ՈՒԻՆԵԹՔԱ.- Կիրակի, Մայիս 17ին, երեկոյեան ժամը 6։30ին, Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ «Շնորհակալութիւն Ամերիկա» խորագրուած դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Միսաք Քէլէշեան պիտի ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք հայ ժողովուրդին մատուցուած օժանդակութիւններուն պատմականը։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Պոլսահայ միութեան կեդրոնին մէջ (19726 Sherman Way Winnetka, CA 91306)։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.