ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Էլմաս Թոքայ «Քըպրըս Կազէթեսի» թերթին մէջ հաղորդեց, որ Կիպրոսի Հարաւային բաժինէն մօտաւորապէս 80 հայ ուխտագնացներ Երեքշաբթի օր հիւսիսային Կիպրոս անցան ու այցելեցին Ս. Մակարայ վանքը։ Անոնք լքեալ վանքին մէջ մոմեր վառեցին եւ աղօթքներ կարդացին։ Թերթը կը յայտնէ, թէ այս առթիւ, այցելուներուն մէջ կային հայեր, որոնք ատենօք մկրտուած կամ ամուսնական պսակի արժանացած էին այս վանքին մէջ։
Ուխտագնացները երկու հանրակառքերով ու անհատական կառքերով խաղաղութեան ուժերու պաշտպանութեան ներքեւ հարաւային Կիպրոսէն անցան հիւսիսային Կիպրոս եւ ուղղուեցան դէպի Ս. Մակարայ վանք, որ կը գտնուի այժմու Ալեւքայասը կոչուած շրջանին մէջ։
Ուխտագնացներուն միջեւ կային Իրանէն, Անգլիայէն ու Լիբանանէն այս նպատակով ժամանած հայեր եւս։
Հարաւային Կիպրոսի Յունական խորհրդարանի հայ երեսփոխան Վարդգէս Մահտեսեան յայտարարեց, որ այս այցելութիւնը զգացական մեծ կարեւորութիւն ունի. ուխտագնացները իրենց յիշողութիւնները նորոգեցին՝ այցելելով այս վանքը, որ Կիպրոսի մէջ միակ հայկական վանքը եղած է հինէն ի վեր։ Անցեալին, Կիպրոսի հայերը որեւէ խնդիր չունեցան Կիպրոսի թուրքերուն հետ, անոնք միշտ ապրեցան խաղաղութեան ու եղբայրութեան մթնոլորտի մը մէջ։ «Հիմա հոս այցելողներուն մէջ կան մեծ թիւով մարդիկ, որոնք հոս մկրտուեցան կամ ամուսնացան, ուստի ասիկա զգացական մեծ ապրում մըն է անոնց ու մեզի համար», ըսաւ Մահտեսեան։
«Ս. Մակարայ վանքը Կիպրոսի մէջ ապրող շուրջ երեք հազար հայերու համար սրբավայր մըն է», կը գրէ Էլմաս Թոքայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.