Հովանաւորութեամբ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի (ԼՕԽ) Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽի Այնճարի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան Շաբաթ, 6 Յունիսի յետմիջօրէին, Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի վերանորոգուած «Ֆիլհաննէսեան» դարմանատուն-կեդրոնի բացումը:
Գիւղի հոգեւոր հայրերուն օրհնութեան աղօթքով եւ ժապաւէնի հատումով տեղի ունեցաւ դարմանատուն-կեդրոնին բացումը:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բացումը կատարեց Ռոզ Պագալեան, որ ըսաւ. «Վազքով սկսած եւ զանազան դժուարութիւններ յաղթահարած աշխատանքէ մը ետք, շնորհիւ մեր ժողովուրդին, ղեկավարութեան, Շրջանային վարչութեան, գիւղի միութիւններուն, հեռաւոր ափերուն գտնուող մուսալեռցի-այնճարցի հայորդիներու՝ այնճարցին ու Այնճարը սիրող բարերարներուն նուիրատուութեամբ եւ մեր տարեց ընկերուհիներու օրհնութեամբ, մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ թափ ստացաւ եւ իրագործուեցաւ շինարարական այս ծրագիրը՝ ճարտարապետութեամբ գիւղի զաւակներէն Հրակ Սթամպուլեանի»: Ան իր խօսքը շարունակեց՝ ըսելով. «Այս կեդրոնին մէջ «Աղթամար» մասնաճիւղի 200 անդամներով պիտի գործենք վերանորոգուած կամքով՝ մեզի վստահուած աշխատանքը հասցնելով լաւագոյնին, մեր նորահաս սերունդին փոխանցելով մեր պապերէն ժառանգած կամքի, կորովի, ազգասիրութեան, հաւատարմութեան եւ զոհողութեան ոգին»:
«Աղթամար» մասնաճիւղի ատենապետ Ցողիկ Հաւաթեան ներկայացուց մասնաճիւղի պատմականը՝ անդրադառնալով մասնաճիւղի եւ դարմանատան հիմնադրութեան հանգրուաններուն՝ 1942էն մինչեւ օրս: Ան յիշեց հիմնադիրները, դերակատար ընկերուհիները եւ անցեալի երիտասարդ բժիշկները, որոնք ընդհանրական շահերը գերադասելով եւ անսակարկ նուիրումով հիմը դրին այսօրուան դարմանատան:
Ան ըսաւ, թէ «վերանորոգուած դարմանատունը իր նոր կառոյցով եւ բարելաւուած սարքաւորումներով կու գայ ըսելու մեր սիրելի ժողովուրդին՝ եղէ՛ք առողջ, իսկ եթէ դիմագրաւէք որեւէ առողջական հարց, դիմեցէ՛ք «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնի դարմանատուն, ուր պիտի գտնէք ձեր ցաւերը ձեզի հետ բաժնող ընկերուհիներ եւ պաշտօնէութիւն»:
Հաւաթեան յայտնեց, որ վարչութիւնը ինքզինք գօտեպնդուած կը զգայ՝ նեցուկ ունենալով ԼՕԽի Շրջանային վարչութիւնը, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն եւ Այնճարի քաղաքապետութիւնը:
Ան իր խօսքը շարունակեց արաբերէնով եւ դարձեալ անդրադարձաւ դարմանատան պատմականին՝ յիշելով անոր դերակատարութիւնը գիւղի եւ շրջանի բնակիչներու առողջապահական հարցերու խնամքին եւ բարօրութեան մարզերուն մէջ:
Ապա Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեան գնահատեց դարմանատան ցարդ ընծայած ծառայութիւնները՝ վստահեցնելով, որ մասնաճիւղը պիտի վայելէ Շրջանային վարչութեան հոգատարութիւնը, համակրանքը եւ հովանաւորութիւնը:
Ան ըսաւ, թէ ԼՕԽի ընտանիքը միշտ յատկանշուած է իր միասնակամութեամբ եւ հաւատարմութեամբ:
Գլպաշեան իր խօսքը աւարտեց շնորհաւորութեան եւ յարատեւութեան մաղթանքներով:
Այնուհետեւ խօսք առաւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Խաժակ Այնթէպեան, որ ըսաւ. «Այնճարի ամբողջ պատմութեան ընթացքին ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին կողքին, ժողովուրդին առողջապահական եւ ընկերային կարիքները իր ուսերուն վերցուցած կամաւորներու մեծ բանակով մը գործած է ու կը շարունակէ գործել «Աղթամար» մասնաճիւղը, որ տեղէ տեղ փոխադրուելով վերջապէս իրականացուց գիւղի անմիջական առողջապահական կարիքները հոգացող եւ արդիական պայմաններով օժտուած կեդրոնի մը շինութեան իր երազը»:
Ան իր խօսքի աւարտին կոչ ուղղեց ներկաներուն եւ ըսաւ. «Հիմա պէտք է ձեռք-ձեռքի տուած շարունակենք գործը, որպէսզի այս կեդրոնը համալրուի նոր սարքաւորումներով եւ աւելի ընդարձակէ իր գործունէութիւնը ու ժողովուրդին մատուցած իր ծառայութիւնները»: Տոքթ. Այնթէպեան աւելցուց, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք նոր թռիչք առնող այս ժողովուրդին եւ իր 75ամեակը արդէն բոլորած մեր գիւղին համար մեծ նուէր է այս կեդրոնը:
Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան շնորհաւորեց այնճարցիները եւ ԼՕԽի «Աղթամար» մասնաճիւղը՝ վերանորոգուած դարմանատան բացումին առիթով, նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով ԼՕԽի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընտանիքին: Ան ըսաւ. «Մենք կ՛ապրինք Սփիւռքի մէջ, ուր կը դիմագրաւենք զանազան դժուարութիւններ, սակայն մենք կը նմանինք այն նաւուն, որ երբեք չ՛ընկղմիր եւ կը յաղթահարէ սպառնացող բոլոր խոչընդոտները»:
Տեղի ունեցաւ շքանշանի տուչութիւն եւ գնահատանք Ծաղիկ Հերկելեանին՝ մասնաճիւղի դարմանատան մէջ իր 25ամեայ պաշտօնավարութեան առիթով:
Հերկելեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչութեան այս ազնիւ մօտեցումին համար եւ ըսաւ, թէ ան իր պարտականութիւնը կատարած է հաւատալով ԼՕԽի առաքելութեան:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան գիւղի պարմանուհիներէն Յասմիկ Այնթապլեան՝ ֆլիւթով, Մեղեդի Թօփալեան՝ երգով եւ Էլէնա Քերքեզեան՝ ջութակով:
Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում՝ ձեռամբ շինարարական յանձնախումբի ընկերուհիներուն:
Ներկաները՝ խանդավառուած տօնական մթնոլորտէն, կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: