ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
ՀՄԸՄ ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը՝ բարձր գնահատելով ՀՄԸՄ ի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղի անդամ, վաստակաշատ ՀՄԸՄ ական Ժիրայր Սարգիսեանի երկար տարիներու բեղուն գործունէութիւնը, համեստ ու միշտ ծառայելու պատրաստակամութիւնը ՀՄԸՄի շարքերէն ներս, «Տիպար ՀՄԸՄական-2015» տիտղոսը շնորհեց անոր:
Արժանաւոր այս եղբօր միութենական կեանքին աւելի մօտէն ծանօթանալու եւ անոր օրինակելի տիպարը եւ մանաւանդ անշահախնդիր նկարագիրը հանրութեան ներկայացնելու հեռանկարով, վերջերս, ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցանք անոր հետ: Հանդիպումը դժուար եղաւ, որովհետեւ եղբայրը համեստաբար կը նախընտրէր լուռ մնալ իր կատարած ազգային պարտականութիւններուն նկատմամբ: Սակայն եղբօր ՀՄԸՄականի կեանքին որոշ չափով ծանօթ ըլլալով, դժուարութեամբ կարգ մը տեղեկութիւններ իրմէ քաղելով՝ կը ներկայացնենք տիպար այս ՀՄԸՄականը, որուն միութենական եւ մարդկային տիպարը բարի օրինակ ծառայած է զինք ճանչցող անհատներուն:
Ան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Նախնական ուսումը ստացած է Էշրէֆիէի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդականը՝ նոյն քաղաքի Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ:
Եղբօր հաստատումով, ազգային իր կրթութիւնը ստացած է ՀՅԴ «Ազատամարտ» (Էշրէֆիէի) ակումբին եւ ՀՄԸՄի շարքերուն մէջ:
Եօթը տարեկանին միացած է ՀՄԸՄի շարքերուն՝ իբրեւ գայլիկ, եւ այնուհետեւ, իր հետեւողական եւ բծախնդիր աշխատանքին շնորհիւ հասած է սկաուտական բարձրագոյն պաշտօններու՝ Գայլիկ պատասխանատու, Երէց սկաուտ, մասնաճիւղի խմբապետ, իսկ 1966ին ՀՄԸՄի Պէյրութի շրջանի ընդհ. խմբապետ: Ան մասնակցած է Յունաստանի մէջ կազմակերպուած համաշխարհային 11րդ եւ Եգիպտոսի համա-արաբական երկիրներու ճամպորիներուն: Իսկ 1990ին նշանակուած է Յունաստանի մէջ կայացած ՀՄԸՄի Համագաղութային 4րդ Ընդհանուր բանակումի ընդհանուր խմբապետ:
Մեծ հետաքրքրութիւն ունենալով ոսկերչական ասպարէզին նկատմամբ, եղբայրը իր հետեւողականութեան եւ սիրած այս մարզին նուիրումին շնորհիւ մեծ յաջողութիւններու հասած է եւ այսօր սեփականատէրն է Giraux Fine Jewelry ոսկերչական մեծ հաստատութեան:
1968ին ամուսնացած է ՀՄԸՄի Լիբանանի պասքէթպոլի ծանօթ մարզիկուհի Սրբուկ Օհանեանի հետ: Յետագային բախտաւորուած են երեք զաւակներով՝ Թամար, Սագօ եւ Զարեհ, որոնք եւս հետեւելով իրենց ծնողներու օրինակին՝ գործօն մասնակցութիւն բերած են եւ կը շարունակեն բերել ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղի աշխատանքներուն: Անոնք իրենց հայրը հարստացուցած են հինգ ՀՄԸՄական թոռներով:
Եղբայրը՝ միութենականի իրաւ իր կեցուածքով, արդար դատողութեամբ եւ դիմացինը միշտ արժեւորելու գիտակցութեամբ, զանազան պատասխանատու պաշտօններ վարած է ՀՄԸՄէն ներս:
Ան մասնակցած է ՀՄԸՄի շատ մը Շրջանային ժողովներու թէ՛ Լիբանանի եւ թէ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի բազմաթիւ Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովներու: Ան ղեկավարի իր հմուտ կարողութիւններուն շնորհիւ երկար տարիներ եղած է ՀՄԸՄի Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային վարչութեան անդամ-փոխատենապետ, Կեդրոնական վարչութեան անդամ, իսկ 1992ին, կնոջ՝ Սրբուկի հետ ստանձնած է ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 17րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը:
Հանդարտ, ժպտադէմ եւ համբերատար անձնաւորութիւն մըն է Ժիրայր Սարգիսեան, որ հայրական գուրգուրոտ մօտեցումով եւ միութենական հարցեր լուծելու բացառիկ իր կարողութիւններուն շնորհիւ դարձած է բոլորիս «սիրելի եղբայր Ժիրայր»ը:
Ան իր յաջողութիւններուն միշտ մասնակից դարձուցած է իր շրջապատը: Եղբայրը մարդասիրական իր օգնութիւնը երբեք չէ զլացած իր ծննդավայրին, մեր սիրելի հայրենիքին, Արցախին ու æաւախքին: Նիւթական եւ բարոյական մեծ ջանք թափած է ՀՄԸՄ-Հասկի Բիւրականի բանակավայրի ապահովման գործին մէջ: Իսկ հայրենիքին առաւել օգտակար հանդիսանալու նպատակով, սեփականատէրն է Երեւանի «Եուրոփա» պանդոկին:
Եղբօր նուիրումը անպատասխան չէ մնացած. մեր աղբիւրներուն համաձայն՝ ան բազմաթիւ անգամներ պարգեւատրուած է: Յիշենց գլխաւորները.
ՀՀ Մշակոյթի, Երիտասարդութեան հարցերու եւ սպորտի նախարարութեան կողմէ Հայաստանի սկաուտական շարժման զարգացման բերած իր նպաստին համար.
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան «Արժանեաց» շքանշանին.
ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Ծառայութեան» շքանշանին.
ՀՄԸՄ-Հասկի Կեդրոնական վարչութեան գնահատանքին՝ իր ազգին օգտակար հանդիսանալուն համար.
ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 80ամեակին առիթով, իր անդամակցած ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղի վարչութեան «Տիպար ՀՄԸՄական»ջ տիտղոսին.
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան բազմաթիւ գնահատանքներուն, իրեն եղած բոլոր դիմումներուն դրական արձագանգելուն ուրախ առիթով:
ՀՄԸՄի հանդէպ ունեցած սէրն ու յարգանքը մղած են զինք ստանձնելու ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղի մարզադաշտի հովանաւորութիւնը, որուն պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 1 Յուլիս 2015ի երեկոյեան:
«ՀՄԸՄը ինծի համար ապրում է եւ կը կարծես թէ աւանդութեան մը մաս կը կազմես, այդ աւանդութիւնը կ՛ապրիս եւ կ՛ուզես, որ ուրիշներն ալ այդ ապրումը ունենան: ՀՄԸՄը նաեւ կոչ մըն է երիտասարդութեան, որպէսզի կարենայ հաւաքական յիշողութիւն մը ունենալ եւ անոր մէջ ինքզինք տեսնել՝ ազգային եւ ընկերային իմաստով», ընդգծեց Ժիրայր Սարգիսեան եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Շրջանային վարչութեան եւ ՀՄԸՄին նման պատիւ մը իրեն շնորհելուն համար, որ նաեւ որոշ պարտաւորութեան տակ կը դնէ զինք:
Կը շնորհաւորենք Ժիրայր Սարգիսեանը, «Տիպար ՀՄԸՄական-2015» տիտղոսին արժանանալուն ուրախ առիթով, որուն արժանի է անկասկած: