ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քանի մը օրէ ի վեր օրակարգի վրայ է Թուզլայի երբեմնի «Արմէն» կոչուած ճամբարի շէնքը, որուն նոր սեփականատէրը որոշած էր շէնքը քանդել ու անոր տեղը շքեղ բնակարաններ կամ պանդոկ մը կառուցել։
Հայկական շրջանակներ ու շահագրգիռ քաղաքացիներ Մայիս 6ին արգելք հանդիսացան նոյն օրը սկսած եւ մասամբ իրականացուած փլուզման աշխատանքին՝ պնդելով, որ այս շէնքը պատմական կարեւորութիւն ունի եւ հոն հասած ու պատսպարուած են հազարաւոր հայ չքաւոր կամ որբ մանուկներ, որոնցմէ մէկը Հրանդ Տինքն էր։ Տեղացիներ շէնքին առջեւ պահակ կեցած են, որպէսզի փլուզումի նոր ձեռնարկ մը չկատարուի։
Քանդումին դէմ կը պայքարի քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երեսփոխանական թեկնածու Կարօ Փայլան։ Բնականաբար, Հրանդ Տինքի անունը այժմ մեծ դեր կը խաղայ փլուզման հեղինակներուն դէմ մթնոլորտ ստեղծելու տեսակէտէն։ Այս շէնքը, ատենօք, կը պատսպարէր հայ որբ ու չքաւոր մանուկներ, մանաւանդ՝ ամառնային շրջանին։ Շէնքը, 1936ի օրէնքներու պատրուակին տակ՝ պետութեան կողմէ գրաւուեցաւ, իսկ 1987ին Բարձրագոյն ատեանը հաստատեց բռնագրաւումը, որմէ ետք շէնքը պարապ մնաց, իսկ հայկական կողմին բացած դատը ձախողեցաւ եւ շէնքը չվերադարձուեցաւ։ Շէնքը վերջերս գնուեցաւ Էրհան Այտընլարի կողմէ։
Այս առթիւ, Կարօ Փայլան ըսաւ, թէ այս քայլը ցոյց կու տայ, որ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, եւ շեշտեց, որ մինչ հայերէն շատ այլ արժէքաւոր կալուածներ բռնագրաւուած են, այս շէնքը խորհրդանշական կարեւորութիւն մը ունի։ «Պետութիւնը եթէ իսկապէս կ՛ուզէ առերեսուիլ անցեալին հետ, ամէնէն առաջ պարտի հրաժարիլ այս շէնքը քանդելէ։ Ասիկա կրնայ վերածուիլ յիշողութեան կեդրոնի մը, ուրկէ կրնան օգտուիլ ո՛չ միայն հայ մանուկները, այլեւ Թուրքիոյ բոլոր մանուկները», աւելցուց ան։
Կարօ Փայլան կոչ ըրաւ նաեւ շէնքի սեփականատէրերուն՝ ըսելով, որ որքա՛ն ալ արժէքաւոր ըլլայ այս հողամասը, անոր տէրերը պէտք չէ քանդեն հազարաւոր երեխաներու աշխատանքն ու յիշողութիւնը։
Հրանդ Տինքի այրին՝ Ռաքէլ Տինք, որ նմանապէս վայելած է ճամբարին բարիքները, դատապարտած է շէնքը քանդելու որոշումը՝ զայն կապելով Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման։