ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Միջազգային աշխատաւորական եւ ընկերվարական շարժումի դերը կարելի չէ թերագնահատել աշխարհի մէջ ընդհանրապէս եւ յատկապէս զարգացած, դրամատիրութեան ամրաբերդ իսկ նկատուած երկիրներու ժողովուրդներու կեանքի որակի բարելաւման մէջ:
Շարժումի այլասերման, կամ միջազգային դրամատիրութեան ուղղակի բիրտ, կամ անուղղակի ճորտացնող միջամտութիւններուն պատճառով, այսօր ալ անմարդկային պայմաններ պարտադրուած են միլիոնաւորներու:
Այստեղ, հարուստ ու բարգաւաճ համարուող Ամերիկայի մէջ, թշուառներու, աղքատութեան սահմանին ապրողներու թիւը եւս միլիոններ կը հաշուէ: Ամբողջ կառավարական համակարգը, ըլլայ ան դեմոկրատ թէ հանրապետական վարչական տնօրինման տակ, միայն ու միայն բազմազգ ընկերութիւններու գերշահոյթը ապահովելու, անձեռնմխելի դարձնելու նպատակին կը ծառայէ: Հարուստներու եւ աղքատներու միջեւ խրամատը նեղնալու ոչ մէկ միտում ցոյց կու տայ: Ընդհակառակը, երկիրին հարստութեան անարդար բաշխումը եւ դասակարգերուն միջեւ խորացող վիհը սկսած է դրսեւորուիլ ցեղային խտրականութեան տգեղ դրսեւորումներով, ժողովրդային ընդվզումներով ու բողոքի ցոյցերով՝ Ֆըրկըսընէն մինչեւ Պալթիմոր:
Այս մթնոլորտին մէջ նշանակալից է, որ ամերիկեան ծերակոյտի մէջ միակ ընկերվարական հակում ունեցող քաղաքական գործիչ՝ ծերակուտական Պըրնի Սանտըրս հրապարակ կ՛իջնէ իբրեւ նախագահական թեկնածու: Եթէ Սանտըրզ, որ դեմոկրատ կուսակցութեան անդամ չէ, իր թեկնածութիւնը դնէր իբրեւ անկախ գործիչ, վստահաբար պիտի դատապարտուէր աննշան մնալու անկիւն մը, եւ իր ձայնը պիտի խեղդուէր մեծ տղոց (այս անգամ նաեւ մեծ տիկնոջ) աղմուկին մէջ:
Բայց իբրեւ դեմոկրատ թեկնածու, կը յուսանք որ ան պիտի կարենայ իր Մայիս մէկեան ներշնչումներուն վրայ համաամերիկեան ուշադրութիւն հրաւիրել եւ ընկերային ցաւոտ խնդիրներ քաղաքական օրակարգի վրայ բերել: