ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Սուրիահայութեան տագնապը ընդհանրապէս, ու Հալէպի հայութեան ճգնաժամը մասնաւորապէս, համայն հայութեան ուշադրութեան պէտք է արժանանան:
Պէտք է, բայց իրապէս կ՛արժանանա՞ն: Մեր իրականութեան մէջ, դժբախտաբար, որոշ բառեր կորսնցուցած են իրենց իմաստը, կամ աւելի ճիշդ՝ պարպուած են անկէ: Ասիկա այնքան սովորական դարձած երեւոյթ է, որ անոր կրկին անգամ մատնանշումը, աժանագին շահարկում կրնայ նկատուիլ ընթերցողին կողմէ:
Հա, այդպէս է, ինչ ընենք: Տագնապ կամ ճգնաժամ ի՞նչ կը նշանակէ. եկէք վերասահմանեցէք, որպէսզի մեզի յստակ ըլլայ, որ մարդիկ այնտեղ կենացմահու խնդիրներ կը դիմագրաւե՞ն:
Համայնքը իբրեւ կազմակերպուած գոյութիւն վտանգուա՞ծ է: Եթէ այդպէս է, ահազանգ հնչեցնելու կարգ մը պէտք է ստեղծել, որ հաւաստիութեան ու արժանահաւատութեան հիմքերով անվիճելի ըլլայ եւ մարդիկ, միութիւններ, կուսակցութիւններ, եկեղեցի ու պետութիւն իսկական զօրաշարժի կոչերով հանդէս գան:
Իսկական զօրաշարժ հասկացողութիւնը, պէտք է գիտնալ, առնուազն մեր համայնքին մէջ նոր իմաստ ունեցաւ, երբ 160,000 համրանքով քալիֆորնիահայութիւնը ընդառաջեց Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի միացեալ մարմինի Արդարութեան Քայլարշաւին մասնակցելու հրաւէրին:
Հիմա պէտք է կարենալ առնուազն այդ նոյն համրանքին համոզել, որ Սուրիոյ մեր քոյրերն ու եղբայրները այսօր ծանր օրեր կ՛ապրին եւ այս ծանր բառը բաւարար պէտք է ըլլայ մեզ շարժելու՝ առանց զայն աւելի շեշտելու «օրհասական» կամ խուճապի մատնող այլ ածականներով:
Յստակ է, որ խուճապը ոչ մէկ օգուտ կրնայ բերել սուրիահայութեան: Ընդհակառակը, խուճապային տրամադրութիւնները կրնան անտեղի կորուստներու պատճառ դառնալ:
Յստակ է նաեւ, որ ի գին աշխարհ մը զոհողութիւններու, Սուրիահայութեան պատասխանատուները կը փորձեն տէր կանգնիլ համայնքին՝ անոր ապահովութեան, անոր գոյատեւման: Տէր կանգնիլ համայնքին, անոր հաւաքական կառոյցներուն եւ անոր բոլոր զաւակներուն: Պատասխանատուներ, որոնք մնալով իրենց համայնքին հետ, բարոյական հզօր ուժով կը դիմեն մեզի՝ բոլորիս, որպէսզի թիկունք կանգնինք մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն:
Մենք այդ բարոյական ուժին տէր պատասխանատուներու կոչին պէտք է անսանք միայն ու առանց խուճապ տարածելու՝ հասնինք իրենց, զօրաշարժի ենթարկելով մեր հնարաւորութիւնները: