ՊԸՐՊԵՆՔ.- Նոր Կիրակիի օրը՝ Ապրիլ 12ին, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագ մատուցեց ծուխի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան: Արարողութեանց հանդիսապետեց թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան:
Պատարագին ներկայ էին Լոս Անճելըսի Այնթապցիներու մշակութային միութեան վարչութիւնը եւ անդամները:
Սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման, ինչպէս նաեւ Այնթապի հերոսամարտի 95ամեակին եւ գնահատեց Այնթապցիներու մշակութային միութեան կատարած ազգանուէր ծառայութիւնները եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց անոր:
Այնթապի հերոսամարտի 95ամեակին առթիւ, պատարագի աւարտին առաջնորդին հանդիսապետութեամբ հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն կատարուեցաւ Այնթապի հերոսամարտի նահատակներու հոգիներուն համար:
Պատարագի աւարտին, առաջնորդարանի «Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ եւ գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր մը: Սոյն ձեռնարկը կազմակերպուած էր Այնթապցիներու մշակութային միութեան կողմէ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ միութեան ատենապետ Աւետիս Տէմիրճեան: Ամերիկեան եւ հայկական քայլերգները կատարեց Անահիտ Ներսիսեան: Բացման եւ բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ հանդիսավար Թագուհի Արզումանեան: Ապա սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց եւ իր սրտի խօսքը փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հայրը:
Ապա, «Լարք»ի «Տաւիղ» պարախումբը խանդավառեց ներկաները: Ճոխ յայտագիրը շարունակուեցաւ, երբ Թագուհի Արզումանեան ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ փրոֆ. Գէորգ Պարտագճեանը, որ ամփոփ եւ իմաստալից պատգամ մը փոխանցեց հիւրերուն:
Ձեռնարկի աւարտին, 101 տարեկան Եւնիկէ Սալիպեան յուշատախտակով մը պարգեւատրուեցաւ Աւետիս Տէմիրճեանի կողմէ:
Փակման աղօթք կատարեց Սիփան Ա. քհնյ. Մխսեան: Ապա ներկաները միաբերան երգեցին Այնթապի հերոսամարտի քայլերգը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.