ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մայիս 1 է այսօր։ եւ ամբողջ երկրագունդի տարածքին, բացառութեամբ հիւսիսային Ամերիկայի, աշխատանքը դադար կ՛առնէ, եւ մարդկութիւնը կը տօնէ Աշխատանքի ու Աշխատաւորութեան միջազգային օրը:
Թէեւ հնադարեան ժամանակներէն մարդկութիւնը տօնած է Մայիս ամսու գալուստը իբրեւ ծաղկումի եւ կենսուրախութեան հեթանոսական տօն, բայց ժամանակակից աշխարհը հիմնովին տարբեր գաղափարական խորքով կը նշէ Մայիսի առաջին օրուան տարեդարձը:
Մայիս 1ի մերօրեայ խորհուրդը ուղղակի կապուած է մարդու աշխատանքին եւ աշխատաւոր մարդոց ազատագրութեան մեծ շարժումին, այլեւ աշխատաւորական իրաւունքներու պաշտպանութեան քաղաքական պայքարին հետ:
125 տարի առաջ սկսաւ Մայիս 1ի ժամանակակից իմաստով նշումը եւ բնաւ տօնախմբումի տրամադրութիւններով չսկսաւ: 1890ի Մայիս 1ին, յատկապէս Եւրոպայի տարածքին, աշխատաւորական կազմակերպութիւնները եւ յեղափոխական կուսակցութիւնները (ընկերվարական, անիշխանական թէ ազատախոհական) փողոց իջան եւ ցոյց կատարեցին՝ ութժամեայ աշխատանքային օրուան եւ ընդհանրապէս աշխատաւորական կեանքի պայմաններու բարելաւման պահանջով:
Յատկապէս աշխատաւորներու եւ աշխատաւորական կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ կատարուած առաջին այդ Մայիս 1ի ցոյցերը այդպէս՝ պատահական կամ ինքնաբուխ կերպով չեղան:
Ոչ ալ Մայիս 1ի օրը ընտրուած էր այդպէս՝ պատահականօրէն:
Տարի մը առաջ, 1889ի Յուլիսին, Ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան հարիւրամեակին առիթով, գումարուած էր Ընկերվար Միջազգայնականի (պատմութեան ծանօթ իբրեւ Երկրորդ Միջազգայնական) հիմնադիր ժողովը, որ յետագայ իր գործունէութեան վերաբերեալ որոշումներու շարքին՝ Մայիս 1ը հռչակեց իբրեւ աշխատաւորական շարժումներու միջազգային զօրակցութեան օր:
Միջազգայնականի այդ որոշումն էր, որ ի գործ դրուեցաւ 1890ին, Եւրոպայի տարածքին, իսկ այնուհետեւ՝ տասնամեակներու ընթացքին շարունակ նշուելով, վերածուեցաւ Միջազգային օրուան:
Աւելի՛ն. Մայիս 1ին աշխատաւորական իրաւունքներու պաշտպանութեան ի նպաստ զօրակցութեան շարժումի իմաստ տալու գաղափարը կը բխէր այն իրողութենէն, որ ովկիանոսներէն անդին՝ Նոր Աշխարհի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն) մէջ, արդէն ծաւալուն բնոյթ ստացած էր աշխատաւորական պայքարը, որուն թիկունք կանգնելու եւ Հին Աշխարհը եւս նոյն հունով շարժման մէջ դնելու հաստատակամութիւնը դարձած էր Ընկերվար Միջազգայնականի քաղաքական օրակարգին առաջնահերթ խնդիրը:
Պատմութենէն ծանօթ է, որ 19րդ դարավերջին աշխատաւորական շարժումը ակնբախ յառաջխաղացք արձանագրած էր Մ. Նահանգներուն մէջ:
Օգտուելով ազատ մտածողութեան եւ քաղաքացիական ազատ գործունէութեան առումով, Եւրոպայի համեմատ, ամերիկեան նահանգներուն մէջ տիրող աւելի ձեռնտու պայմաններէն, 1886ի Մայիս 1ին եւ անոր յաջորդող առաջին քանի մը օրերուն, Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական եւ գաղթականական կեդրոնացման քաղաքներէն Շիքակոյի մէջ աշխատաւորները փողոց իջած էին եւ ցոյցերու միջոցաւ կը պահանջէին, որ օրէնքով նուիրագործուի ութժամեայ աշխատանքային օրուան իրենց պահանջը:
1886ի Մայիս 4ին, Շիքակոյի Հէյմարքէթ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ցոյցը շատ բազմամարդ եւ բուռն եղած էր՝ ոստիկանութեան հետ առճակատման երթալու իմաստով: Անորոշ կողմէ ռումբ նետուած էր ցոյցին հսկող ոստիկանութեան վրայ՝ զոհեր խլելով ոստիկաններէն, որոնք անմիջապէս կրակ բացին ցուցարարներուն վրայ եւ պատճառ դարձան 8 մեռեալի եւ տասնեակներով վիրաւորներու: Անշուշտ օրին դատ–դատավարութիւն տեղի ունեցաւ, բայց դատարանը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց, ռումբի արձակման բուն պատասխանատուները յայտնաբերելու փոխարէն, ցոյցի կազմակերպիչներուն քաղաքական համոզումներուն քննարկման եւ բացայայտման վրայ, ինչ որ քաղաքականացուց աշխատաւորական շարժման բնոյթն ու էութիւնը:
Նոյն պատճառով ալ, Մ. Նահանգներու օրուան նախագահը՝ Քլիվլընտ փութաց զօրակցելու ամերիկացի աշխատաւորական միութիւններէն «Աշխատանքի Ասպետներ» արհեստակցական կազմակերպութեան, որ ի հակազդեցութիւն ընկերվարական համոզումներով Հէյմարքէթի ցուցարարներուն՝ առաջարկեց Սեպտեմբերին տօնել Աշխատանքի օրը եւ այդպէս ալ, Մ. Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ, մինչեւ այսօր Աշխատանքի օրը կը տօնուի Սեպտեմբերին:
Ահա այդպէ՛ս սկսաւ Մայիս 1ի Աշխատաւորական միջազգային օրուան կենսագրութիւնը:
Սկզբնապէս Մայիս 1ի ցոյցերը սահմանափակուեցան ութժամեայ աշխատանքային օրուան, աշխատավարձերու արդար գնահատման եւ աշխատատեղիներու մէջ աւելի յարմար պայմաններու ապահովման պահանջներով:
Բայց որովհետեւ 19րդ դարու վերջին տասնամեակէն սկսած եւ աշխարհով մէկ վարակիչ դարձած էին ազգային ու ընկերային ազատագրումի յեղափոխական շարժումները, Մայիս 1ի ոգեկոչումներն ու տօնախմբութիւնները շատ արագ ամէնուր վերածուեցան բողոքի եւ ցոյցի պոռթկումներու՝ իշխանութեանց եւ ժողովրդային խաւերու միջեւ բախումի առիթներու:
Նոյնքան արագութեամբ՝ սկզբնական շրջանի զուտ աշխատաւորական պահանջներուն վրայ, ժամանակի ընթացքին, գումարուելու եկան ազգային եւ կրօնական, մշակութային եւ հասարակական ազատագրումի առաջադրանքներ, մինչեւ որ տասնամեակէ տասնամեակ յարաճուն թափ ապահովելով՝ Մայիս 1ի ելոյթները ընդգրկեցին լայնագոյն հասկացողութեամբ Մարդկային Իրաւանց պաշտպանութեան եւ Արդարութեան նուիրագործման համընդհանուր պահանջները՝ աշխատաւորութիւնը հռչակելով այդ բոլորին համար պայքարող յառաջապահ դասակարգը:
Մայիս մէկը այսօր եւս կը պահպանէ, անշուշտ, շեշտակիօրէն Աշխատանքի եւ Աշխատաւորութեան միջազգային օրուան իր նշանակութիւնը: Բայց այսօր արդէն Աշխատանքն ու Աշխատաւորութիւնը շատ բան կորսնցուցած են նեղ դասակարգային իրենց սկզբնական իմաստէն եւ արժէքէն:
Ընդհակառակը՝ ցեղային ու սեռային հաւասարութեան, ազգային պաշտպանուածութեան եւ արդարութեան, ժողովրդավարական հակակշիռներու եւ համաժողովրդական մասնակցողութեան ընդլայնման, կենսոլորտի անխաթար պահպանման եւ կրօնական ու քաղաքակրթական ինքնուրոյնութեան ազատ զարգացման պահանջները ամբողջ հորիզոնը անսահմանօրէն լայն բացած են Մայիս 1ի իմաստին եւ արժէքին առջեւ:
Մայիս 1ի գաղափարական խորհուրդին այս աստիճան ընդգրկուն դառնալը, բնականաբար, շատ բան նուազեցուց անոր էապէս աշխատաւորական պայքարի նշանակութենէն եւ հնչեղութենէն: Բայց նոյնիսկ մեր օրերուն, աշխարհի որեւէ անկիւնը, մինչեւ անգամ ժողովրդավարականօրէն հաստատաքայլ յառաջդիմած երկիրներու մէջ, երբ աշխատանքն ու աշխատաւորութիւնը իրաւազրկելու քայլեր կ՛արձանագրուին, Մայիս 1ը անմիջապէս կը վերագտնէ երբեմնի իր բուռն պայքարին տարողութիւնը՝ աշխատաւորութեան եւ իշխանութեան միջեւ արիւնալի բախումներու յանգելով:
Իսկ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, 19րդ դարավերջէն սկսեալ, Մայիս 1ը ոչ միայն հայ գրողներու եւ ընդհանրապէս մտաւորականներու գաղափարական ենթահողը կազմող հայ ազգային–ազատագրական շարժման ներշնչման աղբիւրը դարձաւ, այլեւ՝ հետեւողականօրէն մղում տուաւ համամարդկային մեծ իտէալներով առաջնորդուելու սկզբունքայնութեան:
Մայիս 1ը քաղաքականօրէն չարաշահուեցաւ նաեւ հայ քաղաքական միտքի պոլշեւիկեան թեւին կողմէ եւ հայոց նորագոյն պատմութեան էջերուն միշտ սեւով ու մուրով պիտի յիշատակուի 1920ի Մայիս 1ը, երբ Կարմիր բանակի հրահրումով՝ հայ պոլշեւիկները Կարսի մէջ Աշխատաւորական օրուան հանդիսութիւնները փորձեցին ծառայեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ բողոքի շարժումի եւ քաղաքացիական խռովութիւններու ծաւալումին…։
Պատմութիւնը վկայ է, որ մեր ժողովուրդը իր կեանքէն ու հայրենիքի անկախութենէն ահաւոր ծանր գին վճարեց պոլշեւիկեան այդ այլասերման ու դաւանամոլութեան: Այդուհանդերձ՝ ամբողջ եօթանասուն տարի խորհրդային ամբողջատիրութեան թունաւորման ենթարկուելէ ետք, մեր ժողովուրդը աչքի լոյսի պէս պահպանեց ազգային Իրաւունքի եւ Արդարութեան գաղափարական ժառանգութիւնը: Եւ երբ հնչեց Չարիքի կայսրութեան ամբողջատիրական շղթաները փշրելու ժամը, հայ քաղաքական միտքը կրցաւ իր ազգային ժառանգութեան հարազատ ակունքներով վերականգնիլ:
Մայիս 1 է դարձեալ եւ Աշխատանքի ու Աշխատաւորութեան միջազգային օրուան առիթով կատարուող ցոյցերը այլեւս չունին մօտաւոր անցեալի իրենց բուռն եւ ցասկոտ պահանջատիրութեան կրակը:
Նեղ իմաստով, աշխատաւոր դասակարգի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար մղուած պայքարը մեծ մասամբ հասած է իր նպատակին: Այդ իմաստով ալ այսօրուան Մայիս 1ի ցոյցերը կը կրեն նոր ժամանակներու կնիքը, որ «անթեղուած կրակ»ի պէս տաք մոխիրի տակ կը պահէ Իրաւունքի եւ Արդարութեան դեռ անլոյծ հարցերն ու դատերը, ազգային թէ ընկերային, դաւանական թէ քաղաքակրթական ըլլան անոնք:
Այդ առումով ալ, ինչպէս ողջ աշխարհը, նաեւ մերօրեայ հայութիւնը Մայիս 1ին կը վերանորոգէ արեւուն տակ իր ազգային եւ ընկերային ազատ ու արդար կեանքը նուաճելու ուխտը: