ՀԱԴՐՈՒԹ, «Ապառաժ».- Շաբաթ, 30 Մայիսին, Հադրութի շրջանին մէջ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան անդամներու եւ համակիրներու համաարցախեան հաւաք:
Ներկաները ողջունեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, որ նախ շնորհաւորեց բոլորը Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան եւ հայկական պետականութեան վերակերտման օրուան՝ Մայիս 28ի առիթով՝ կարեւոր նկատելով 28 Մայիս 1918ի դերն ու նշանակութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Իշխանեան ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անունով երախտիքի խօսք փոխանցեց բոլոր անոնց, որոնք վերջերս տեղի ունեցած Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն համախմբուեցան ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարին շուրջ՝ միասնական ուժերով պայքարելով ազգային եւ ընկերվարական ուժի յաղթանակին համար:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը իր խօսքին մէջ ամփոփեց ընտրական եւ յետընտրական զարգացումները, անդրադարձաւ ՀՅԴի կատարելիք գործերուն:
Ձեռնարկին ընթացքին ներկաներուն խօսք ուղղեց նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան:
«Իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժ՝ մենք շատ ընելիքներ ունինք՝ գերխնդիր ունենալով ազգային պետականութեան ամրապնդումը: Ասիկա շատ կարեւոր է, որովհետեւ նախընտրական շր-ջանին, ժողովուրդին հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին, մենք հասկցանք, որ ժողովուրդին կարեւոր մէկ մասը չարժեւորէր պետականութեան դերն ու նշանակութիւնը, ինչպէս որ մենք կը փափաքէինք: Ձեզի հետ միասին տակաւին երկար ճամբայ ունինք անցնելիք՝ մեր երկրին ներքին կեանքը բարելաւելու, բազմաթիւ մարտահրաւէրներ դիմակայելու, քաղաքական եւ տնտեսական համակարգը բարեփոխելու համար», նշեց Վ. Բալայեան:
Ելոյթներուն յաջորդեցին երդման եւ խոստման արարողութիւնները: Շարք մը համակիրներ համալրեցին ՀՅ Դաշնակցութեան եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան շարքերը:
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ խնճոյքով՝ ազգային երգ ու պարով: