
ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԵՒԻՐԵԱՆ
Երէկ մեծ հպարտութեամբ հայկական Ցեղասպանութեան նիւթով ժապաւէն մը ըմբոշխնելու եւ ինչու չէ նաեւ քաջալերելու ակնկալութեամբ, ընտանեօք գացինք դիտելու «1915»ը, հեղինակութեամբ եւ բեմադրութեամբ Կարին Յովհաննէսեանի եւ Ալէք Մուհիպեանի:
Սակայն, ժապաւէնի աւարտին, առաջին հակազդեցութիւնս «անպէտք», քիչ ետք, աւելի արժեւորելու համար «պարտուողական» կեցուածքի ժապաւէն կոչեցի զայն:
Բարձրաձայնեցի զաւակներուս դիմաց, թէ նախ պէտք էր ես առանձին դիտէի ժապաւէնը, ապա հաստատէի թէ պէտք չէ զիրենք ալ բերէի, որ դիտեն զայն, այն պարզ ենթադրութեամբ, որդաստիարակչական նպատակ պէտք է հետապնդէր անիկա, սակայն հակառակը պատահեցաւ:
Այժմ, քիչ մը մանրամասնեմ, թէ ինչի կը վերաբերի թաւագլոր անկումը հպարտութենէս դէպի յուսախաբութիւն:
Ժապաւէնի լրիւ պատմութիւնը չեմ ուզեր պատմել: Երկու խօսքով՝ հոգեբանական կացութիւններու ներկայացում մըն է ան, բազմաժամանակ անցուդարձերու վրայ հիմնուած (1915ի տեղահանութիւն-գաղթերթ, զաւակը կորսնցնելու դէպք՝ ներկայէն 7 տարի առաջ, եւ ներկան՝ 1915ի նիւթով թատերախաղի մը պատրաստութեան աշխատանքները), որոնց մէջ հայ կինը, իր (միայն իր) ֆիզիքական ապահովութեան (1915ին), եւ ներկայի միւս երկու ժամանակներուն իր հոգեկան
տառապանքներուն փրկութիւնը կը գտնէ՝ նախ թուրք սպային հետ փախուստ տալուն մէջ (1915ին), անշուշտ զայն սիրելէ ետք, ապա օտարազգի դերասանին հետ սիրահարուելով միանալուն մէջ, ձգելով իր բեմադրիչ հայ ամուսինը (ներկայ ժամանակին մէջ): Պէտք էր վատ, կաշկանդող յիշատակները լքել եւ առաջ ընթանալ, որ փրկութիւն գտնէ ան…
Խնդրայարոյց չեն հեղինակներուն այս ընտրութիւնները, այլ պարտուողական, որովհետեւ Ցեղասպանութեան ընթացքին մեր «մայրերը» եւ «քոյրերը» (բոլորն ալ հերոսներ, եւ այժմ սուրբեր) այդ ընտրութիւնը չկատարեցին, իսկ փոքրաթիւ կատարողներն ալ բռնի ուժով ու առեւանգումով միայն: Իսկ նորօրեայ մեր մայրերը արկածի պատճառով իրենց կորուստներուն դարմանները (թէեւ հոգեբան չեմ), իրենց հայ ամուսինը օտարազգիին համար լքելուն մէջ չեն փնտռեր:
Բայց ինչո՞ւ շեշտել օտարազգին, մանաւանդ ժապաւէնի մակարդակով: Մենք արդէն, Սփիւռքի տարածքին, բոլորս, մեր զաւակները օտարամոլութեան յորձանուտէն հեռու պահելու համար ամէնօրեայ եւ անհաւասար պայքարի մէջ ենք: Եւ գալ ու այդ մեր պայքարի յետընթացը արդարացնել – նուիրականացնել 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը շահարկող ժապաւէնի մը մէջ, մեր ազգային նպատակներուն չի ծառայեր. թերեւս հեղինակներուն՝ ինծի համար անհասկնալի, նպատակներուն կը ծառայէ, բայց ո՛չ մեր նուիրականացուցած նպատակներուն:
նորահաս, Սփիւռքի տարածքին մեծցող սերունդներուն ուղղուած այս տեսաժապաւէնին անունէն գոնէ կը կարծէի, թէ քարոզչական՝ հայապահպանումի եւ պահանջատիրութեան նուազագոյն պատգամ մը տրուէր. դժբախտաբար հակառակը կը շեշտուի որպէս լուծում կամ ելք, թէկուզ թէ տագնապին միւս երեսն ալ կը ներկայացուի:
Փոքր փակագիծով մը ակնարկ նետեմ Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» տեսաժապաւէնին, ուր նմանօրինակ հոգեբանական-ընկերաբանական իրավիճակի երկուութիւն նոյնպէս խնդրոյ առարկայ էր (ապրիլ ապազգային մեր ներկայ կեա՞նքը, թէ միշտ յիշել Ցեղասպանութիւնը ու անոր հետեւանքները կրելով, ապրիլ չարչարուած): «Արարատ»ին մէջ պարտուողականութիւն չկար:
Իմ մտահոգութիւնները, ինչպէս կը տեսնէք, կ՛առնչուին բովանդակութեան: Թեքնիք մարզերուն մասնագէտը չեմ, սակայն համեստ ակնարկով՝ բոլոր դերասաններու կատարումը, երաժշտութիւնը, բեմադրութիւնը արհեստավարժ մակարդակի էին:
Հայոց Պատմութեան ու Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող ժապաւէններ, մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, պատրաստելը շատ կարեւոր է, թէ՛ արտաքին քարոզչութեան եւ թէ ներազգային դաստիարակութեան համար, որովհետեւ մեր նորահաս սերունդը այլեւս գրեթէ չի կարդար, կը նախընտրէ դիտել:
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի վերջին քանի մը շաբաթներուն մեր ժողովուրդի տարած մեծ յաղթանակներուն (գոնէ մեզի համար) լոյսին տակ (Վատիկանի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած պատարագն ու Ֆրանսիս պապի ելոյթը, Եւրոխորհրդարանի բանաձեւը, Ա. Աշխարհամարտի Թուրքիոյ դաշնակիցներէն մէկուն՝ Աւստրիոյ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը, իսկ միւսին՝ Գերմանիոյ ճանաչումի գործընթացին գրեթէ աւարտին հասնիլը, Լոս Անճելըսի մեր ժողովուրդին հարիւր հազարանոց, ցարդ աննախադէպ, Արդարութեան Քայլարշաւը, եւ Երեւանի Ապրիլ 24ի օրուան նախաձեռնութիւնները ու անոնց քաղաքական մակարդակով Թուրքիոյ կազմակերպած Կալիփոլիի տօնակատարութեան ու ընդհանրապէս Թուրքիոյ վարկազրկումը) եւ անոնց բոլորին կազմակերպողներուն պատգամած ու մասնակցողներուն սպասած բազմամակարդակ հատուցումի դիմող պայքարի աստիճանաչափի բարձրացումին համապատասխանող բովանդակութիւն չի ներկայացներ «1915» ժապաւէնը: