Երկուշաբթի, Յունիս 1ին, Մատրիտի «Քոմփլութենսէ» համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ սպանացի յայտնի լրագրող, հրապարակախօս Անթոնիօ Էլորսայի «Ցեղասպանութիւն. Արձանագրութիւններ» գիրքի շնորհահանդէսը՝ հանրածանօթ սպանացի պատմաբաններու, իրաւաբաններու եւ համալսարանի փրոֆեսէօրական անձնակազմի մասնակցութեամբ:
Գիրքը նուիրուած է Ռաֆայէլ Լեմքինի կողմէ «ցեղասպանութիւն» եզր սահմանման եւ մեկնաբանման, անոր իրաւական, քաղաքական եւ հասարակական նշանակութեան: Հեղինակը Հայոց Ցեղասպանութեան օրինակով կ՛անդրադառնայ ցեղասպանութիւններու դրդապատճառներուն, իրականացման եղանակներուն, իրաւական ձեւակերպումներուն, անպատժելիութեան անթոյլատրելիութեան եւ անոր վտանգաւոր հետեւանքներուն:
«Քոմփլութենսէ» համալսարանի գլխաւոր քարտուղար, նախկին դատաւոր Արասելի Մանխոն-Քապեսա՝ ողջունելով ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց Անթոնիօ Էլորսային՝ իր գրած գիրքին համար: Ան ընդգրկուն անդրադարձ կատարեց միջազգային իրաւունքով ցեղասպանութեան յանցակազմի կագաւորման մասին, ՄԱԿի Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին համաձայնագիրի դրոյթներուն, գործնականօրէն այդ յանցագործութեան պատժելիութիւնը ապահովելու բարդութիւններուն:
Սպանիոյ Սահմանադրական դատարանի նախկին անդամ Մանուէլ Արակոն ներկայացուցած է Սպանիոյ օրէնսդրութեամբ «Ցեղասպանութիւն» յանցագործութեան սահմանումը, այդ ոլորտին մէջ Սահամանադրական դատարանի կայացուցած որոշումները եւ Սպանիոյ օրէնսդրական դաշտին մէջ առկայ բացերը:
Իր հերթին «Քոմփլութենսէ» համալսարանի պատմութեան ամպիոնի տնօրէն Միրտա Նունյէս խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային շուրջ իրենց ամպիոնին կողմէ տարուող աշխատանքներուն մասին՝ կարեւոր համարելով Սպանիոյ մէջ թեմայի հասարակական հնչեղութեան ապաահովման ու համալսարանական շրջանակներու մէջ տեղեկացուածութեան կարեւորութիւնը:
Քննարկումը ամփոփեց Սպանիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Աւետ Ադոնց, որ շնորհակալութիւն յայտնեց հեղինակին եւ ներկաներուն՝ ծաւալուած այս կարեւոր քննարկման համար: Դեսպան Ադոնց ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման կարեւորութիւնը, այս ասպարէզին մէջ վերջին զարգացումները, Սպանիոյ տեղեկատուական դաշտին մէջ, համալսարանական եւ գիտական շրջանակներու մէջ թեմայի աշխոյժ քննարկման անհրաժշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին խորհուրդը եւ նշանակութիւնը հայ ժողովուրդին եւ միջազգային հանրութեան համար: