ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».– «Ֆրիտըմ Հաուս»ի կազմած վարկանիշին մէջ Հայաստանն ու Ալճերիան զանգուածային լրատուամիջոցներու ազատութեան ցուցատախտակին վրայ կը գրաւեն 135րդ դիրքը: Վարկանիշը կ՛ամփոփէ 2014 թուականը, ցանկին մէջ ներառուած է 199 երկիր:
«Ֆրիտըմ Հաուս» Հայաստանին 61 նիշ տուած է եւ նկատած «ոչ ազատ երկիրներու» շարքին: Մէկ տարի առաջուան ցուցանիշին հետ բաղդատելով, այս տարի ոչինչ փոխուած է։
Ըստ «Ֆրիտըմ Հաուս»ի՝ խօսքի ազատութեան ոլորտին մէջ լաւագոյն ցուցանիշները ունին Շուէտն եւ Նորվեկիան:
Ատրպէյճան նկատուած է ոչ ազատ պետութիւններէն։ Ատրպէյճանի, Սերպիոյ եւ Իրաքի իրավիճակը նախորդին հետ բաղդատելով վատթարացած է: Անոնք ոչ ազատ մամուլ ունեցող երկիրներու ցանկին վրայ են:
Նախապէս «Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէ»ն (Committee to Protect Journalists) հրապարակած էր ցանկը այն երկիրներուն, ուր զանգուածային լրատուական միջոցները ամենախիստ գրաքննութեան կ՛ենթարկուին: Այդ ցուցակին մէջ Ատրպէյճան 5րդ դիրքին վրայ էր։
Ամէնէն վատ իրավիճակը կը տիրէ Պելոռուսի, Իրանի, Ղրիմի, Քուպայի, Հիւսիսային Քորէայի, Սուրիոյ, Թուրքմենսիտանի եւ Ուզպեքիստանի մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.