
Մեր արդար դատին համար քալեցինք՝ 160,000ով հզօր ուժի ցուցադրութիւն կատարեցինք:
Հիմա մեր խնդիրը պիտի ըլլայ այդ ուժը այլապէս նաեւ դրսեւորել, այս անգամ քուէի տեսքով:
Յստակ է, որ ոեւէ քաղաքական գործիչ մեր հետ իր յարաբերութիւնները կը սահմանէ մեր քուէի ուժի հաշուարկներով, անշուշտ նաեւ մեր նիւթական հնարաւորութիւնները գումարելով անոնց վրայ:
Արեւմտեան Ամերիկայի տարածքին հայ քաղաքացիներու ստուար զանգուած մը կայ, որ տակաւին չէ արձանագրուած իբրեւ քուէարկող: Այդ մսխուած ուժը քաղաքական բեմ բերելու անհրաժեշտութիւնը այսօր աւելի քան կենսական է:
Կենսական է, որովհետեւ որեւէ պահու մեր դէմ կրնայ ծառանալ Արցախի դէմ (որ կը նշանակէ Հայաստանի ու համայն հայութեան դէմ) թուրք-ատրպէյճանական դաւադիր ծրագիրները չէզոքացնելու հրամայականը, որուն համար համզուած եմ, որ մեր ներկայ քաղաքական կշիռը պիտի չբաւարարէ:
Կենսական է, որովհետեւ Հայաստանի գերիշխանութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող ուժերու միջամտութիւնները կասեցնելու համար մեր արտաքին քաղաքականութիւնը կարիք պիտի ունենայ միջազգային աջակցութեան, որուն ամէնէն ազդեցիկ բաժինը կրնայ գալ Միացեալ Նահանգներէն, եթէ այս երկրի ղեկավարութիւնը շահագրգռուած ըլլայ նման դիրքորոշում որդեգրելով:
Կենսական է, որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետք Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ եւ նախագահական մակարդակով Թուրքիոյ կողմէ ճանաչման եւ հատուցման մեր պահանջատիրութեան հանդէպ զգայնութիւնը պէտք է հարիւրապատիկ աւելցնել:
Այս կենսական առաջադրանքներուն համար կարիք ունինք բազմապատկելու մեր քուէները:
Արձանագրե՛նք մեր քուէի իրաւունքը: Դիւրին՝ նուազագոյն ճիգ պահանջող այս գործը ինչո՞ւ յետաձգել: