
«100 Լուսանկարչական Պատմութիւններ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին» Յատուկ Նախագծէն
Լուսանկարին մէջ կ՛երեւին Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ծառայած գերմանացի զինուորականներ, կանգնած՝ Հեքիմխանի մօտ գազանաբար սպաննուած հայերու ոսկորներու կողքին: Յստակ է նաեւ լուսանկարը առնելու օրը՝ 18 Նոյեմբեր, 1918:
Լուսանկարի «նեկաթիւ»ը գերմանացի զինուորականները տուած էին հայ լուսանկարիչ Ցոլակ Տիլտիլեանին՝ երեւակելու համար:
Լուսանկարը եւ անոր «նեկաթիւ»ը հետաքրքրական պատմութիւն ունին. առերես իսլամութիւն ընդունած հայ լուսանկարիչ Ցոլակ Տիլտիլեանը այս լուսանկարը երեւակելէ եւ գերմանացիներուն տրամադրելէ յետոյ, կ՛որոշէ որպէս յուշ պահել «նեկաթիւ»ը ենթադրելով, որ այդ լուսանկարին մասունքները կրնան 1915-ի կէսերուն, նոյն վայրին մէջ սպաննուած նաեւ իր ազգականներուն ոսկորները ըլլալ:
Գերմանացիները հաւանաբար համաձայնած էին, քանի որ ատոր գաղտնիութեան պահպանումը այլեւս կարեւոր չէր. պատերազմը արդէն աւարտած էր, իսկ Գերմանիան եւ դաշնակից Օսմանեան կայսրութիւնը պարտուած էին։
Մեծ Եղեռնի տարիներուն, հակառակ Օսմանեան կայսրութեան մէջ գոյութիւն ունեցող գրաքննութեան խիստ օրէնքին, գերմանացի զինուորականները հայ գաղթականներու եւ Ցեղասպանութեան զոհերու բազմաթիւ պատկերներ առած են։
«Հայերու կոտորածը զանգուածաբար իրականացուեցաւ: Բնաջնջման այս քաղաքականութիւնը դեռ երկար ժամանակ պիտի արատաւորէ Թուրքիոյ անունը»:
Ռիխարտ Կիւհլման
Օսմանեան կայսրութեան մօտ Գերմանիոյ դեսպան
(1916-17 թթ.)
Լուսանկարի աղբիւրը՝ Ցոլակ Տիլտիլեանի հաւաքածոյ
«100 ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ» – See more at: http://www.genocide-museum.am/arm/20.02.2015-100photos.php#sthash.iTyLCPAZ.dpuf
———————————————————————————————————————–
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
ՓԱՍԱՏԻՆԱ
ՀՅԴ «Լեռնավայր» Կոմիտէ
ՀԵԴ «Նիկոլ Դուման» Ուխտ
ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւն
ՀՕՄի «Սօսէ» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄի «Ազատամարտ» Մասնաճիւղ
Համազգայինի Փասատինայի
«Շահան Շահնուր» Մասնաճիւղ
Հայ Ամերիկեան Տարեցներու Միութեան
Փասատինայի Մասնաճիւղ
ՍԱՆ ՖԵՐՆԱՆՏՕ ՀՈՎԻՏ
ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէ
ՀԵԴ «Սարդարապատ» Ուխտ
ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան»
եւ «Արաբօ» Պատանեկան Միութիւններ
ՀՕՄի «Անահիտ» Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄի «Մասիս» Մասնաճիւղ
Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղ
Էնսինոյի Հայ Ամերիկեան Տարեցներու Միութիւն
ՖՐԵԶՆՕ
ՀՅԴ «Թէհլիրեան» Կոմիտէ
ՀՕՄի «Մայր» եւ «Սոֆիա» Մասնաճիւղեր
ՀԵԴ «Գէորգ Չաւուշ» Ուխտ
ՀՄԸՄի «Սասուն» Մասնաճիւղ
Համազգայինի
«Դանիէլ Վարուժան» Մասնաճիւղ
———————————————————————————————————————–