
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Երկար բացակայութենէ ետք, առաջին անգամ ըլլալով, ազգային աւանդական մեր զոյգ քաղաքական կազմակերպութիւնները՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն ու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կազմակերպեցին քայլարշաւ ու հաւաք Ապրիլ 24ի օրը: Պահանջատէր ու գաղափարապաշտ մեր երիտասարդութիւնը հաւաքուեցաւ Նիւ Եորքի առաջնորդանիստ Ս. Վարդան ու Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցիները, ուր տեղի ունեցան պատարագ եւ մասնաւոր արարողութիւն Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբագործութեան նուիրուած:
Այնուհետեւ, ՌԱԿի ղեկավարութեան առաջնորդութեամբ՝ Ս. Վարդան Մայր տաճարէն (34րդ փողոց) եւ ՀՅԴի ղեկավարութեամբ՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր տաճարէն (27րդ փողոց) երիտասարդութիւնը քալեց, եւ երկու խումբերը միացան Երրորդ պողոտայի վրայ՝ կազմելով միացեալ քայլարշաւ մը, «Հայեր, միացէք» ժողովրդական երգի խանդավառ մթնոլորտին մէջ: Քայլարշաւին կը մասնակցէին առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, Անուշաւան եպս. Դանիէլեան, Բաբգէն Ծ. վրդ Անուշեան եւ երկու թեմերէն քահանայ հայրեր: Քայլարշաւը կ՛առաջնորդէին զոյգ կուսակցութեանց պատասխանատու ընկերները: ՀՄԸՄի սկաուտներ ամերիկեան, հայկական ու զոյգ կուսակցութեանց դրօշակներով կը մասնակցէին քայլարշաւին Նիւ Եորքի փողոցներէն, մինչ 3000ի հասնող ցուցարարները ամուր բռնած այս առթիւ պատրաստուած լոզունգներով ցուցատախտակները, բացականչութիւններով կը հետեւէին երթին, ՀԵԴ երիտասարդներու հսկողութեամբ:
Թրքական հիւպատոսարանի խաչմերուկին վրայ, ամենայն կարգապահութեամբ, ցուցարարները՝ հաւաքուած իրենց բողոքի արտայայտութիւններով, ուշադրութեան կը հրաւիրէին այս մեծ ոստանի բնակիչները: Ամերիկեան եւ հայկական հիմներէն ետք, հայրենասիրական երգերով ոգեւորուած՝ մեր երիտասարդութիւնը շարունակեց իր արդար պահանջները ներկայացնել, մինչ այդ, դիմացի մայթին վրայ հաւաքուած տասնեակ մը թուրքեր թրքական դրօշակ պարզած կը ջանային ուադրութեան առարկայ դառնալ: Թուրք երիտասարդ մը կը յարձակի ցուցարար հայու մը վրայ ու կը վիրաւորէ զայն: Ոստիկաններ կը ձերբակալեն թուրք երիտասարդը ու զայն ոստիկանատուն կ՛առաջնորդեն, մինչ վիրաւոր հայը՝ հիւանդանոց: Թուրքը իր թրքութիւնը պիտի ընէ 21րդ դարուն եւս: Թուրքը թուրք է… ան ըլլայ օսմանցի, իթթիհատական թէ քեմալական, վերջապէս՝ նոյն թուրքը:
Նախապէս հիւպատոսարան իմաց տրուած էր, որ հռչակագիր մը պիտի յանձնուի հիւպատոսին: Երկու կուսակցութեանց ներկայացուցիչները սկաուտներու ընկերակցութեամբ յանձնեցին այդ թղթածրարը դեսպանատան մէկ ներկայացուցիչին:
Մինչ այդ, երիտասարդներ՝ պողոտային վրայ պառկած ու յուշատախտակներ դրած, խորհրդանշական պատկերը տուին մեր նահատակներուն՝ յուզելով ներկաները:
Յանուն ՀՅԴի խօսք առաւ Նիւ Եորքի «Արմէն Գարօ» կոմիտէի հերթապահ Վալոտ Աթախանեան եւ ՌԱԿի Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի «Արմէնական-Յովսէփեան» ակումբի ատենապետ Նորայր Մկրտիչեան:
Հուսկ, հոգեւոր հայրերու առաջնորդութեամբ երգուեցաւ Տէրունական աղօթքը:
Գաղափարապաշտ ու պահանջատէր մեր երիտասարդութիւնը անգամ մը եւս ուխտեց, թէ տէրն է մեր սրբազան իրաւունքներուն ու բռնագրաւուած մեր հողերուն: