ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Անկախութիւն եւ ազատութիւն եզրերը կեանքի ամէնէն հարազատ երեւոյթին առնչուած են: Յատկապէս այսօրուան աշխարհը դէպի անհատականութիւն ուղղուածութիւն ունի: Սեփական կարծիքը, անձնական հանգիստը, ինքնանկախ ապրելակերպը, ինքնիշխան որոշումները եւ անձին տեսակէտը առաջնահերթ կը համարուին իւրաքանչիւր անձի համար, ինչքան ալ փորձենք ուրիշներուն տեսակէտներուն կամ կարծիքին ականջ տալ:
Լեզուներու եւ լեզուամտածողութեան տարբերութեան բերումով, երբեմն ճշգրիտ թարգմանութիւն կարելի չէ՛ կատարել որոշ բառերու, որոնք օտար լեզուներու մէջ այնքան գործածական են: «Հանգիստ ազատութիւն»ը, որ անգլերէն լեզուին մէջ մէկ բառով «privacy» կ՛արտայայտուի, հայերէն լեզուին մէջ երբեմն սխալ թարգմանութեամբ «անկախութիւն» կը գրուի:
Ընկերային տարբեր խաւերու մէջ կը հանդիպինք այս «հանգիստ ազատութիւն» հասկացողութեան տարբեր աստիճանաւորումներուն: Բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներու, դերասաններու կամ ականաւոր անձնաւորութիւններու սեփական բնակարանները երբեմն յատուկ ճամբաներով կը բաժնուին սովորական թաղամասերէ, որոնց մուտքին դրուած «սեփական» ցուցանակը կ՛արգիլէ անծանօթներու մուտքը այդ փողոցը:
Նոյն «հանգիստ ազատութիւն» գաղափարէն վարակուած, սովորական քաղաքացիներ երբեմն արձակուրդի երբ մեկնին, կը փորձեն նմանակել պաշտօնական անձերու կամ հարուստներու կեանքին վերաբերող այդ ցանկալի սովորութիւնը, իրենց հաղորդակցութիւնը ամբողջութեամբ խզելով առօրեային հետ, փակելով իրենց անձնական հեռախօսները, նոյնիսկ գործակիցներու հեռաձայններուն դիմաց:
Ամէնէն աւելի պարզ ու համեստ մարդիկ եւս «կը վարակուին» այս փորձութենէն, երբ սովորական ճամբորդութեան մը ընթացքին իրենց իջեւանած պանդոկի դրան բռնիչի ետին կախուած «Մի՛ խանգարէք» խաւաքարտեայ ցուցանակը կը կախեն դրան առաջ, առանց մասնաւոր պատճառի իրենց համար «հանգիստ անկախութիւն» մը յայտարարելով:
Մարդիկ ամբողջովին չեն կրնար անկախանալ: Անոնք չե՛ն կրնար անկախանալ իրարմէ: Ո՛չ թէ անպայման յատուկ համաձայնութիւն կնքած ըլլալու բերումով, ինչպէս ամուսնութեան ուխտ կամ որեւէ դաշինք, այլ՝ որովհետեւ մա՛րդ են: Սա կարեւոր հաստատում մըն է, որովհետեւ մարդկային ընկերութիւնը մարդ անհատներէ կազմուած է եւ ո՛չ թէ մէկ հատ մարդէ: Ատիկա արդէն «ընկերութիւն» կարելի չէ՛ կոչել, եւ ո՛չ ոք կրնայ հակասել Արիստոտելի հեղինակաւոր այն տեսակէտին, թէ՝ «Մարդ էակը ընկերային կենդանի մըն է»:
Անկախութեան կամ ազատութեան անհատական սահմաններ գոյութիւն ունին: Իւրաքանչիւր անձ կը պահանջէ, որ ուրիշներ յարգեն իր ազատութիւնը: Անշուշտ երբեմն մարդ կը մոռնայ, որ ի՛նք ալ պէտք է յարգէ ուրիշներուն ազատութիւնը: Ազատութիւն բառը ինքնին անսահմանափակելի կը թուի, սակայն ամէնէն աւելի նեղ սահմանագծումները ունի: Ամէնէն խիստ օրէնքներով կը հաստատուին քաղաքացիական ազատութեան օրէնքները յատկապէս քաղաքակիրթ երկիրներուն մէջ: Կը բաւէ միայն օրէնքի խախտում մը կատարել, եւ պիտի տեսնէք թէ ինչքան խիստ են ազատութեան կանոնները…
Միւս կողմէ, «մարդոց ազատութիւնը եւ անկախութիւնը կը գտնուի իրենց ձեռքերուն մէջ»: Սա պատկերաւոր բացատրութիւն մըն է, ցոյց տալու համար, թէ մարդ անհատը ի՛նք է երբեմն իր անկախութեան եւ ազատութեան խանգարիչը կամ հիմնական արգելքը: Այդ խանգարումը կը յառաջանայ կեանքին ընթացքին, երբ ուրիշներու սահմաններէն ներս մտնէ մարդ: Եւրոպական շարք մը երկիրներու միջեւ, որոնք հարեւանութեան մէջ ըլլալով, փոխադարձ դաշինքներ կնքած են, անցումային մասնաւոր սահմաններ գոյութիւն չունին: Տուեալ երկու երկիրներու սահմանները գծուած ըլլալով հանդերձ, ցամաքի ճամբով մէկէն միւսը անցնելու պահուն, պահակակէտերուն վրայ քննութիւն կամ հարցուփորձ չի՛ կատարուիր: Ատիկա չի՛ նշանակեր անշուշտ, թէ սահմանապահ զինուորը չի՛ կրնար կանգնեցնել անցնող ինքնաշարժ մը եւ անձնական թէ ինքնաշարժի փաստաթուղթերը պահանջել: Սակայն ատիկա միայն մասնաւոր կասկածի պարագային կը կատարէ ան:
Նոյնն է մարդկային կեանքի բարոյական սահմաններու պարագան: Ամէն մարդ ունի իրեն յատուկ ազատութիւն կամ անկախութիւն մը, որուն սահմանները բացայայտ չեն երեւիր: Սակայն ամէն մարդ ալ գիտէ, թէ իւրաքանչիւր մարդու բարոյական սահմանները ինչքա՛ն թոյլատու են ուրիշի բարոյական կեանքին միջամուխ ըլլալու համար:
Մարդկային ազատութիւնը կամ անոր մէջ գտնուող անկախութեան ձգտումը շա՜տ մեծ տարիք ունի:
Օրօրոցային տարիքի մէջ, խանձարուրապատ երեխայի ճիչին մէջ ազատութեան ձգտումը կայ: Ազատութեան տարիքը, ուրեմն, տուեալ մարդուն տարիքը ունի, անոր չափ երիտասարդ կամ ծեր է:
Իր մանկական սնարին մէջ լացող երեխան անպայման անօթութեան համար չի՛ դժգոհիր, ոչ ալ միայն տակը թաց ըլլալուն բերումով, այլ՝ որովհետեւ աներեւակայելի ձգտումով անկախանալ կ՛ուզէ, ազատութեան մէջ ըլլալ կը ցանկայ:
Ազգեր ու ժողովուրդներ, նոյնիսկ նախնական ցեղախումբեր կամ այսօրուան հասկացողութեամբ ազգային համայնքներ, եթէ նոյնիսկ օտարութեան մէջ են, հեռու իրենց հայրենիքէն, սեփական ներքին ազատութեան համար անընդհատ բանակցութիւններ կը վարեն տեղական իշխանութիւններուն հետ: Այս իմաստով ըմբռնուած ազատութիւնը կ՛ընդգրկէ լեզուական, կրօնական, մշակութային եւ ընկերային ազատութեան սկզ-բունքներ, որոնք իւրաքանչիւր ազգի հաւաքական կեանքին մէջ կը կազմաւորուին, համաձայն անոր ցեղային իւրայատկութեան:
Անկախութիւնը երկրի մը համար, ինքնորոշման գերագոյն իրաւունքով, անփոխարինելի գանձ է, պահուած տուեալ ազգի արժանապատւութեան անկողոպտելի գանձարկղին մէջ: Երանի՜ այն ազգին որ ունի՛ այդ գանձը, եւ երանի՜ մանաւանդ անոր՝ որ կարողութիւնը ունի պահպանելու այդ հարստութիւնը, անքուն հսկելով անոր ապահովութեան համար:
Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ մարդ անհատի սեփական ազատութեան համար, որովհետեւ մարդ էակը իր անկախութիւնը եւ ազատութիւնը ունենալով, քիչ մը աւելի՛ մարդ կը նկատուի, իր առած սեփական որոշումներով յարգուած բոլորէն ու մանաւանդ, իր վայելած «հանգիստ ազատութեամբ» հոգեպէս երջանիկ…