ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Իտալիոյ Օսթանա քաղաքին մէջ, գրական մրցանակաբաշխութեան օր մը պիտի նուիրուի Հայաստանի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան։ Այս մասին կը գրէ «Repubblica» թերթը։
Նախաձեռնութիւնը չորսօրեայ է՝ 30 Մայիսէն 2 Յունիս: Անիկա աւանդաբար նուիրուած է մայրենի լեզուով գրուած գիրքերուն: 6 դափնեկիրներ հանդիպում պիտի ունենան ընթերցողներուն հետ, իսկ անոնց գործերը պիտի ներկայացուին գրական երեկոներու եւ թատերական նախաձեռնութիւններու ընթացքին։
Թերթը կը գրէ. «Նախաձեռնութեան երրորդ օրը նուիրուած պիտի ըլլայ Հայաստանին: Դափնեկիրներէն մէկը պիտի ըլլայ հայկական արմատներով յայտնի գրող, Փատովա քաղաքի բնակիչ Անթոնիա Արսլանը: Իտալիոյ մէջ ան նշանաւոր է 19-20րդ դարերու հանրայայտ գրականութեան ուսումնասիրութիւններով: Քանի մը տարի առաջ ան սկսած էր իտալերէնի թարգմանել Դանիէլ Վարուժանի ստեղծագործութիւնները: 2004ին ան իր գրիչով լուսարձակի տակ առաւ իր ընտանիքին պատմութիւնը: Այդ մասին ան պատմեց նշանաւոր իր վէպին՝ «Արտոյտներու ագարակ»ին միջոցով, որ թարգմանուած է 15 լեզուներու: Թավիանի եղբայրներուն կողմէ անիկա վերածուած է ժապաւէնի՝ նոյն անունով»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.