
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ապրիլ 3ին, Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցին մէջ տեղի ունեցած է Աւագ Ուրբաթի նուիրուած արարողութիւն մը, հանդիսապետութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, որուն կ՛ընկերանային Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան, Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեան, Արտակ սրկ. Խաչիկեան եւ առաջնորդարանի պատկերասփիւռի ու լրատուական բաժանմունքի պատասխանատու Վահէ Սարգսեան։
Ներկայ եղած են հիւանդանոցի անձնակազմի անդամներ, հիւանդանոցին մէջ բժշկակական խնամք ստացողներ եւ այցելուներ, ինչպէս նաեւ՝ Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան։
Բարի գալուստի խօսք արտասանած է հիւանդանոցի հոգեւոր խնամքի պատասխանատու Քէյսի ՄըքՔարթի՝ շեշտելով հիւանդներու, անոնց ընտանիքներուն եւ անձնակազմի հոգեւոր խնամքի կարեւորութիւնը, միաժամանակ աւելցնելով, որ Աւագ Ուրբաթը հիւանդանոցի հիւանդներուն եւ անձնակազմի մեծամասնութեան համար յատկանշական օր մըն է։
Իր կարգին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան դրուատեց այս նախաձեռնութեան կազմակերպիչները, որովհետեւ անոր շնորհիւ արարողութեան մասնակցելու առիթ ունեցած են շարք մը հիւանդներ, որոնք նման արարողութենէ հեռու կը մնան, որովհետեւ եկեղեցի յաճախելու դժուարութիւն ունին։
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց հիւանդանոցի անձնակազմին, որ կը շարունակէ որակաւոր սպասարկութիւն մատուցել իւրաքանչիւր հիւանդի։
Առաջնորդն ու կրօնականները նաեւ այցելած են թերաճ նորածիններու խնամքի բաժանմունքը, աղօթելով անոնց առողջութեան համար։