ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թուրքիան մեղադրած է Սուրիոյ Իտլիպ եւ Ճսըր Շուղուր քաղաքներուն մէջ ռազմական գործողութիւններ իրականացնող ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն օժանդակելու յանցանքով:
Ըստ թրքական «Իւլիւսալ» լրատուական կայքին՝ նախարարութիւնը մասնաւորապէս նշած է, որ իսլամ ծայրայեղականներու «Նուսրա» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը ուղղակի աջակցութիւն կը ստանայ Թուրքիայէն:
«Ահաբեկչական կազմակերպութիւններու յարձակումները կ՛իրականացուին թրքական բանակի թիկունքային եւ կրակային աջակցութեամբ», նշուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ, ուր այդ միջամտութիւնը կը նկատուի յարձակում Սուրիոյ վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.