ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, Մայիս 20ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, տեղի պիտի ունենայ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի (Նիւ Եորքէն) պատրաստած «The Martyred Armenian Writers 1915-1922» անգլերէն գիրքին ներկայացումը։
Հատորին սկիզբը ներկայացուցած է պատմական ակնարկ մը հայ ժողովուրդին ու անոր պատմութեան մասին, ներառեալ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Ցեղասպանութեան ճանապարհին նահատակուած հայ գրողներու տխուր պատմութիւնը, ապա դոկտ. Մարգարեան անգլերէն թարգմանութեամբ կը ներկայացնէ նահատակ հեղինակերու ստեղծագործութիւններէն ծաղկաքաղ մը:
Դոկտ. Մարգարեան հատորը պիտի ներկայացնէ սահիկներու ընկերակցութեամբ:
Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Հայ երիտասարդական կեդրոնին մէջ՝ 211 West Chestnut St., Glendale, CA 91204։