ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, Յունիս 3ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Օթթաուայի մէջ, Քանատա, հանդիպում ունեցաւ Քանատայի վարչապետ Սթիւըն Հարփըրի հետ:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնեց Քանատայի ժողովուրդին ու կառավարութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով իրենց որդեգրած յստակ կեցուածքին համար: Վեհափառ հայրապետը նաեւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան եւ կոչ ուղղեց Քանատայի պետութեան աւելի գործօն կերպով օժանդակելու սուրիական տագնապի լուծման ու քրիստոնեայ համայնքներու պաշտպանութեան:
Հանդիպումի աւարտին, հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Իշխան» շքանշանով պարգեւատրեց Սթիւըն Հարփըրը, առ ի գնահատանք հայ ժողովուրդի արդար դատին նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան:
Նախ առանձին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին եւ վարչապետին միջեւ, ապա հանդիպման միացաւ կաթողիկոսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Քանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Մեղրիկ եպս. Բարիքեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Տէր Ղազարեան, Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.