Ապրիլ 24ի կէսօրին սկսաւ Պոսթընի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկը: Առաջին հերթին, հոծ բազմութիւն մը ուղղուեցաւ Նահանգի տուն, ուր խօսք առին յաջորդաբար ներկայացուցիչ Ճանըթըն Հեքթ, ծերակուտական Հերիէթ Չենտլըր, ներկայացուցիչ Ռապըրթ Տը Լիօ, կառավարիչ Չարլզ Պէյքըր, ներկայացուցիչ Տէյվիտ Մուրատեան եւ Միտըլսեքսի շերիֆ՝ Փիթըր Գութուճեան:
Ապա ներկաները ուղղուեցան Հայոց ժառանգութեան այգի, ուր Ճէյմզ Գալուստեան կատարեց բացումը օրուան հաւաքին:
Քոնկրեսական Մայքըլ Քափուանօ խօսք առաւ եւ յայտնեց իր ցաւակցութիւնը, ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս Տիգրան Խալիկեանը:
Տպաւորիչ խօսքերով ան յայտնեց, թէ այսօր, հարիւր տարիներ անց, հայ ժողովուրդի արդար եւ իրաւական Դատը ոչ մէկ ձեւով չէ խախտած: «Այսօրուան դրութեամբ պէտք եղածը ոչ միայն ճանաչումն է Թուրքիոյ պետութեան կողմէ, այլեւ՝ հայ ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ իրաւական եւ պատմական իրադարձութիւններու գիտակցութիւնը», շեշտեց ան:
Կատարուեցաւ պատարագ, եւ ապա ծերակուտական Էլիզապէթ Ուարըն փոխանցեց իր սրտի խօսքը:
Երիտասարդութեան խօսքը փոխանցեցին Արմինէ Աֆէեան, Գառնի Արմէնեան եւ Բալիկ Մուրատեան: Ապա, յանձնախումբի անունով խօսք առին Արա Նազարեան եւ Ճորճ Պարմաքեան:
Ձեռնարկը հարուստ էր գեղարուեստական յայտագիրով, ուր ելոյթ ունեցան սոփրանօ Նունէ Կարապետեան, «Սայաթ Նովա» պարախումբը, Մարթին Յարութիւնեան (տուտուկ), «Մարուխեան Եռեակ»ը, Ճոն Պապոյեան (կիթառ) եւ Լեւոն Ճանիկեան (աւագասրինգ):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.