Հակաիսլամական կազմակերպութեան մը կողմէ Թեքսասի մէջ կազմակերպուած Մուհամմատ մարգարէի երգիծանկարները գծելու մրցումի մը վրայ յարձակած երկու զինեալներ ոստիկաններու կողմէ սպաննուեցան Մայիս 10ին։ Վիրաւորուեցաւ նաեւ պահակ մը։ Ցարդ կարելի չէ եղած զինեալներուն ինքնութիւնը ճշդել։ Միջադէպը տեղի ունեցաւ Տալասի Կարլընտ արուարձանին մէջ։ Ձեռնարկը իրականացուցած հրէական կազմակերպութիւնը վերջին քանի մը տարիներուն հակաիսլամական շարք մը քարզոչական արշաւներ կատարած է Նիւ Եորքի, Սան Ֆրանսիսքոյի եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, արժանանալով մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններու դատապարտումին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.