ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութեամբ մասնակցելու նպատակով 2-4 Մայիսին Ստեփանակերտ պիտի գործուղուի Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Ազգային ժողովի լրատուական ծառայութեան համաձայն՝ պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Արմէն Ռուստամեան, Կարինէ Աճէմեան, Շուշան Պետրոսեան, Ռոբերտ Սարգսեան, Յովհաննէս Սահակեան, Ռուբէն Յակոբեան, Լեւոն Զուրաբեան, Մհեր Շահգելդեան, Վահան Բաբայեան, Ռուզաննա Մուրադեան, Ալեքսանդր Արզումանեան, Միքայէլ Մանուկեան, Մարգարիտ Եսայեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.