցած են Կիւլի պաշտօնավարած տարիները:
Սեւեր գրած է նաեւ Կիւլի Երեւան այցելութեան եւ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն մասին: «Սի.Էն.Էն Թիւրք»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Սեւեր որոշ դրուագներ պատմած է 2008ին տեղի ունեցած Կիւլի հայաստանեան այցի նախօրէի իրադարձութիւններէն:
Ան ըսած է, որ Կիւլի այցելութեան դէմ եղած են թրքական իշխանութեան բոլոր կարեւոր օղակները՝ վարչապետ Էրտողանը, արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Թուրքիոյ սպայակոյտի հրամանատարութիւնը:
«Ընդունելութիւններէն մէկուն ընթացքին, այդ օրերու վարչապետ Էրտողան մօտեցաւ նախագահ Կիւլի գլխաւոր օգնականին ու ցոյց տալով սպայակոյտի պետ Իլքեր Պաշպուղին, ըսաւ, «Ան չի փափաքիր, որ դուն Հայաստան երթաս»:
Հակառակ անոր, որ Կիւլը միայնակ մնացած էր, այնուամենայնիւ գնաց», ըսած է Սեւեր, ըստ «Ակօս»ի հաղորդումին՝ խօսելով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով Հայաստան-Թուրքիա ֆութպոլի խաղը դիտելու համար՝ Կիւլի Երեւան այցելութեան մասին:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս մտահոգութիւն յայտնած է, որ այցը կրնար վնասել Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն:
Սեւեր նաեւ նշած է, որ Կիւլի համար կարեւորագոյն խնդիրները եղած են՝ քրտական, հայկական եւ կիպրական հարցերը: