ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ուաշինկթըն կատարած աշխատանքային այցելութեան առաջին օրը սկսած է Ծերակոյտին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումով, որուն մասնակցած են Արիզոնայէն ընտրուած Ճոն ՄըքՔէյն, Ռոտ Այլընտէն ընտրուած ծերակուտական Ճեք Ռիտ եւ Նիւ Ճըրզիէն ընտրուած ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզ, ինչպէս նաեւ Ծերակոյտի Հանրապետական մեծամասնութեան ղեկավար Միթչ ՄըքՔանըլ:
«Արմէնփրէս», վկայակոչելով «Ամերիկայի Ձայն»ը՝ կը յայտնէ, որ անկէ ետք նախագահ Սարգսեան ուղղուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցած է Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի հետ։
Այցելութեան երկրորդ օրը նախագահ Սերժ Սարգսեան պիտի այցելէ Ուաշինկթընի Ողջակիզումի թանգարան, Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի գրադարան, ուր պիտի ծանօթանայ գրադարանի հայկական ցուցանմոյշներուն: Այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահը պիտի հիւրընկալուի «Ուաշինկթըն Փոս»չ թերթի գրասենեակին մէջ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ թերթի խմբագրական խորհուրդին հետ։ Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած են նաեւ հանդիպումներ հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն եւ Միացեալ Նահանգներու հայկական գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ։ 7 Մայիսին Սերժ Սարգսեան Ուաշինկթընի ազգային տաճարին մէջ պիտի մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած միջկրօնական աղօթքին, որուն ընթացքին խօսք պիտի արտասանէ։
Հայաստանի նախագահի աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ պիտի ստորագրուի նաեւ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտուրի եւ ներդրումներու մասին համաձայնագիրը, որ պիտի նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի եւ ներդրումներու ընդլայնման, նաեւ փտածութեան դէմ պայքարին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.