ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».– Լրագրող Մարինէ Մարտիրոսեան կը գրէ, թէ 10 Յունիսին կայացած Ազգային ժողովի նիստին ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Գրիգորեան հարցուցած է ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեանին, թէ ինչքանո՞վ վաճառուած է Որոտանի ջրելեկտրակայանը, եւ արդեօք համալիրի 230 աշխատակիցներուն թիւը նուազեցնելու տրամադրութիւն կա՞յ:
Նախարար Զախարեան պատասխանած է, որ ջրելեկտրակայանը վաճառուած է 85 միլիառ 813 միլիոն դրամով: Անոր համաձայն՝ վճարումը պիտի կատարուի երկու հանգրուանով՝ ամերիկեան կողմը 50 տոկոսը պիտի վճարէ հիմա, միւս մասը՝ 1 տարի ետք: Իսկ համալիրի վերազինման համար Հայաստանի կառավարութեան եւ «KfW» դրամատան միջեւ 51 միլիոն եուրոյի համաձայնագիրն ու վարկերը պիտի փոխանցուին գնորդ ընկերութեան: Այս գծով արդէն համադրում կատարուած է գնող ամերիկեան ընկերութեան հետ, որ այդ գումարով պէտք է ներդրումային ծրագիրներ կատարէ։
Նախարարը նաեւ յայտնած է, որ ջրելեկտրակայանին մէջ աշխատողներուն թիւը պիտի չնուազի յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին՝ կնքուած համաձայնագիրով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.