ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայաստան» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան նիստի ծիրին մէջ հիմնադրամի պատուիրակութիւնը՝ կազմուած հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներէ, տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներէ, բարերարներէ՝ գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի գլխաւորութեամբ, 20 Մայիսին սկսած է իր վեցօրեայ հաշուետու այցելութիւններուն՝ Արցախ եւ Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն վայրերը: Պատուիրակութիւնը Արցախ մեկնած է Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիով, որուն կուպրապատումը պիտի շարունակուի կառուցման երկրորդ հանգրուանով։
21 Մայիսին հիմնադրամի պատուիրակութիւնը մեկնած է Ասկերանի շրջան, ուր հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարած է Պատարա եւ Խանցք գիւղերու նորակառոյց համայնքային կեդրոններուն: Պատարայի համայնքային կեդրոնը կառուցուած է Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինին հովանաւորութեամբ (Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ): Երկյարկանի շինութիւնը մէկ տանիքի տակ կը համախմբէ գիւղին բժշկական կեդրոնը, գրադարանը, համակարգչային սենեակը, գիւղապետարանը: Կից կառուցուած հանդիսութիւններու սրահն ալ պիտի ծառայէ համայնքի նախաձեռնութիւններուն: Ֆրանսահայ համայնքին հովանաւորութեամբ ներկայիս Արցախի մէջ կը կառուցուին շարք մը համայնքային կեդրոններ եւ կրթօճախներ:
Խանցք գիւղի նորակառոյց համայնքային կեդրոնը կեանքի կոչուած է հիմնադրամի Մոնթրէալի տեղական մարմինին եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ: Երկյարկանի կառոյցին մէջ կեդրոնացած են գիւղապետարանը, գրադարանը, համակարգչային սենեակը, խաղասրահը: Կից կառուցուած է հանդիսութիւններու սրահ՝ նախատեսուած 150 հոգիի համար: Ժամանակակից յարմարութիւններով օժտուած այս համալիր կառոյցները առաւել յարմարաւէտ պիտի դարձնեն համայնքի կեանքը:
Բացման արարողութեան յաջորդած է պատուիրակութեան այցելութիւնը Ասկերանի շրջանի Իւանեան գիւղի մանկապարտէզ, որուն կառուցման համար միջոցները գոյացած են Թորոնթոյի տեղական մարմինի ջանքերով: Ծրագիրը կը համաֆինանսաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը: Շուրջ 420 քմ. տարածք ունեցող մարկապարտէզին մէջ խնամք եւ ուսում կրնան ստանալ մինչեւ 70 երեխաներ։ Մանկապարտէզին կից կը կառուցուի համայնքային կեդրոն՝ Թորոնթոյի հայրենակիցներուն միջոցներով։
Երեկոյեան, հիւրերուն ի պատիւ համերգով հանդէս եկած են Ստեփանակերտի Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական քոլեճի սաները: Ընդամէնը ամիսներ առաջ հիմնադրամին ջանքերով վերակառուցուած այս կրթօճախը իր յարկին տակ կը հիւրընկալէ կրթական եւ մշակութային տարբեր նախաձեռնութիւններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.