ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».– Գիւմրիի մէջ գտնուող Սայաթ Նովայի անունը կրող պողոտային վրայ անոր արձանը տեղադրելու փափաք գոյութիւն ունեցած է խորհրդային տարիներէն: Բաւական երկար ժամանակ ետք այդ գաղափարը այսօր իրականութիւն դարձաւ: Այդ նպատակով Գիւմրիի քաղաքապետարանը՝ աւագանիի որոշումով, 7 միլիոն դրամ տրամադրած է, յայտարարուած էր մրցում, որուն ընթացքին ընտրուած է քանդակագործ Արտուշ Պապոյեանի առաջարկը:
Պրոնզաձոյլ արձանի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 1 Մայիսին՝ զուգորդուած մայիսմէկեան համաքաղաքային այլ տօնակատարութիւններով:
Արձանի հեղինակ, քանդակագործ Արտուշ Պապոյեան «Հետք»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ քանդակելու ընթացքին փորձած է կերպարին առաւելաբար փոխանցել դպրոցական տարիներուն մեծ քնարերգուէն ստացած տպաւորութիւնները: «Ես քանդակել եմ իմ Սայաթ Նովային, որ յոյս ունեմ կը սիրուի քաղաքի բնակչութեան կողմից եւ կը դառնայ իրենցը: Ինչպէս յայտնի է, Սայաթ Նովայի իրական լուսանկար գոյութիւն չունի: Շատ տարածուած է նկարիչ Հրաչեայ Ռուխկեանի նկարների շարքը: Ես աւելի շատ քանդակել եմ պօէտ, քան թէ աշուղ Սայաթ Նովային: Փորձել եմ ստանալ նրա լիրիկական կերպարը», նշած է քանդակագործը:
Պրոնզաձոյլ արձանի աշխատանքները տեւած են երկու ամիս: Ի սկզբանէ անիկա պէտք է աւելի մեծ ըլլար, սակայն տրամադրուած գումարին չափը եւ տեղադրման վայրը քանդակագործին համար որոշ սահմանափակումներ ստեղծած են: Փողոցի բաւական բանուկ հատուածին մէջ տեղադրուած արձանը պէտք չէ խանգարեր երթեւեկը, եւ տեսադաշտ փակելու խնդիր պէտք չէ ծագեր. ահա այսպիսի խնդիր կար քանդակագործին դիմաց, սակայն, ըստ պատուիրատուներուն, բոլորն ալ յաջողութեամբ լուծուած են:
Նշենք, որ Արտուշ Պապոյեանի հեղինակած երկու հսկայական գործերը՝ «Հայուհին» եւ «Վարդանանց» արձանախումբը, կը գտնուին քաղաքի երկու մեծ հրապարակներուն վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Gyumrium irar djardum en .Sayat Novai ardzane inch petke nrants.