ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- 1980ի զինուորական յեղաշրջումի գլխաւոր առաջնորդ Քենան Էվրենի մահը պատճառ դարձաւ, որ վերստին բացուին մօտիկ անցեալի այս անմոռանալի պատահարին ու անկէ ետք ապրուած մութ եւ տանջալից օրերու պատմութեան էջերը։ Այսօր, որքան ալ Էվրենի դուստրը պնդէ, թէ այս երկիրը իր հօրը նման մարդոց պէտք ունի, երկրի բնակչութեան մէկ մասը Մայիս 11ին մինչեւ իսկ տօնական խրախճանք սարքեց Էվրենի մահուան լուրին դիմաց։ Միշտ կը խօսուի այն չարչարանքներուն մասին, որոնք զինուորական իշխանութեանց կողմէ գործադրուեցան բանտերու, մանաւանդ Տիգրանակերտի տխրահռչակ բանտին մէջ։
Էվրենի ու ընկերներուն զինուորական հարուածը առաջին օրերուն ոմանց կողմէ երկրին համար փրկարար նկատուեցաւ, որովհետեւ երկիրը այդ շրջանին կը գտնուէր ահաբեկչական բողոքներու ու արարքներու դժոխային մթնոլորտի մը մէջ։ Բայց Էվրեն ու գործակիցները շուտով յուսախաբ ըրին իրենց համակիրներն իսկ, որովհետեւ բացուեցաւ մենատիրական ու չարչարալից նոր շրջան մը. հիմնուեցաւ զինուորական գերիշխանութիւն եւ Էվրեն ինքզինք ընտրել տուաւ նախագահ։ Երկար տարիներ շատեր քաջութիւնը չունեցան հարցադրումի ենթարկելու Էվրենի ու ընկերներուն ապօրէն զինուորական միջամտութիւնը, բայց վերջերս այդ հարցադրումը սկսաւ ու մինչեւ իսկ հասաւ Էվրենը ամբողջովին բանադրելու, անոր զինուորական բոլոր աստիճանները ետ առնելու ու ցկեանս բանտարկութեան դատապարտելու աստիճանին։ Թէեւ տակաւին բանտ չէր դրուած իր տարիքին ու հիւանդութեան, մանաւանդ դատական ձեւակերպութիւններու բերումով, բայց ան արդէն կորսնցուցած էր ամբողջ իր վարկը։
Սակայն, նկատի ունենալով, որ ան ժամանակաշրջան մը եղած էր նախագահ, օրէնքը կը պահանջէ անոր համար պետական յուղարկաւորութիւն կատարել։
Մայիս 12ին, չորս կուսակցութիւնները, որոնք խմբակ ունին խորհրդարանին մէջ, հաղորդեցին, թէ իրենց կուսակցութենէն ոչ մէկը պիտի մասնակցի յուղարկաւորութեան։ Ասիկա հետաքրքրական ու աննախադէպ պատահար է։
Էվրեն Թուրքիոյ նախագահն էր 1982-1989 տարիներուն: Անոր առաջնորդած յեղաշրջումի շրջանին կատարուած էին լայնածաւալ ձերբակալութիւններ ու գործադրուած մեծաթիւ մահապատիժներ։ Այդ շրջանին շատեր կախաղան հանուեցան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.