ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- «Սապահ» թերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութիւնը եւ ոստիկանութեան հետախուզական մարմինները համատեղ զեկոյց մը պատրաստած են, ուր կը նշուի, թէ «Ակօս»ի հիմնադիր-խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան հետ կապ ունի «զուգահեռ պետութիւնը», որուն մաս կը կազմեն իսլամի քարոզիչ, ամերիկաբնակ Ֆեթուլլահ Կիւլենի շարժումի հետեւորդները:
Թերթին ձեռք ձգած զեկոյցին մէջ առանցքային տեղ կը գրաւէ Պոլսոյ ոստիկանութեան հետախուզութեան վարչութեան նախկին պետ Ալի Ֆուատ Եըլմազեր, որ անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան Տինքի սպանութեան գծով ձերբակալուած էր:
Զեկոյցին մէջ մանրամասնօրէն կը ներկայացուի սպանութեան նախապատրաստութեան ընթացքը, ըստ որուն՝ Եըլմազեր Տինքի սպանութենէն վեց տարի առաջ հիմնած էր «C-5» գաղտնի մարմինը՝ նպատակ ունենալով սպաննել Տինքը, որմէ ետք պիտի իրականացուէին «Էրկենեքոն» եւ «Լախտ» ծրագիրները, մինչ պետական մարմինները զբաղած պիտի ըլլային Տինքի սպանութեամբ:
Եըլմազեր, որ «զուգահեռ պետութեան» հետ կապերուն համար բանտարկուած է արդէն, Դեկտեմբեր 2014ին վկայութիւն տուած էր Տինքի սպանութեան դատավարութեան նիստերէն մէկուն ընթացքին։