ԹԵՀՐԱՆ, ՄԱԿ.- «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իրանեան մարտանաւ մը Ապրիլ 28ին կասեցուցած է ամերիկեան բեռնատար նաւ մը եւ զայն առաջնորդած Պանտար Ապպաս նաւահանգիստ՝ նշելով, որ նաւուն վրայ կը գտնուին ամերիկացի նաւաստիներ: Փենթակոն հաստատեց նաւուն գրաւման լուրը, աւելցնելով, որ նաւը արձանագրուած է Մարշըլ կղզիներուն մէջ, որ ամերիկեան հսկողութեան տակ գտնուող կղզիախումբ մըն է։
Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրան նաւը գրաւած է իրանեան շրջանային ջուրերը բռնաբարելուն համար, իսկ աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, թէ գրաւումին պատճառը այն է, որ նաւուն սեփականատէրները պարտական էին իրանեան ընկերութեան մը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, թէ նաւուն գրաւումը ոչ մէկ կապ ունի Եմէնի տագնապին հետ։
Միւս կողմէ, ՄԱԿի հովանիին տակ տեղի ունեցող եւ հիւլէական զէնքերու տարածումը զսպելու հարցին քննարկման նուիրուած խորհրդաժողովին ընթացքին ելոյթ ունենալով, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ եւ անոր հետ բանակցող միւս հինգ պետութիւնները ներկայիս աւելի մօտ են, քան երբեւէ՝ Իրանի հետ համաձայնութեան մը, որ վերջ պիտի տայ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ 12ամեայ տագնապին»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.