ԵՐԵՒԱՆ.– Արմաւիրի մարզի սահմանամերձ գիւղերը անտեսուած են: NewsBook-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է Արմաւիրի մարզի Բագարան գիւղի բնակիչ Յովհաննէս Զաքրեան: Ան ըսած է, որ իրենց գիւղը հայ-թրքական սահմանէն 300 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի:
Գիւղացին նշած է, որ այսօր առաւել անմխիթար եւ անօգնական վիճակի մէջ յայտնուած են սահմանամերձ գիւղերը, իսկ Բագարանը այս իրականութեան լաւագոյն օրինակն է: Գիւղի հիմնադրումէն ի վեր հոն ըմպելի ջուր չկայ, իսկ վերջին 3 տարիներուն ալ փոխադրամիջոց չի գործեր: Ան դժգոհութեամբ նշած է, որ փոխադրամիջոցներու բացակայութեան պատճառով գիւղին մէջ նոյնիսկ ուսուցիչներ չկան: «Օրինակ՝ պատմութեան եւ այլ առարկաների մասնագէտի պակաս կայ Բագարանում, իսկ հարեւան գիւղերից էլ մասնագէտների չեն գալիս՝ տրանսպորտի բացակայութեան պատճառով», նշած է ան: Բագարանի բնակիչը ընդգծած է, որ մարզի բոլոր սահմանամերձ գիւղերու խնդիրները նոյնանման են, հոն նոյնիսկ հողը անմշակ կը պահուի:
«Այստեղ կայ հողն անմշակ թողնելու բոլոր նախապայմանները, չկայ գիւղտեխնիկա, ոռոգման ջուր, հողերի մեծ մասը գտնւում է սահմանային գօտում, իսկ դա գիւղից 10 կմ. հեռաւորութեան վրայ է, անմխիթար են գիւղամիջեան ճանապարհմները, չկայ մանկապարտէզ, վթարային է գիւղի մշակոյթի տունը: Թուարկել անվերջ կարելի է», դիտել տուած է ան:
Գիւղացին նկատել տուած է, որ կառավարութիւնը այսօր հանրապետութեան շարք մը սահմանամերձ գիւղերուն արտօնութիւններ կու տայ, իսկ իրենց գիւղերը ընդմիշտ կ՛անտեսուին: Ըստ անոր՝ սահմանամերձ գիւղերուն հաւասար աչքով չեն նայիր, եւ արտօնութիւններն ալ անհաւասար կը բաշխուին։ Իբրեւ հետեւանք՝ Բագարանի, ինչպէս նաեւ հարեւան Երուանդաշատ, Մարգարա եւ այլ գիւղերու մէջ հարցերը հետզհետէ կը կուտակուին, եւ գիւղացիներուն կեանքը կը դժուարանայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.