Կլենտէյլը քոյր քաղաք դարձաւ նաեւ Գիւմրիի հետ: Կապանը առաջին քաղաքն էր, որուն հետ Կլենտէյլը քոյր քաղաք դարձաւ: Պէտք է ըսել, որ սկզբնական շրջանին, շնորհիւ Կլենտէյլ-Կապան քոյր քաղաք յանձնախումբին, կարելի եղաւ շարք մը ծրագիրներ իրականացնել Հայաստանի հարաւային շրջանի մեծագոյն քաղաքին մէջ: Վերջին շրջանին, այդ աշխատանքները դանդաղած կը թուին ըլլալ:
Քոյր-քաղաքի հասկացողութիւնը կրնայ ունենալ պաշտօնական սահմանում, որով կը յստակացուին այդ կարգավիճակին մէջ մտած երկու քաղաքներուն միջեւ համագործակցութեան ոլորտները, փոխյարաբերութիւնները, մշակութային, հասարակական գործունէութեան դաշտերը, որոնք համապատասխան քաղաքներու բնակչութեան փոխճանաչման հնարաւորութիւնները պիտի ընդլայնեն:
Մեր պարագային, սակայն, ամէն անգամ որ Հայաստանի քաղաքներէն մէկուն հետ քոյր դառնալու հարցը կը հետապնդենք, մեր գլխաւոր խնդիրը կ՛ըլլայ՝ ինչպէս ընենք, որ մեր այստեղի կարելիութիւններէն օգնութիւն հասնի հայրենի աւաններուն, ինչպէս ընենք, որ մեր համայնքի միջոցներուն աւելցնենք նաեւ քաղաքային իշխանութեանց պահեստային հնարաւորութիւններէն բաժիններ:
Գիւմրիի հետ Կլենտէյլի քոյր քաղաք դառնալը թերեւս լաւագոյն առիթն է վերագնահատելու Կապանի ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները, վերատեսութեան ենթարկելու որդեգրուած գործելակերպը եւ փորձելու աւելի հետեւողական ու արդիւնաւէտ ճանապարհներ գտնել:
Այս աշխատանքներուն կրնայ թափ տուող ազդակ ըլլալ այն իրողութիւնը, որ վերջին տարիներուն, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը այնտեղ պատանեկան ճամբար կը կազմակերպէ հարիւրաւոր գիւմրեցի երեխաներու համար:
Աշխատանքներուն թափ տուող ազդակ կրնայ ըլլալ նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն, որ ստանձնած է Գիւմրիի մէջ երիտասարդական կեդրոնի մը հովանաւորութիւնը՝ շէնքային պայմաններ ստեղծելով հաւաքներու համար:
Անցեալ տարի, Հայաստան համահայկական հիմնադրամն ալ Գիւմրիի համար յատուկ հեռատեսիլային հանգանակութիւն մը կատարեց՝ բնակարաններ ապահովելու համար տակաւին անօթեւան մնացած գիւմրեցի աղէտեալ ընտանիքներու:
Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ Կապանը: Ընդհակառակը, վերստին աշխուժացնենք կապանեան գործունէութիւնը: Վերջապէս Կլենտէյլը հզօր քաղաք է, Կլենտէյլի հայ համայնքը հսկայական կարողականութեամբ օժտուած է եւ իր հայրենասիրութեամբ տրոփող սիրտով կրնայ իր հոգածու ձեռքը հասցնել արիւնակից Կապանին ու Գիւմրիին: