ՊՈԼԻՍ.- «Նոր Զարթօնք» շարժումէն կը տեղեկանանք, թէ «Արմէն» ճամբարի՝ «Քեմփ Արմէն»ի քանդումին դէմ պայքարողները, Ուրբաթ, Մայիս 22ի երեկոյեան, Պոլսոյ Պէյօղլու Թիւնել թաղամասին մէջ հաւաքուելէ ետք, քայարշաւ մը կատարած են դէպի Կալաթասարայ հրապարակ, զայն ամբողջութեամբ լեցնելով։
Արշաւի լուսանկարներէն կարելի է եզրակացնել, թէ առնուազն հարիւրաւորներ մասնակցած են զօրակցական այս ցոյցին։
«Արմէն» ճամբարը քանդելուն դէմ բողոքելու նպատակով իրականացած այս հանրահաւաքի կազմակերպիչները ելոյթներ ունենալով, ճամբարը անմիջապէս եւ առանց որեւէ նախապայմանի հայութեան վերադաձնելու կոչեր կատարած են։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.