ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ապրիլ 24ի շաբաթավերջը պատմական օրեր արձանագրեց ոչ միայն հայութեան, այլ նաեւ աշխարհի պատմութեան մէջ, որովհետեւ հոգեւոր եւ պետական պատասխանատուներ եւ մամուլը, հայութեան հետ միասին, ոգեկոչեցին Ցեղասպանութեան 100ամեակը, խոնարհեցան մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն յիշատակին եւ ձայնակից եղան մեր՝ «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» նշանաբանին:
Արեւմտեան թեմը լիարժէք կերպով մասնակից էր Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման, որ արտայայտութիւն գտաւ եկեղեցական արարողութիւններով, քաղաքական հաւաքներով, մշակութային ձեռնարկներով, բայց մանաւանդ՝ «Արդարութեան Քայլարշաւ»ով: Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, հոգեւորականաց դասու եւ Ազգային վարչութեան անդամներ անձամբ կամ ներկայացուցիչներով մասնակից եղան բոլոր նախաձեռնութիւններուն:
Գաղութային նախաձեռնութեանց մասին հակիրճ տեղեկագրումէ առաջ, արձանագրենք, որ Ապրիլ 23ի առաւօտուն, սրբազանին ու Կրօնական ժողովին տնօրինումով, թեմի եկեղեցիներուն զանգերը արձագանգեցին Էջմիածինի եւ Անթիլիասի Մայր տաճարներու զանգերու ղօղանջին, երբ Ցեղասպանութեան նահատակներու հաւաքական սրբադասումի արարողութեան աւարտին, տրուեցան զանգի 100 հարուածներ: Նոյն պահուն, աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն մէջ հայկական եւ ոչ հայկական բազմաթիւ եկեղեցիներու զանգերը կ՛արձագանգէին իրարու: Թեմին մէջ, կարգ մը դպրոցներու աշակերտներ նոյն օրը իրականացուցին յատուկ յուշահանդէսներ:
Ապրիլ 23ի կէսօրին, առաջնորդը, հոգեւոր հայրերու Ազգ. վարչութեան անդամներ Հայաստանի հիւպատոսարանին մէջ ներկայ եղան հայկական դրօշի կէս պարզումի արարողութեան, իբրեւ յարգանքի արտայայտութիւն՝ Ցեղասպանութեան նահատակներուն, իսկ յետմիջօրէին, անոնք ներկայ եղան Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի շրջափակին մէջ կազմակերպուած ոգեկոչական ձեռնարկի մը, որուն ընկերացաւ ծառատնկում, ի յիշատակ Ցեղասպանութեան նահատակներուն:
Ապրիլ 23ի երեկոյեան, առաջնորդը Ս. պատարագ մատուցեց Ս. Ղեւոնդեանց տաճարին մէջ, Պըրպենք: Միացեալ պատարագին մասնակից էին հայկական բոլոր յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդները, պետական, դիւանագիտական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ:
Հաւատացեալներուն ուղղուած իր սրտի խօսքին մէջ, առաջնորդը գոհունակութիւն յայտնեց, որ շրջանի հայկական երեք յարանուանութեանց առաջնորդներն ու հոգեւորականները, գաղութի մարմիններն ու միութիւնները միասնական կեցուածքով ներկայ են Ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման միացեալ պատարագին: Ան նշեց, որ երկու վեհափառ հայրապետներուն գլխաւորութեամբ, Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցած է Ցեղասպանութեան նահատակներուն հաւաքական սրբադասումը։ «Ուրեմն, մեր նահատակները այսուհետեւ իբրեւ երկնային զօրքեր, պիտի ըլլան մեր պաշտպանները եւ մենք անոնց բարեխօսութեան պիտի դիմենք մեր աղօթքներով: Մենք մեր երթը պիտի շարունակենք աննահանջ, մինչեւ արդարութեան եւ ճշմարիտ խաղաղութեան իրականացումը», շեշտեց ան:
Պատարագէն ետք, հոգեւորականաց դասն ու հաւատացեալները խմբուեցան տաճարի շրջափակին մէջ կանգնած Նահատակաց յուշակոթողին առջեւ, ուր տեղի ունեցաւ սրբոց նահատակաց յատուկ արարողութիւն: Նշենք, որ նահատակներու սրբադասումէն ետք, մեր եկեղեցին այսուհետեւ անոնց համար հոգեհանգիստ պիտի չկատարէ: Նոյն գիշերը, Մոնթեպելլոյի յուշարձանին առջեւ եւ Կլենտէյլի մէջ տեղի ունեցան երիտասարդական հսկումները:
Ապրիլ 24ի առաւօտուն, Հոլիվուտի մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած հրապարակի բացման արարողութիւնը, նախաձեռնութեամբ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին: Այնուհետեւ, Հոլիվուտէն ծայր առաւ «Արդարութեան Քայլարշաւ»ը, որ հոգեւոր առաջնորդներու, դիւանագիտական ու պետական ներկայացուցիչներու գլխաւորութեամբ, ուղղուեցաւ դէպի թրքական հիւպատոսարան. քայլարշաւը սկսաւ աղօթքով, կիրարկուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը. արտասանուեցան պաշտօնական խօսքեր: Հաւաքական երթին միացան աւելի քան 130,000 հոգի, բարձրացնելով արդարութեան ձայնը: Քայլարշաւը տեղի ունեցաւ հայավայել կամքով, կարգապահութեամբ եւ մեր աննահանջ կամքն ու յանձնառութիւնը դրսեւորող ընթացքով: Հիւպատոսարանին առջեւ արտասանուեցան ոգեկոչական ու պահանջատիրական խօսքեր:
Նշենք, որ նոյն օրը, Ֆրեզնոյի, Սան Ֆրանսիսքոյի, Լաս Վեկասի եւ Քոլորատոյի մէջ եւս տեղի ունեցան ոգեկոչական ձեռնարկներ:
Ապրիլ 25ին, սրբազանը, հոգեւոր հայրեր ու Ազգ. վարչութեան անդամներ մասնակից եղան Մոնթեպելլոյի յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցած քաղաքական հաւաքին:
Ապրիլ 26ի երեկոյեան, սրբազանը, հոգեւորականաց դասն ու Ազգ. վարչութեան անդամներ ներկայ եղան Կլենտէյլի քաղաքապետութեան կողմէ «Ալեքս» սրահին մէջ կազմակերպուած գեղարուեստական յուշահանդէսին, նուիրուած՝ Ցեղասպանութեան 100ամեակին:
Ապրիլ 28ի առաւօտուն, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայքըլ Անթոնովիչի նախաձեռնութեամբ, վերահսկիչներու խորհուրդի նիստը յատկացուած էր Ցեղասպանութեան յիշատակման: Ժողովը որդեգրեց բանաձեւ մը, որ Ապրիլ 24ը կը ճանչնայ իբրեւ 1915էն 1923 ինկած զոհերուն յիշատակի օր: Յանուն առաջնորդին՝ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիւանեան եւ Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան ներկայ եղան ժողովին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.