
Այսու կու գանք հրապարակել, թէ Միութեանս հիմնադիր վարչութեան անդամ եւ գաղութիս ներհուն մտաւորականներէն, հայոց լեզուի ու մտքի հանրածանօթ մշակ, երկարամեայ տնօրէն, դաստիարակ, հայ գրիչի դեսպան, ազգային նուիրեալ գործիչ եւ հայ մամուլի անխոնջ աշխատակից՝ Գէորգ Պետիկեան պաշտօնապէս պիտի պարգեւատրուի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով, իր յիսնամեայ գործունէութեան առթիւ։
Արդ, սոյն առիթով, Ամերիկայի Խարբերդ մշակութային միութեան վարչութիւնը կազմակերպած է հրապարակային յատուկ հանդիսութիւն մը, Կիրակի, Մայիս 17, 2015ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան հանդիսասրահին մէջ:
Հասցէ՝ 117 S. Louise Street, Glendale, CA 91205.
Օրուան հանդիսավար՝ Յասմիկ Աճեմեան
Յոբելենական յիսնամեայ այս հանդիսութեան յոբելեարին մասին խօսք կ՛առնեն.
– Մէյրի Նաճարեան, սրտի խօսք վարչութենէն
– Արա Ահարոնեան, հասարակական գործիչը
– Կարօ Պետրոսեան, գրագէտ մտաւորականը
– Գէորգ Քէօշկէրեան, հայ լեզուի ուսուցիչը, մշակ-դաստիարակը
– Սարգիս Մաճարեան, հրապարակագիրն ու հայ մամուլի ծառան
– Հրանդ եւ տոքթ. Արամ Պետիկեաններ, զաւակներու սրտի խօսքեր:
Պիտի գործադրուի նաեւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր: Մուտքը՝ հրաւէրով:
Տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, դիմել վարչական անդամներուն:
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԽԱՐԲԵՐԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ