ՊՈԼԻՍ, «Նիուզ».- Թուրք ծանօթ մտաւորական Պասքըն Օրան զաւեշտալի համարած է այն փաստը, որ Պոլսոյ «Քամփ Արմէն» հայկական որբանոցի սեփականատէրը յայտարարած է, թէ պատրաստ է զայն հայերուն վաճառելու:
Թրքական T24.com կայքին համաձայն, Օրան անդրադարձած է «Քամփ Արմէն»ի խնդիրին, յիշատակելով, որ հայերուն պատկանած եւ յետոյ խլուած մանկատունը քանդելուն զուգահեռ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան «աչքալուսանք» տուած է հայերուն՝ յայտնելով, թէ հայերէնով Քուրան լոյս տեսած է:
Օրան ուշադրութիւն դարձրուցած է այն հանգամանքին, որ հայերուն պատկանած «Քամփ Արմէն»ի այժմու «սեփականատէրը» կը յայտարարէ, որ ինքը պիտի չքանդէ որբանոցը, եթէ հայերը պատրաստ են զայն գնելու:
Նշենք, որ յիշեալ մանկատան մէջ, հարիւրաւոր այլ հայերու պէս, մնացած են Հրանդ Տինքը եւ անոր կինը՝ Ռաքէլը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.