ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Ռմբահարուած է Հալէպի հայոց հոգեւոր մեծ կեդրոն հանդիսացող՝ Սրբոց Քառասնից Մանկանց հոյակերտ եկեղեցին, որ հոգեւոր սնունդ ջամբած է հալէպահայ մեղուաբոյնին միջնադարու դժուարին ժամանակներէն ի վեր: Ան նաեւ եղած է Ցեղասպանութեան ճանկերէն ազատուած հայու բեկորներու ապաստանը Մեծ Եղեռնի տարիներուն: Յստակ է, որ ոճրային այս արարքը պատերազմի բովին մէջ պատահականօրէն տեղի ունեցող աւերներէն մէկը չէ: Ահաբեկչական կանխամտածուած գործողութեան մը բոլոր ստորոգելիներով յատկանշուող բռնարարք մըն է ասիկա, ուղղուած՝ հայութեան դէմ: Ասիկա պատերազմ չէ Սուրիոյ վարչակարգի ուժերուն դէմ: Այստեղ կը գործեն այլ դիտաւորութիւններ եւ այլ ուժեր, որոնք մարզուած եւ զինուած են Թուրքիոյ կողմէ եւ կը ղեկավարուին նոյնինքն Թուրքիոյ գործակալներուն կողմէ:
Նախ՝ Տէր Զօրի Հայոց եկեղեցին եւ Սրբոց Նահատակաց յուշարձանը, յետոյ՝ Հալէպի հայ կաթողիկէ Մայր եկեղեցին ու այժմ՝ Սրբոց Քառասնից Մանկանց պատմական տաճարը… որոնց ռմբահարումը կը զուգադիպի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Պարզ է, որ ահաբեկչական ծրագիրի մը յաջորդական փուլերն են ասոնք, գործադրուած՝ պետութեան մը կողմէ, որ այսօր Արեւմուտքի՛ իսկ գիտակցութեամբ, հիւսիսային Սուրիան կը գործածէ որպէս իր ռազմադաշտը եւ հայութեան հետ իր հաշիւները կը յուսայ մաքրել պատերազմական այդ քաոսին մէջ:
Ապրիլ 24ին արտասանուած Էրտողանի «ողոքի»չ խօսքերուն ետին, այս մերկ իրականութիւնն է, որ կը գործէ: