Ապրիլ 23-28 իտալական պետական Rai հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի ընկերութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ցուցադրեց 7 նիւթ: Այս մասին կը յայտնէ Roma Multietnica կայքը՝ վկայակոչելով Հռոմի եւ Լացիոյի հայ համայնքը: Ապրիլ 23ին Rai 3ը ցուցադրեց Միլանի համալսարանի փրոֆեսէօր Պայքար Սիւասլեանի հետ հարցազրոյց մը: Ապրիլ 24ին Rai խումբի հեռատեսիլի այլ կայան մը՝ Ալիք 54ը, ցուցադրեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բեմադրիչ Էնթընի Կոլտպըրկի վաւերագրական ժապաւէնը, ուր ներառուած են ոչ միայն պատմական փաստեր, այլեւ բազմաթիւ հարցազրոյցներ յայտնի գիտնականներու հետ, ներառեալ՝ ծագումով թուրք: Իսկ Ապրիլ 24ին Rai 3ը Հայաստանի մասին ներկայացուցած է 10 վայրկեան տեւողութեամբ նիւթ մը:
Ապրիլ 28ին Rai 3ը հեռարձակած է լրագրող Մասիմօ Պերնարտինիի պատրաստած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նիւթը՝ Սիենի համալսարանի փրոֆեսէօր Մարսելօ Ֆլորեսի մասնակցութեամբ: Նոյն տեսանիւթը վերահեռարձակուած է երեք անգամ՝ Rai Storia, Ալիք 54 եւ Ալիք 23 կայաններով: