ՍՈԼԹ ԼԷՅՔ ՍԻԹԻ.- Ապրիլ 21ին, Եութա նահանգի կառավարիչ Կերի Հըրպըրթ յայտարարութիւն մը ստորագրեց, Ապրիլ 24ը հռչակելով՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակութեան Օր»:
Այս առիթով, Եութա այցելած առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հանդիպում ունեցաւ կառավարիչին հետ եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց անոր:
Առ ի գիտութիւն, Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Եութայի վերջին յատարարութիւնը ստորագրուած էր նահանգի 14րդ կառավարիչ Մայքըլ Լիվիթի կողմէ:
Սրբազանը իւրայատուկ ոճով իր պատգամը փոխանցեց պետական պաշտօնեաներուն: Սրբազան հօր ընկերացած են Եութայի հայ համայնքի ղեկավարները: