ՆՈՐԹՐԻՃ.- Շաբաթ, Մարտ 21ին, CSUN համալսարանի «Plaza Del Sol» սրահին մէջ, Համազգայինի Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբը իր հիմնադրութեան 15 ամեակին առթիւ հանդէս եկաւ երկու գեղեցիկ ելոյթներով: Առաջինը՝ կ.ե. ժամը 3:30ին, փոքրերու խումբը, իսկ երկրորդը՝ ժամը 7:30ին, մեծերու խումբը:
Երկու ելոյթներուն ալ սրահը լեցուն էր մայրերով, հայրերով, մեծ մայրերով, մեծ հայրերով, Համազգայինի համակիրներով եւ հիւրերով: «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի ատենապետ Պերճ Ուզունեան կատարեց զոյգ ելոյթներու բացման խօսքերը:
Շատ գեղեցիկ ու ճոխ պարերով եւ նրբաճաշակ տարազներով «Նայիրի» պարախումբը մեծ խանդավարութիւն ստեղծեց:
Օրուան հանդիսավար Մարօ Գասպարեան ասմունքներով պատշաճ մէջբերումներ կատարեց:
Հանդիսատեսը մեծ յուզումով դիտեց այդ անմեղունակ փոքրերը, իրենց գեղեցիկ շարժումներով եւ մեծերը՝ իրենց հեզաճկուն պարերով: Ապրի՛ «Նայիրի» պարախումբը: Վարձքը կատար մեր սիրելի եւ տաղանդաւոր պարուսոյցներուն՝ Քաթրին Հայրապետեանին եւ Արի Լիպարիտեանին:
(Թղթակցութիւնը՝ մասնաճիւղէն)