Եղեռնէն Վերապրողի Յուշեր, (Բ. Մաս. Կոտորած)
ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ՉԻԹՃԵԱՆ
1915ի Գարուն
ԳԱԼԻՔ ՏԱՐՈՒԱՆ
ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ ԸՆԴՀԱՏՈՒՄ
Հայրս շուարած, դարձաւ ինծի եւ ըսաւ. «Տղա՛ս, գնա՛ տուն, ես կ՛երթամ քիւրտերուն կողմը, ինձմէ լուրի սպասեցէ՛ք…»։ Եւ ի՜նչ կսկիծ, ի՜նչ Աստուած. այդքան սրտանց աղօթող մարդուն այդ վայրկեանը երեւակայէ, չըսե՞ս անգու՛թ Աստուած, անխի՛ղճ Աստուած։ Ես հիմա կ՛ըսեմ, որ այո՛, անաստուած Աստուած երես դարձուցեր էր անմիաբան հայէն։
Հայրս շատ թունդ հաւատացեալ էր։ Այնքա՜ն հաւատք ունէր, որ միշտ կը կրկնէր. «Առանց Աստուծոյ հրամանին, ծառին տերեւն իսկ չի շարժիր»։ Այն ատեն մենք բոլորս ալ շատ հաւատք ունէինք Աստուծոյ հանդէպ. մեր տան աղօթքը «Հաւատով Խոստովանիմ»ն էր. օճախին առջեւ, երեկոները իւրաքանչիւրս մէկական տուն կ՛արտասանէինք եւ «Տէր Ողորմեա»ն կ՛երգէինք. բայց այդ աղօթքը ի՞նչ բարիք տուաւ մեզի։ Հայրս, սրտանց աղօթելով վերջին գիշերը իր տան մէջ անցուց ընտանիքին եւ զաւակներուն հետ, առանց միտքէն անցընելու, թէ մեր ազգին գլխուն ի՞նչ պիտի գար։
Հայրս ձգեց զիս առանց համբուրելու եւ այդ ծանօթ մարդուն հետ դարձան քովի գիւղը երթալու. երբ հայրս աչքէս հեռացաւ, վազեցի տուն եւ եղելութիւնը պատմեցի։
Արդէն չորս կողմը լսուած էր, որ բոլոր տարիքոտ մարդոց բռնած եւ լեցուցած են բանտերը։ Ոմանց՝ տարած էին ձորերը եւ մեռցուցած էին, ոմանց ալ՝ ծեծելով հըլսցուցած եւ ազատ ձգած էին, իբր լաւ մարդ եղած են՝ խաբելու, որ պահուած անձերը դուրս ելլեն։
Քանի մը օր վերջ քիւրտ քիրվայի մը հետ երկու ջորի ղրկած էր հայրս եւ լուր մը.«Գասպարը եւ Համբարձումը քիւրտին հետ թող գան՝ կտաւները ջորիներու վրայ բարձելով, ինչքան որ կրնան, քիւրտը վստահելի անձ է»։
Ես եւ Գասպարը պատանի էինք. խորթ մայրերնիս անգէտ՝ խորհելով, որ վատ թուրքը հօրս լաւ եւ բարի մարդ պիտի համարէ եւ արհեստաւոր ըլլալուն, պիտի չսպաննէ զինք. հօրս այդ գրութեան մասին քանի մը մարդոց ալ հարցուց, նաեւ մեր դրացիներէն՝ Վարդիկ պաճիին, որուն քիչ մը փորձառու կը հաշուէինք։ Ըսին, որ թուրքերը դաշնակցականներուն կը փնտռեն, իսկ հայրերնիս դաշնակցական չէր, ուրեմն իրեն բան մը չեն ըներ։ Ատոր վրան խորթ մայրս Գասպարին նամակ գրել տուաւ եւ նամակը պարապ ջորիներով քիւրտին հետ ետ հօրս ղրկեց, որ չվախնայ եւ տուն գայ։
Երկու օր ետք դուռը զարնուեցաւ, զարնելու ձեւէն հասկցանք, որ հայրս է։ Դուռը բացինք, հայրս գաւազանը ձեռքին ներս մտաւ։ Հայրս միշտ գաւազանով կը պտըտէր, քանի որ գործը գիւղէ գիւղ երթալ էր, շուներէն պաշտպանուելու համար կը գործածէր գաւազանը։
Վազեցինք հայրերնիս համբուրելու, գաւազանը ձեռքէն առնելու, բայց իզուր։ Ոստիկանը նշմարեր էր հօրս գալը եւ կը հետեւէր. անմիջապէս դուռը զարկաւ՝ ըսելով. «Կառավարութիւնը քեզ կ՛ուզէ» եւ առանց առիթ տալու որ ներս մտնէ, ձերբակալեց հօրս։ Նորէն կսկծալի վայրկեան մը, որ ըսել կու տար՝ խաբեբա՛յ Աստուած։
1940ին, երբ մտայ Մոնթեպելլոյի Սուրբ Խաչ եկեղեցին, խորանին վրայ գրուած էր. «Խնդրեցէ՛ք տայ զձեզ, բախեցէ՛ք բացի զձեզ»։ Բոլորը սո՛ւտ։ Միջանկեալ զգացումս՝ հայու սերունդ, վիշտի զաւա՛կ, անմիաբանութենէն ինչե՜ր կը ծագի հարցո՛ւր ինծի։
Մենք Աստուծմէ կը վախնայինք, առանց աղօթքի բան չէինք ըներ. կառավարական բոլոր հրամանները կը կատարէինք։ Հայրս բանտ տարին. ի՞նչ ըրած էր այդ բարի, լաւ, հաւատացեալ մարդը։ Կը կարծեմ, որ Աստուած երես դարձուցած էր հայ ժողովուրդէն, որ կը շարունակէ անմիաբանութիւնը, եւ ամէն մէկը կը մտածէ միայն իր անձնական շահին մասին։
ՀՕՐՍ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ
Մէկ-երկու օր Գասպարը կ՛երթար եւ կը փնտռէր հօրս, բայց լուր չունէինք ո՞ւր է, ի՞նչ ըրած են եւ վստահ չէինք, թէ ո՞ղջ է հայրերնիս կամ ոչ։
Շատ դուրսերը չէինք ելլեր, յոյս չունէինք լուր մը առնելու եւ անցնող-դարձող վիճակը հասկնալու։ Նաեւ կը վախնայինք դուրս ելլելու՝ մենք ալ կրնայինք ձերբակալուիլ։
Մանաւա՛նդ ես, չէի երթար հօրս փնտռելու, վախէս, որ հասակս բարձր էր, եւ զիս ալ կը տանէին։ Սակայն երկու օր ետք, ես ալ ստիպուեցայ Գասպարին հետ հօրս փնտռելու, ծանօթ մը մեզի հաւատացուցած էր, որ հօրս չեն սպաննած, ողջ է եւ բանտին մէջ է։
Այն ատեն Բերրիի բոլոր խանութները պարպած եւ վերածած էին բանտերու, քանի որ Երկիրը բանտեր չկային. մէջերը լեցուցած էին իրենց բռնած անմեղ հայերը եւ կը ծեծէին զօփփայով, որ խոշոր փայտ էր, այնպէս զօրաւոր կը ծեծէին, որ մարդոց աղիողորմ լացի ձայները դուրսէն կը լսուէին. կը չարչարէին սպաննելու աստիճան։
Երբ Գասպարին հետ կը շրջէինք այդ խանութներէն մէկէն միւսը՝ հայրս գտնելու յոյսով, մօտեցանք նալպանտին խանութին։ Յանկարծ լսեցինք հօրս ձայնը, որ կ՛ըսէր. «Ալլահըն էշխընէ, վուրմա» (Աստուծոյ սիրոյն, մի զարներ)։ Մօտեցանք դուռին, դուռին ետեւէն դռնապահին ըսի. «Չիթճինին օղլի իմ» (Չիթճիին տղան եմ)։ Դռնապահը առանց դուռը բանալու հօրս բերաւ դուռին ետեւը։
Ի՜նչ խղճալի տեսարան, ի՜նչ խղճալի յիշողութիւններ. հիմա, այսքան տարիներ ետք, յիշէ՛, քրքրէ՛ եւ մոռցի՛ր։ Այդ «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթք ըսող, խաղողէն տունկ մը աւելցնող հայրս էր լացողը։ Այնքան ծեծած էին, որ երբ բերին դուռին ետեւը, մեզ չտեսաւ եւ միայն հազիւ կրցաւ ըսել. «Քիչ մը օղի բերէք, տունին ամէն ապրանքը, 100 թոփ կտաւները, տարէք դրացի թուրքին տունը»։ Դրացիին անունը Օսման էր՝ Կուռի Օսօ կ՛ըսէին, ծեր այր ու կին էին, կ՛ապրէին մէկ տուն մեզմէ անդին, հայրս շատ բարեկամ էր իրենց հետ։ Կուռի Օսօն էշ մը ունէր, որ վարձու կու տար եւ ատով կ՛ապրէր։
Եղբօրս հոն ձգեցի եւ իսկոյն գացի հօրս օղին բերելու։
Ճամբուս վրայ առու մը կը հոսէր, եւ այդ ի՞նչ էր, որ տեսան աչքերս, ո՜վ անգութ, անաստուած Աստուած, մինչեւ օրս, երբ մտաբերեմ, միսս վրաս կը դողայ։ Հայ երիտասարդի մը բռնած, կռնակին մորթը քերթած եւ առուին մէջը նստեցուցած էին՝ սառած ջուրին հակառակ ուղղութեամբ, որ աւելի չարչարեն խեղճը։ Խելագարած, անտանելի ցաւերու մէջ՝ անցորդներուն կը պոռար. «Եթէ զէնք ունիք, ձեր կամքով կառավարութեան յանձնեցէ՛ք, որ իմ օրիս չի հասնիք…»։
Այսպէս թուրքերը կը չարչարէին անմեղ հայուն եւ բարձր ձայնով կը հպարտանային, որ զէնքը չյանձնողներուն այսպէս պիտի ընեն։ Ներքնապէս ցնցուած էի, բայց անզօր էի որեւէ բան ընելու։
Տուն գացի, շիշ մը օղի, հաց եւ ուտելիք առի ու հօրս տարի. բան չէր ուտեր եւ չափազանց նիհարցած էր։
Գասպարին հետ տուն դարձանք եւ հօրս հրամանով՝ 100 թոփ կտաւները, երկու գիշերուան մէջ տարինք եւ ձգեցինք Կուռի Օսոյին տունը։ Հօրս այս հրամանը մեզի հասկցուց, որ շատ մեծ վտանգի մէջ ենք անպայման, որ տունը կը պարպենք։ Նաեւ չէինք հաւատար իրական մեր գլխուն գալիքին։ Հօրս խօսքին դէմ չդրինք. ինչ որ որոշեց, գործադրեցինք։ Չեմ գիտեր, խորթ մայրս, քոյրերս, հօրաքոյրներս տարբեր նախազգացումներ ունեցա՞ն թէ ոչ, բայց մենք ընդամէնը 14 տարեկան պատանի էինք։
Բերրիի մէջ հայերու տուները քով-քովի փակած էին իրարու. տունին ետեւի կողմէն իրարու լուր կու տային երկաթի կտոր մը շխրտացնելով, եթէ որեւէ վտանգ ըլլար կամ ոստիկան մը գար։ Երբ մինարէէն (մզկիթ) կը պոռան, որ նորէն բոլոր տղաքը պիտի հաւաքեն քննութեան համար, դրացիները շխրտացնելով ծակէն հասկցուցին, որ վտանգ մը կայ. ես եւ Գասպարը պահուըտեցանք մեր տունին փակած դրացիին՝ Վարդիկ պաճիին ախոռը, թրիք թափելիք սեփեթին (կողով) տակ, քանի որ այս տունը տղայ չկար։ Երկու թուրք եկան, փնտռեցին եւ մեզ չգտնելով ըսին. «Պուրտա քիմսէ եօք» (հոս մէկը չկայ) եւ ձգեցին գացին։ Վերջը մենք պահուըտած տեղերնէս ելանք եւ տուն գացինք. մահուան եւ անապահովութեան վախը մէջերնիս մտաւ այլեւս, 14 տարեկանին հասկցանք, որ ամէն վայրկեան կրնան մեզ բռնել, չարչարել եւ սպաննել։ Որեւէ ձեւով ինքզինքնիս պէտք է պաշտպանէինք, որ փրկուէինք անոնց ձեռքը անցնելու վտանգէն, մանաւանդ որ օրական նոր լուրեր կը լսուէին, թէ ո՛ր հայուն ինչ պատահած էր։ Վարդիկ պաճիին տղան, Խայաճան Խլըֆեան Ամերիկա գացած էր, գեղեցիկ կինը ձգած էր Վարդիկ պաճիին քով եւ միասին կ՛ապրէին։ Թուրք մը աչք դրեր էր հարսին եւ առեր տարեր էր իր տունը. քանի մը օր վերջ ուրիշ թուրքի մը հետ, որ նոյնպէս աչքը տնկած էր եղեր այդ հարսին, իրարու հետ չհամաձայնելով մեռցուցեր են հարսը. երեխան՝ փորէն հանելով տնկեր են փայտի մը վրայ եւ մօրը մարմինին հետը դրած են «Կոլ» աղբիւրին քով. բոլորին ցոյց կու տան մեռած հարսը եւ փայտին վրայ տնկած զաւակը, ստիպելով զէնքերը յանձնել, թէ ոչ նոյնը պիտի ընեն չյանձնողներուն։
Արդեօք Աստուած մեր հե՞տն էր, ինչո՞ւ մեզի այս բաները կը պատահէին։ Հայրս տուն պիտի գա՞ր, ինք գիտէ՞ր, թէ ինչ կը պատահէր։
ՀՕՐՍ ՎԵՐՋԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ
Ակօ-Իպոն՝ Յակոբ-Իպրահիմ, մեր դրացին էր, որ 1895ի ջարդերուն, կեանքը ազատելու համար թրքացած էր եւ ինքզինք անուանած էր Իպրահիմ, բայց կինը հայ էր։ Անունը դրած էին Ակօ-Իպօ (թէ՛ հայ, թէ՛ թուրք)։ Ան հօրս ըսած էր, որ թուրքերը որոշած են հօրս սպաննել, իր տղոց կեանքը փրկելու համար թող յանձնէ թրքական դպրոց, իսկ քրոջը՝ Աղաւնիին, կին տայ իր տղուն՝ Լեւոն-Մեհմետին։ Ակօ-Իպոն չորեպան էր, միշտ կը պտըտէր դուրսերը եւ կը դիտէր ի՛նչ կ՛անցնի կը դառնայ. ան ազգականն էր փաստաբան Պուլուտ Աբգարին, այդ պատճառով ալ ինք գիտէր, թէ ինչ պիտի գար հօրս ընտանիքին գլխուն։ Ան միշտ կ՛օգնէր հայերուն, իր շրջելուն եւ լուրերը գիտնալուն պատճառով։
Ես այդ ատեն 14 տարեկան էի։ Մինչեւ այդ օրը հօրս միշտ տեսած էի հսկայ, գեղեցիկ, կարմիր մազերով, ազդեցիկ, իր դիրքը հասկցող, «Հաւատով Խոստովանիմ»ին 24 տունը ամէն գիշեր ըսող, ազնիւ, քրիստոնեայ անձ մը, եւ հիմա տեսայ անճանաչելի, փոխուած եւ խեղճացած, վտիտ ու ծերացած։ Դէմքը ցոյց կու տար իր երկու շաբաթուան քաշած չարչարանքները, արդէն ինքը հասկցած էր, թէ ի՞նչ պիտի պատահի իրեն, զաւակներուն, ընտանիքին եւ երկրին։ Ի՞նչ ըրած էին այսքա՜ն հաւատացեալ մարդուն, ինչո՞ւ այնքա՜ն փոխուած էր հայրս։ Արդեօք առջեւս կեցած մարդը իմ հա՞յրս էր։ Այս եղաւ հօրս դէմքին վերջին պատկերը միտքիս մէջ, վերջին յիշողութիւնս։ Ես ընդամէնը 14 տարեկան պատանի մը ըլլալով, ուղեղս չէր ընդուներ պատահածը։ Այդ ցաւը, որ ես զգացի այն ժամանակ, միշտ իմ հետս է յաւիտեան եւ երբեք զիս չի լքեր ամբողջ կեանքիս ընթացքին։ Հիմա նոյնիսկ, երբ արդէն 101 տարեկան եմ, ամէն գիշեր մղձաւանջի մէջ կ՛իյնամ, այդ պատկերը վերյիշելով եւ անդրադառնալով անցուցած տառապալից կեանքիս էջերուն։ Ինչպէ՞ս կրնայ մարդ մը այս ամբողջը մոռնալ…Դուք կրնա՞ք…
Այն հայերը, որոնք յանձն առած էին իրենց ժողովուրդը պաշտպանել, կը մտածէի՞ն, թէ իրենց որոշումները ի՞նչ արդիւնք պիտի բերէին չորս կողմը եղող ժողովուրդին, թէ ոչ իրենց հոգը չէր։ Ժողովուրդը վարժուած էր եւ լաւ գիտէր, որ օտարի հսկողութեան տակ է եւ յարմարած էր այդ վիճակով ապրելու։ Եւ գիտնալով, որ այս տեսակ բաներ միշտ կու գան ու կ՛երթան, օր մը գլուխ պիտի բարձրացնէին իրենց ազատութեան համար։ Ես պատանի էի, չէի հասկնար ի՞նչը կը ստիպէր կառավարութեան այսպիսի ճամբայ բռնելու։ Մենք դեռ ի՞նչ պիտի ընենք, եթէ մեր ղեկավարները իրարու հակառակ են, իրարու դէմ կը դնեն։ Այս վիճակին մէջ, արդեօք ժողովուրդը պատեհութիւն ունի՞ ինքզինքը պաշտպանելու։ Հոս հօրս խօսքերը կը յիշեմ, որ եթէ չմիանան, մեր գլուխը պիտի ուտեն։ Նոյնանման խօսքեր ժամանակին ըսած է նաեւ կնոջս հայրը՝ Մալաթիոյ մէջ։ Անոնք ապրած են Մալաթիա, երբ կինս՝ Ովսաննան, եղած է 6 տարեկան։
Թէեւ մեր Երկիրը կորսնցուցինք, բայց գոնէ միանալով՝ հազարաւոր անմեղ հայերու կեանքը կը փրկուէր։ Վեց տարուան ընթացքին, երբ պատանութենէ հասուն երիտասարդ դարձայ, անցայ վայրագ եւ անհաւատալի փորձութիւններու ընդմէջէն եւ ողջ մնալով՝ մի՛շտ վկայ եղայ, որ ատեն-ատեն մէկ սպաննուած թուրքի փոխարէն կը հաւաքէին հարիւրաւոր անմեղ հայեր եւ կը մեռցնէին չարչարելով։ Արդեօք վրիժառու հայերը կը մտածէի՞ն, թէ իրենց գործողութիւններէն ետք ի՞նչ կրնայ պատահիլ միւս քաղաքներու եւ գիւղերու անմեղ հայերուն։ Քանի՜ անգամներ ես այդ դժուար վիճակին մէջ ինկած եմ եւ Աստուծոյ հրաշքով մահէ ազատած եմ. ինչո՞ւ… ինչո՞ւ ես վերապրող եմ…
1915ին, կեանքիս ամէնէն ցաւալի օրը, հայրս լուռ, առանց ժամանակ կորսնցնելու մեզի կը հասկցնէր իր ծրագիրները։ Միայն մարմինն ու իր վիճակը ցոյց կուտային ներքին բարկ կրակն ու ցաւը, որով այնքան ծեծուած էր, որ արիւնները բոլոր վրան չորցած էին։ Դժուարութեամբ կը շարժէր եւ աճապարանքը արգելք էր իր հանգիստ խօսելուն։
Շաբաթներով բանտը չարչարուելէ ետք հազիւ տուն դարձած, կը խօսէր, որ կրկին պիտի դառնար։ Մեզի առիթ չտուաւ իրեն մօտենալով իր սիրած օղին տալու, որ խմէ։ Վայրկեան մը չուզեց հանգչիլ։ Մարմինը եւ դէմքը մեզի կ՛ըսէին, թէ որքան չարչարուած եւ յոգնած էր։ Ինչո՞ւ կ՛աճապարէր, որ մեզի ձգէ, ո՞ւր երթայինք։ Ինչո՞ւ չէինք կրնար նախ իրեն հոգ տանիլ քիչ մը։ Մենք զինք շաբաթներով չէինք տեսած, կարօտցած էինք, անհամբեր կը սպասէինք իր վերադարձին, որ մեր շփոթած կեանքը կարգաւորէ, շտկէ եւ բնականոն վիճակ տիրէ։ Անգամ մը եւս բոլորս միատեղ ըլլանք եւ հայրերնիս մեզի սորվեցնէ ինչպէ՛ս պաշտպանուիլ։ Կեանքիս այն վերջին վայրկեաններն էին, որ ես հօրս եւ ընտանիքիս հետն էի. հայրս, խորթ մայրս, Մարինոս հօրաքոյրս (որ ապահովութեան համար Մեծկերտէն եկած էր քովերնիս), Աղաւնի հօրաքոյրս (որ միշտ մեր հետ կ՛ապրէր եւ ենթարկուելով հօրս խօսքին ընդունեց իր ճակատագիրը). քոյրերս՝ Զարուհին (որ նոյնպէս այն ատեն մեր տունն էր, ամուսնանալէն քանի մը ամիս ետք ամուսինը զինք մօրը ընտանիքին հետ ձգած, գացած էր Ամերիկա աշխատելու, հայրս զինք բերած էր մեր տունը, որ Ամերիկա գացող յարմար մէկը գտնէ եւ հետը ղրկէ ամուսինին քով). Սուլթանը, Երանուհին եւ եղբայրներս՝ Գասպարը, Քերոբը, Նշանը։ Բոլորս աճապարանքով զիրար գրկեցինք եւ համբուրուեցանք, կարծես զգալով, որ կրնայ վերջինը ըլլալ։ Ո՞ւր էիր Աստուած, անսատուած Աստուած…
Յետագային, գիւղէ գիւղ թափառական կեանքիս ընթացքին, հասկցայ, որ բերրիցիներէն շատ-շատերուն, անգութ ձեւով քշած էին դէպի «Ղազան Տերեսի» (Կաթսայի Ձոր), անտանելի չարչարանքներով ոչնչացուցած եւ ձորը նետած էին բոլորը։ Փրկուած էին միայն քանի մը աղջիկներ, որոնք զոհ դարձած էին վայրենի թուրքի վատ կիրքին եւ հազիւ ազատելով, անոնցմէ մաս մըն ալ կորսուած էին օտար քաղաքներու մէջ. անոնցմէ մէկը քոյրս՝ Զարուհին էր եղած։
2. Թուրքին «Մեքթեպ»ը
Առջեւէն կը քալէր հայրս՝ Գասպարին հետ, անոնք կարծես իրարու հետ միշտ կապ մը ունէին։ Ես կը քալէի հօրս ետեւէն, մէկ ձեռքով Քերոբին ձեռքէն բռնած, միւս ձեռքով՝ պզտիկ Նշանին. կը զգայի անոնց վախը եւ իմ մէջս ալ՝ շփոթուածութիւնը. մոլորուած, չգիտնալով ընելիքս, կ՛ուզէի ետ չմնալ հօրմէս եւ կը քալէի հօրս ետեւէն աճապարանքով՝ ձեռքովս քաշելով Նշանին, որ պզտիկ էր, չէր կրնար մեզի պէս արագ քալել եւ կը ցատկռտէր մեզմէ ետ չմնալու համար։ Հայրերնիս ուժ չունէր մեզի ոեւէ խրատ տալու կամ չէր ուզեր այդ գէշ ատեն ոեւէ խրատ տալ, քանի որ կ՛երեւի դեռ ինքն ալ չէր գիտեր, թէ այս անգամ ի՛նչ էր հայուն գլխուն գալիքը։ Մեր Ընտանիքը կը ցրուէր, կը բաժնուէր իրարմէ. չորս կողմերնիս բռնութիւն ու մահ էր, եւ այս վիճակին մէջ հայրերնիս չկրցաւ մեզի խօսք մը ըսել. միայն լուռ մեզի ձգեց թուրքի մեքթեպը, առանց համբուրելու, առանց ետեւը նայելու. ձգեց եւ հեռացաւ։ Յետագային Գասպարէն իմացայ, որ հայրս ճամբան քալելու ատեն ըսեր է, որ զիրենք Ամերիկա պիտի ղրկեն, միւս եղբայրներուն քով. պիտի աշխատի եւ դրամ ղրկէ, որ մենք ալ երթանք քովերնին։ Այդ ատեն Գասպարը զարմացած եւ շփոթած՝ կը հարցնէ. «Ինչպէ՞ս, դուք Ամերիկա պիտի երթաք, եւ դուն մեզի թուրքին դպրո՞ցը կը ձգես»։ Հայրս կը պատասխանէ. «Մեր Ամերիկան ձորին մէջն է…»։ Գասպարը այդ ատեն չհասկցաւ, թէ ի՞նչ կ՛ըսէ հայրը. ինք շատ շփոթած էր, թէ ի՞նչ էր հօրը վերջին խօսքին իմաստը։ Տասնեակ տարիներ անցած են այդ օրէն եւ եթէ նոյնքան ալ աւելին անցնի, ո՛չ եղածը կը մոռցուի եւ ոչ ալ՝ հայրս։ Թուրքին «լաւ» ըսողին բերանը պապանձի։ Հայերէն ոմանք ինչ-ինչ պատճառներով թեթեւ անցուցած են այդ դաժան եւ զարհուրելի օրերը եւ կը գովեն թուրքը, էֆէնտիս կամ խանըմս ըսելով, բայց չեն անդրադառնար, որ առանց գործելու կ՛ապրի, պէտք է շատ խորամանկ ըլլայ, թուրքին պէս, երկու լարի վրայ նուագող. մէկ կողմէ Ռուսիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ կը մշակէ, միաժամանակ Ամերիկային վրայ կը խնդայ եւ առատօրէն բարիք կը վայելէ… ու կ՛ապրի։ Աստուած ալ կարծէք այդպիսիներուն կ՛օգնէ։ Որո՞ւ դիմենք՝ անսատուած Աստուած։ Ուրիշ կերպ չկար, բացի միանալէ, ձեռք-ձեռքի տալէ։ Այն ատեն մեր Աստուածն ալ պիտի սթափէր եւ մեզ պաշտպանէր, ինչպէս հրեաներունը։
Կեանքիս անչափ տառապալից վեց տարիներուն ընթացքին, մահէն մազաչափ հեռու եղած եմ եւ տասնեակ անգամներ ուղղակի Աստուծոյ հրաշքովը ազատած, առանց լուր ունենալու ծնողքիս գլխուն պատահածէն եւ քոյրերէս, մինչեւ 1922, երբ արիւնախում գազան թուրքին ճանկէն ազատելով Հալէպ հասայ։
Թուրքին մեքթեպը, ուր հայրս ձգեց մեզ՝ չորս եղբայրներս, եւ հեռացաւ առանց ետեւը նայելու, մզկիթին քովն էր. շատ պզտիկ տեղ մըն էր, եւ մեզմէ առաջ արդէն հոն 15-20 հայ տղաք հաւաքուած էին։ Մենք շուարած, վախցած եւ զարմացած սկսանք նախ իրարու նայիլ, յետոյ՝ չորս կողմերնիս. տեսանք, որ բոլոր հոն եղող պզտիկները խումբերով կամ մինակ, տխուր եւ վախցած աչքերով նստած են գետինը, ոմանք ալ հիւանդ են եւ կու լան։ Մենք ալ նոյնպէս լուռ անցանք առաջ, գտանք գետինը ազատ տեղ մը եւ իրարու սեղմուելով նստանք յատակին. կը սպասէինք, թէ ինչ պիտի ըլլար։ Երբ պզտիկներէն ոեւէ մէկը դուրս ելլել ուզէր, թուրք մը իրեն կը տանէր պէտքարան եւ ետ կը բերէր։ Բաւական ատեն վերջ, գիշերը խոշոր կաթսայ մը պլղուրով փիլաւ բերին, որ հաւանաբար հայերուն տուներէն գողցուած էր. դրին մէջտեղը, որ պզտիկները ուտեն։ Աստուած գիտէ, ե՞րբ եփուած էր այդ փիլաւը, որ մէջը որդեր էին, եւ մէկը չմօտեցաւ անոր։ Մանաւա՛նդ, որ այնքան վախցած էինք, որ բոլորս ալ մեր հանգիստ ընտանեկան կեանքէն մէկ անգամէն հո՛ս եւ ա՛յս վիճակին մէջը ինկած, անօթութիւն անգամ չէինք զգար։
Հոն մնացինք 2-3 օր. ամէն օր Բերրիին չորս կողմերէն եւ ուրիշ գիւղերէն ալ կը բերէին հայ տղաք, որպէսզի թրքացնեն բոլորն ալ։
Օրը երկու անգամ՝ առտուն եւ իրիկունը մեզի չոր հաց կու տային. ջուր՝ որչափ ուզէինք, կրնայինք խմել։ Կամար աղբիւրը մօտ էր, եւ մէջերնէս խոշոր հայ տղու մը կուժ կու տային, որ աղբիւրէն ջուր բերէ, անշուշտ թուրք մըն ալ վրան պահակ կարգելով։
Երրորդ օրը մեզի փոխադրեցին բողոքականներու ժողովարանը եւ մաս մըն ալ՝ Նշան Ուրախեանենց տունը, որ բաւական ընդարձակ էր։ (Յետագային Նշանին հանդիպեցայ բախտի բերումով, Լոս Անճելըս. բոլորը ընտանեօք կ՛ապրէին Միհրան եղբօրս տունին առջեւը)։ Եղած էինք շուրջ 150-200 տղաք՝ 4-14 տարեկան։ Նշան Ուրախեանը իմ դասընկերս եղած էր եւ բախտաւոր էր, որ մեր խումբին մէջը չէր։ Իր քեռիներէն մէկը քանի մը տարի առաջ թուրք դարձած էր կաշին ազատելու համար, ինք՝ մօրը հետ փոխադրուած էր քեռիին տունը ապրելու, իսկ հայրը տարիներ առաջ գացած էր Ամերիկա, թրքական լուծէն ազատելու համար։
Այդ ատենները դեռ թուրքերը չէին որոշած մեզի սպաննել. անոնք կ՛ուզէին թրքացնել բոլորս եւ սերունդին ճինսը (genes), ժառանգականութիւնը փոխել։
ԻՍԼԱՄ ԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՋԱՆՔԵՐԸ
Երկրորդ օրը խօսեցան ազգին վրայ, մեզի կը սորվեցնէին՝ «Հիւրիէթ, ատելէթ, միւսեֆէտ, եաշասըն միլլէթ, օսմանլի իզ, քարտաշլիք տըր. քանանըմըզ ազերլի, պիր վաթանա ճանլար ղուրպան, օսմանլի իզ, քարտաշլըք տըր»։ (Օսմանցի ենք, եղբայրութիւն է, օրէնքնիս շատ հին է, մէկ հայրենիքին կեանքեր նուէր, օսմանցի ենք, եղբայրութիւն է)։
Երրորդ օրը խօսեցան կրօնքի վրայ եւ սկսան մեզի սորվեցնել իրենց կրօնքը. «Լէ իլլահա, իլլալահ, հաք տուր Մեմմետ, ռասուլ ալլա»։ Միտքը այս է իմ հասկցածով, որ Մեհմետը սուրբ է, իրենց կրօնքը շիտակ է։
Թուրքերը փոխեցին մեր անունները, լեզուն, ձեռքերնէս առին մեր Հայրենիքը, տունը. սակայն որքան ալ ստիպեցին, չկրցան փոխել մեր հաւատքը, որովհետեւ ան մեր սիրտին մէջն է, մեր հոգիին մէջ. մեր արիւնն է մեր հաւատքը, մեր մարմինները շաղուած են մեր հաւատքով, եւ ոեւէ մէկը չէր կրնար մեր հաւատքը փոխել։ Կարեւոր չէր ի՞նչ ըրին ինծի, ի՞նչ կ՛ընէին ինծի եւ կամ դեռ ի՞նչ պիտի ընէին հետս, միեւնոյնն է. չկրցա՛ն փոխել հաւատքս։ Կա՛մ ես կրցայ ինքզինքս պաշտպանել, կա՛մ ալ Աստուած ինծի պահպանեց, որ ես երբեք հաւատքս չկորսնցուցի. Մանկութեանս կը յիշեմ, եկեղեցին Կիրակի օրերը շապիկ կը հագուէի եւ կ՛երգէի։ Այն ատեն ինքզինքս սուրբ կը զգայի, այնքան որ հաւատք կար մէջս.
Դատ արա ինձ, Տէր, զի ես յամբծութեան
իմում գնացի, ի Տէր յուսացայ՝ զի մի
եղէց հիւանդ։
Փորձեա՛ զիս, Տէր, եւ քննեա՛ զիս,
փորձեա՛ զերիկամունս իմ եւ զսիրտ իմ։
Ոչինչ է պիտո՜յ վասն բանիդ այդորիկ տալ քեզ պատասխանի՜։
Զի է մեր Աստուած յերկի՜նս, զոր մենք պաշտեմք,
կարող է փրկել զմեզ ի հնոզէ հրոյդ բորբոքելո՜յ,
եւ ի ձեռաց քո արքա՜յ, ապրեցուցանել ըզմե՜զ։
Ապա թէ ո՜չ՝ այս ինչ յայտնի լիցի քե՜զ, արքա՜յ, զի զդիս քո մեք ոչ պաշտեմք, եւ պատկերիդ ոսկւոյ զոր կանգնեցե՜ր՝ Երկիր ո՛չ պատգանե՜մք։
Ինծի համար դժուար էր ամէն տեսակ փորձութիւններէ անցնիլ եւ դիմանալ, բայց ես ինքզինքս կը համոզէի՝ յիշելով հօրս այն խօսքը, թէ «Առանց Աստուծոյ հրամանին, չի շարժիր ծառին տերեւն իսկ»։ Այդ խօսքը ինծի ուժ կու տար զիս ողջ պահելով անմարդկային չարչարանքներու դժուար տարիներուն։
Եւ այսպէս, մօտ երկու շաբաթ մեզի կը վարժեցնէին իրենց կրօնքին եւ կը թրքացնէին։ Օր մը կու գար մոլլան, օր մը կու գար խոճան, յետոյ շաբաթ մը վերջ կու գային քննելու, թէ որչափ սորված ենք։ Մեծերը կրցան բաւական սորվիլ, բայց պզտիկները՝ չկրցան։
Հազիւ անցած էր երկու շաբաթ, սկսան մեզի՝ մեծ տղոց տանիլ հայերու լքուած, գոց տուները բանալու եւ բոլոր ապրանքները կրելով՝ մեր եկեղեցիին մէջը հաւաքելու։ Հայերու տուները գամուած էին, գոցուած եւ կնքուած. թուղթ փակցուած էր կառավարութեան կողմէ. «Պարպուած են հայ բնակչութենէն։ Տուներուն ներսէն, դուրսէն, ինչ որ կար կառավարութեան կը պատկանի»։ Շատ անգամ, երբ կը մտնէինք տուները, կը տեսնէինք, որ մինչեւ մեր երթալը արդէն թալանուած են թուրք կամ քիւրտ ագռաւներու կողմէ։ Այս տուները, երբ հայ տղայ մը մտնէր, կը տեսնէր ամէն բան գեղեցիկ, մաքուր, ձեռքի նուրբ աշխատանքով, աղուոր ձեռագործներով, ճակտի քրտինքով շարուած, շտկուած է տարիներու ընթացքին. գործիքներ, որ մարդիկ կը գործածէին շինելու եւ ստեղծելու համար, չորցած պտուղներ, մեղր, կարագ, հաց եւ այլ ուտելիքներ, ինչ որ մարդուն պէտք էր ապրելու եւ ընտանիք պահելու համար, իսկ ինք պէտք էր այդ ամբողջ թալանը յանձնէր թուրք կառավարութեան. շատ մեծ ցաւ կը զգար իր հոգւոյն մէջ եւ ատելութիւն՝ դէպի այդ վայրենի ազգը։ Ստիպուած էինք այս զգացումները սանձելու եւ պարպելու՝ հայերու պատկանած տուները. ձեռքերնէս ուրիշ ոչինչ կու գար, չէինք կրնար դէմ կենալ։ Բոլոր հայերու տուները պարպելով, ամբողջ ապրանքները կրեցինք հայկական եկեղեցին եւ Ուրախեանենց տունը լեցուցինք մինչեւ առաստաղը։ Թուրք պաշտօնեաներն ալ ինչ որ աչքերնին զարկաւ, գողցան, տարին, մնացեալը ձգելով կառավարութեան։ Օրուան ընթացքին տուներ շրջելով եւ պարպելով, ապրանքներն ալ եկեղեցին կրելով ո՛չ միայն մարմինով կը յոգնէինք, այլ հոգեպէս կը չարչարուէինք անարդար եւ անօրէն բաներ տեսնելով, ծնողքիս եւ մեծ հօրս սորվեցուցածին հակառակ բաները ընելով։ Թուրքերը շատ լաւ մտածած էին, որ այս գործերը, այս թալանը հայու զաւակներու ձեռքերով կ՛ընէին։ Գիտէին, որ այս թալանը որքան տանջանք եւ հոգեկան չարչարանք պիտի պատճառէր հայու երեխաներուն։
Ի՞նչ էին եկեղեցւոյ պատերուն զգացումները, երբ մենք՝ հայու զաւակներս, ստիպողաբար հոն կը կրէինք քշուած, չարչարուած եւ սպաննուած հայերուն տուներուն ապրանքները, երբ քանի մը շաբաթ առաջ ես հոն մտնելով, կը զգայի ապահովութիւն եւ սրբութիւն. հիմա այդ զգացումները միտքէս դուրս պէտք է վանէի։ Խորհեցայ, որ այս պատերը ինծի պէս շուարած են, անոնք արդեօք կրնայի՞ն երեւակայել, թէ ինչ եղան իրենց ծառայող տէր հայրերը, վարդապետները եւ իրենց հաւատացեալ հօտը։ Եկեղեցիին կառուցուածքը կ՛արտացոլէր իրեն անտէր մնալուն ցաւը… կ՛երեւի մեր ցաւն ալ հասկնալով՝ մեզի ներեց։
Ամէն գիշեր, երբ օրուան աշխատանքէն յոգնած, դադրած, չարչարուած կը վերադառնայի ժողովարան, ճամբան կը մտածէի թէ արդեօք եղբայրներս հոն պիտի գտնե՞մ եւ կ՛անհանգստանայի, թէ ի՞նչ ըրած են անմեղ պզտիկ եղբայրներուս եւ արդեօք միւս օրը ի՞նչ պիտի ընեն. միտքս միշտ տակնուվրայ էր։ Երբ տեսնէի, որ հոն են եղբայրներս, կը գրկէի եւ կը սեղմուէի իրենց ամբողջ գիշեր, մինչեւ յաջորդ առաւօտ կրկին բաժնուիլս։
Երբ հայերու տուներէն ապրանքը կրէինք, դուրսերը միայն ողջ մնացած անօթի շուներն էին, որ առանց կենալու կը պտըտէին փողոցներուն մէջ ու իրենց տէրերը կը փնտռէին։ Անոնք ալ մեզի պէս շուարած էին։ Շուներէն մաս մը աննպատակ ոռնալով կը թափառէր, իսկ միւսները իրենց տէրերուն տուներուն չորս կողմը հոտոտելով կ՛ոռնային, յոյս ունենալով գտնելու զիրենք։ Ես շատ լաւ կ՛ըմբռնէի շուներուն զգացումները, երբ մէկը սատկէր տիրոջը տունին առջեւ։ Անոնց ողորմելի կաղկանձները մինչեւ հիմա ականջներուս մէջ կը հնչեն։
ԱՌԱՋԻՆ ՓԱԽՈՒՍՏՍ
3. ԿԵԱՆՔՍ ՔԷՕՌ ՄԱՄՈՅԻՆ ՀԵՏ
Տունը, ուր Քէօռ Մամոն կ՛ապրէր, եղած էր հայու մը տունը, որ Բեկին քով կ՛աշխատէր. յետոյ հայուն քշած էին եւ տունը յանձնած էին Քէօռ Մամոյին՝ մէջը եղած ապրանքով։ Ընդարձակ սենեակ մըն էր, որ կանգնած էր վեց սիւներու վրայ, օճախ ունէր, շատ խոշոր ախոռ եւ խզէն (մառան, ուտելիքի պահեստ)։
Երբ մտանք տունը, միեւնոյն խօսքերը կրկնեց, որ «ընողին չի մնար» եւ շարունակեց. «Իմ քովս փրկուած ես, այնքան ատեն, որ չեմ մեռած, քեզի վնաս չի գար, կրօնքիս վրան կ՛երդնում» եւ նորէն անէծք տուաւ՝. «ընողին չի մնար», ըսելով. «Լա՛ւ գիտեմ, որ հայրդ անմեղ էր»։ Այս խօսքերէն եւ իր վարմունքէն ես քիչ մը վստահութիւն ունեցայ վրան։
(Գիտէ՞ք ինչ, գրածս, զգացումս, յիշողութիւնս ալ շատ եղաւ, ո՞րը ըսեմ, ստիպուած աղջիկիս՝ Զարուկին փափաքին համաձայն, պէտք է շարունակեմ։ Եղաւ հինգ-վեց ամիս, իրեն խոստացած եմ բաւական մը գրել, տարիքս 75ը անցած է։ Ձանձրացած եմ, եւ լսողն ալ, կարդացո՛ղն ալ կը ձանձրանայ)։
Երեկոները չէի քնանար։ Այդ կոյր թուրքը՝Քէօռ Մամոն, քովս կը նստէր՝ սիրաշահելու եւ յոյս արթնցնելու խօսքերով, զիս իրական հրեշտակի պէս կը հոգար։ Արդեօք Յիսուսէ՞ն եկաւ այս անձը, թէ Մեհեմմետը ղրկեց, այդ ալ դուն ըսէ…
Քէօռ Մամոն երկարահասակ, ճերմակ մորթով, սեւ մազերով գեղեցիկ մարդ էր, կ՛ըլլար մօտ երեսունհինգ տարեկան։ Միայն աչքին ճերմակները կային, սեւը չունէր։ Երբ ջղային կամ վախցած ըլլար, աչքէն արցունք կը վազէր։
Երկու-երեք օր ետք, երբ կը լսէ, թէ քունիս մէջ միշտ կու լամ եւ եղբայրներուս անունները կ՛ըսեմ, հարցուց ինծի. «Ինչո՞ւ միշտ կու լաս, ի՞նչ ունիս»։ Ըսի, որ եղբայրներս ժողովարանն էին, ի՞նչ եղան լուր չունիմ։ Քէօռ Մամոն ըսաւ. «Մի՛ լար, քեզի երեկոյեան եղբայրներուդ քով պիտի տանիմ, որ տեսնես զիրենք»։
Այդպէս ալ ըրաւ։ Մութը կոխելուն պէս, հետերնիս ալ քիչ մը ուտելիք առինք, գացինք ժողովարան, ուր բաւական տղաք դեռ կային։ Տեսայ, որ Քերոբը նստած էր, իսկ Նշանը գլուխը դրած էր Քերոբին ծունկին վրայ, լաւ չէր զգար. հարցուցի, թէ Գասպարը ո՞ւր է։ Քերոբը պատասխանեց. «Երէկ թուրք մը եկաւ եւ զինք տարաւ, մենք մնացինք անտէր»։
Աստուծոյ անունը վկա՛յ, այս ըսածներս ճիշդ են, չափազանցութիւն չկայ, թէ ինչպէս զգացումս եւ լացս թուրք Քէօռ Մամոն զգաց, որ չէր տեսներ։ Ինծի ըսաւ. «Հետերնին հայերէն խօսի՛ր եւ ըսէ՛ որ պարտէզս գան։ Բացատրէ, թէ ինչպէս գան եւ գտնեն քեզ ցերեկ ատեն»։
Ես այդպէս ալ ըրի. բացատրեցի եղբայրներուս պարտէզ գալու ճամբան։ «Կոլ» աղբիւրի ճամբուն վրայ քանի մը պարտէզ կային, որոնցմէ մէկը Քէօռ Մամոյինն էր։ Միւս օրը կոյրը զիս ցերեկով հոն տարաւ, որ տեսնեմ զիրենք եւ հետս ալ քիչ մը ուտելիք տուաւ, որ տամ եղբայրներուս։
ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՍ ՀԵՏ
ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷæ
Այսպէս կը սպասէի եղբայրներուս պարտէզին դուռին քով, երբ տեսայ՝ երկուքը ձեռք- ձեռքի բռնած, Աղաբար պոռալով կու գային։ Երբ Աղաբարը լսեցի, անմիջապէս ելայ պարտէզին դուռէն եւ ներս առի զիրենք։ Ինչպէ՞ս այս պզտիկ երեխաները կրցան գաղտուկ դուրս ելլել ժողովարանէն առանց վախի եւ առանց բռնուելու. եւ ինչպէ՞ս կրցան գտնել ճամբան դէպի պարտէզները երթալու, անհաւատալի էր, որով անոնք երբեք տունէն չէին ելած եւ տեղ մը չէին գացած մինակնին։ Ի՜նչ վայրկեաններ. երեք եղբայր քով-քովի, զիրար համբուրել, գրկել, սիրել։
Տարած ուտելիքներս ուտելէ ետք, երբ տեսայ, որ պզտիկ եղբայրներուս աչքերը տխուր են, այլեւս քաջութիւն առի, առանց Քէօռ Մամոյին հրամանին, դեղձի ծառէն աղուոր հասած դեղձ մը փրցուցի, որ ուրախացնեմ եղբայրներս, սեղմելով երկու կտոր ըրի, մէկ կտորը տուի Նշանին, միւսը՝ Քերոբին եւ ես առանց համին նայելու, զարմացած սկսայ նայիլ կուտին, որ ոչ մէկ պտուղի կուտին նման չէր, շատ գեղեցիկ զարդեր ունէր եւ դուրսէն ծակ-ծակ էր։ Այս մէկը ինծի համար նորութիւն էր, մենք դեղձ չէինք տեսած, մեր պարտէզին մէջ դեղձ չունէինք։ Սակայն այս ալ չուրախացուց եղբայրներս։ Բաւական ժամանակ իրարու հետ անցընելէ ետք, պահը եկաւ եղբայրներէս ստիպուած բաժնուելու։ Արդեօք վաղը պիտի կրնա՞նք նորէն տեսնուիլ։ Եղբայրներս արցունքոտ աչքերով ձգեցին գացին քաջութեամբ՝ ինչպէս որ եկած էին, յաջորդ օրը գալու պայմանով։
Եւ այս ձեւով մենք տեսնուեցանք իրարու հետ երեք օր։ Երկրորդ օրը աւելի դժուար բաժնուեցանք իրարմէ, քան առաջինը. երթալով վախը կը շատնար մէջերնիս, որովհետեւ մենք չէինք գիտեր ի՞նչ եղած են ծնողքս, ի՞նչ կ՛անցնի կը դառնայ, ի՞նչ պատահած է Գասպարին։ Երրորդ օրը, երկու եղբայրներս եկան եւ ըսին, որ թուրքերը իրենց ըսած են, որ վաղը զիրենք պիտի տանին իրենց հօր մօտ։ Իրենք կը հաւատային, որ վաղը պիտի երթան հայրիկին, որով դեռ պզտիկ էին. Նշանը վեց տարեկան էր, իսկ Քերոբը՝ ինը, չէին հասկնար ի՞նչ պիտի ըլլար իրենց վաղուան օրը. մեր պաշտած Յիսուսը եւ Աստուած ինչե՜ր պիտի պարգեւէին այս երեխաներուն։ Ես մեծ էի եւ կը հասկնայի իրենց անապահով վիճակը, բայց չէի կրնար զիրենք պաշտպանել. Նշանը վախցած՝ ձայն չէր հաներ եւ կը պահուըտէր Քերոբին ետեւը։ Ես շատ յուսահատ, միայն կրցայ այդ վայրկեանին ըսել իրենց, որ երթան հօրաքոյր Աղաւնիին տեսնեն, կարելի է պահէ զիրենք, ճար մը գտնէ կամ եթէ չկրնայ պահել, ես երեք ղրուշ ունէի, որ գտած էի հայերուն տուներու ապրանքները պարպելու եւ եկեղեցի տանելու ժամանակ, տուած էի իրեն, որ պահէ. թող տայ իրենց։ Տարիներ ետք իմացայ, որ Աղաւնին ո՛չ կրցած էր պահել, ո՛չ ալ դրամը տուած էր իրենց։
Ես վերջին անգամ ըլլալով իրենց տուի կութա (վարունգի երկայն տեսակ), վարունգ, լոլիկ, այլեւս դեղձ չկար, որ տայի եւ անկէ վերջ անոնք ալ գացին անհետանալու։ Այս երկրորդ անգամն էր, որ իրենք հեռացան ինձմէ, բայց չէի գիտեր, որ վերջին անգամն էր, այլեւս ամէնէն սիրած եղբայրս պիտի չտեսնէի երբեք։ Նշանը միշտ եղած էր մեր ամէնէն սիրելի եղբայրը, ինչու որ գեղեցիկ էր, ամէնէն պզտիկը, անուշիկ, բաց գոյնի մորթով, սեւ աչքերով եւ միշտ խելօք։
ՀԱՅԵՐՈՒ ԼՔՈՒԱԾ ՏՈՒՆԵՐԸ ԿՈՂՈՊՏԵԼԸ
Քէօռ Մամոն գիշերները գողութեան կ՛երթար, հակառակ որ ցերեկը գիշերէն տարբերութիւն չունէր իրեն համար, միայն թէ գիշերը դուրսը քիչ մարդ կ՛ըլլար։ Իրեն պատեհութիւնը շատ էր, բաւական ապրանք բերած էինք իր տունը, քանի մը կոտ մեղր, մէջը լեցուն անուշ կարագի գունտերով։ Հայերը կարագը համով մնալու համար հալած մեղրի մէջ կը պահէին։ Գիշերները կ՛երթայինք նաեւ հայերու պարտէզներէն լոլիկ գողնալու։ Պարտէզներու դռներուն կղպանքները փայտէ շինուած էին, Քէօռ Մամոն կղպանքները բանալու մէջ շատ վարժ էր։ Ներս մտնելէ ետք, ինծի ցոյց կու տար ո՛չ շատ հասած, ո՛չ շատ խակ լոլիկները, որ հաւաքեմ։ Շատ կը սիրէր հաւկիթն ու լոլիկը. միշտ կ՛եփէր եւ լաւ ախորժակով կ՛ուտէր։
Քէօռ Մամոն ախոռին մէջ, ձիուն քով, նաեւ հաւեր կը պահէր։ Հաւերը միշտ միեւնոյն տեղը հաւկիթ կ՛ածէին, Քէօռ Մամոն ամէն առտու առանց հաւկիթներուն կոխկռտելու կ՛երթար եւ կը հաւաքէր հաւկիթները։
Ես բաւական յարմարեցայ իրողութեան, անուշ կարագ եւ մեղր կ՛ուտէի։ Մամոն ինծի վարժեցուց ինչպէս մատերով փրցնեմ կարագը եւ մեղրին թաթխելով, առանց կաթեցնելու բերանս տանիմ։ Կ՛երթայի միշտ կարասին քով, ձեռքովս կարագը կը կիսէի եւ կ՛ուտէի գաղտուկ, երբ կոյրը տունը չէր։ Ինքզինքս յանցաւոր կը զգայի ըրածիս համար, բայց միւս կողմէ ալ կը մտածէի, որ չեմ բռնուիր, Մամոն չի հասկնար պակսիլը, որով կարագի նոր գունտ մը կ՛ելլէր մեղրին երեսը, եւ պակասը յայտնի չէր ըլլար։
Ատեն-ատեն Քէօռ Մամոն ինծի տունը առանձին կը ձգէր եւ ինքը դուրս կ՛երթար։ Ես կը նստէի գետինը, մութին մէջ, Քէօռ Մամոն լոյսի պէտք չունէր եւ իր սենեակը կը լուսաւորէր միայն օճախին լոյսով։ Մութը, մինակութիւնը եւ վախը, թէ ինչ կ՛անցնի կը դառնայ, եղբայրներս, ծնողքս, ընտանիքս ի՞նչ եղան, ինքզինքս շատ գէշ կը զգայի։ Ամէն անցնող օրուան հետ դուրսերը կը պակսէին ծանօթ դէմքերը։
Օրին մէկը, երբ ես նորէն մինակ էի մտածումներուս մէջ, կարծելով որ Քէօռ Մամոն պիտի ուշանայ, որոշեցի նորէն մեղր ու կարագ ուտել եւ երբ նոր սկսայ կարագը կիսել ու մեղրով ուտել, Քէօռ Մամոն դուռը զարկաւ, որ բանամ։ Մեղրոտ ձեռքս աճապարանքէս, դուռին հասնելէ առաջ զարկի սիւնի մը, որով մութ էր, եւ քիչ մըն ալ ուշացայ բանալու։ Երբ դուռը բացի, ըսաւ՝ «ինչո՞ւ ուշացար», եւ ինչպէս սովորաբար, սիւներուն չզարնուելու համար ձեռքերը պարզած առաջ կ՛երթար։ երբ հասաւ այդ սիւնին, որ մեղրով ձեռքս դպած էր, հասկցաւ եղելութիւնը, եւ վստահ եմ, որ գուշակեց, թէ վախցայ ըրածէս, ուստի, շուտով մօտեցաւ օճախին, վառեց օճախը, քովը նստաւ եւ ինծի ալ ըսաւ. «Քովս նստիր»։
Ես խորհեցայ, թէ կարելի ներէ, այդպէս ալ եղաւ։ Առաջին խօսքը եղաւ, որ չըլլայ ես իրմէ վախնամ, որով յանցանքը իրն է, թէ ես լաւ ընտանիքէ կու գամ, գողութիւնը իրմէ վարժուած եմ, այսքան ատեն իր հետը կ՛ապրիմ եւ ըսաւ. «Տունը ինչ որ կայ, բոլորը քուկդ է. կե՛ր ինչ որ ախորժակդ կը տանի, միայն ազատ ձեւով, ոչ թէ գողնալու պէս»։ Ըսաւ նաեւ. «եթէ աչքերս բաց ըլլային, ես ալ գող չէի ըլլար. այս է միակ իմ ապրուստի միջոցը. թէ ոչ ի՞նչ գործ կրնամ ընել առանց աչքի»։ Յետոյ խրատեց՝ ըսելով. «Ուր որ երթաս, դուն քեզի միշտ տաք պահէ, պաղէն միշտ վտանգ կու գայ (մինչեւ այսօր պաղէն կը վախնամ). մէյ մըն ալ որեւէ երկիր երթաս, առաջին օրէն սկսիր օրական մէկ-երկու պճեղ սխտոր ուտելու, մինչեւ օդին, ջուրին վարժուիս։ Սխտորը միքրոպները (մանրէ) կը մեռցնէ, ըրէ ինչ որ կ՛ուզես, միայն սուտ մի՛ խօսիր, նոյնիսկ եթէ քեզի կախելու ըլլան։ Աստուած հետդ ըլլայ, եթէ օր մը ես հետդ չըլլամ, դուն իմ սիրտս գրաւած ես. քեզի որեւէ ատեն պիտի չձգեմ. միայն խոստացի՛ր, որ դուն ալ զիս չձգես, այնքան ատեն որ քեզի պէտք ունենամ»։
Քէօռ Մամոն աղուոր մարդ էր, ես հանգստացայ, քիչ մը իր խօսքերը եւ խրատները լսելով։ Ինք ազդեցութիւն ունեցաւ նաե՛ւ բնաւորութեանս վրայ, քանի որ ես իր հետ ապրած եմ կեանքիս մանկութենէ պատանեկութիւն փոխանցման շրջանը։
Հակառակ որ Մամոն քէօռ էր, բայց շատ պարզամիտ եւ զգայուն մարդ էր։ Ունէր գեղեցիկ, ճերմակ ձի եւ շատ կը սիրէր ձիով ազատ պտըտիլ լեռներու վրայ։ Ձին լեռը կը տանէինք արածելու, ատեն-ատեն ձին մեզմէ կը հեռանար։ Քէօռ Մամոն կը պառկէր, ականջը գետին կը դնէր եւ երկու ձեռքերը իրարու զարնելով կը ծափէր. ձին ձայնը առնելով իրեն կը մօտենար։
ՍԱՐԱՍԱՓԱԶԴՈՒ
ՊԱՏԱՀԱՐՆԵՐ
ԽՈՒՇԻ ՃԱՄԲՈՒՆ
Օրին մէկը Քէօռ Մամոյին հետ կ՛երթայինք իր բարեկամին քով՝ Խուշի գիւղը. ճամբան կ՛անցնէր հայկական հին գերեզմանոցին քովէն. յիշեցի, թէ ինչպէս երկու ուսուցիչներու ղեկավարութեամբ՝ ես, Գասպարը, ուրիշ դասընկերներ, խումբով քանի մը անգամ գացինք օգնելու՝ գերեզմանին քարերը փորելով մէջտեղ հանելուն։ Այդտեղը եղած էր հայերուն հին գերեզմանատունը, որ հիմա շատոնց լքուած էր, եւ հոն թաղուածներուն հարազատներէն մէկը չէր մնացած ու գերեզմանները անտէր էին։ Մօտիկ գիւղերէն գիւղացիներ նոյնպէս այդ քարերէն կը գործածէին տուն շինելու ատեն։ Մեր դպրոցին տնօրէնն ալ մտածեց, որ այս քարերը աղուոր չափաւոր կտրուած են եւ մեր դպրոցը մեծցնելու համար կրնային օգտագործել. աշակերտները հետզհետէ կը շատնային, այլեւս ուսումը անվճար էր։
Խուշի գիւղին կէս ճամբան, երբ հասանք Մելէին ձորը, մէկէն սոսկացի աչքիս առջեւ բացուած տեսարանէն։ Աւելի վայրենի տեսարան մարդ չի կրնար երեւակայել. հարիւրաւոր հայերու չարչարուած մարմիններ իրարու վրայ լեցուած կամ ցրուած ամէն կողմ, տղամարդ, կին, ծեր, երիտասարդ, պզտիկ, երեխայ։ Բոլորը նետուած էին Բերրի գետին երկու կողմերը։ Աւելի շատ ցնցուեցայ պզտիկ երեխաներու գլուխներ եւ մարմինի մասեր՝ թեւ, ոտք տեսնելով։ Մէկէն զգացի փտտող մարմինի հոտը ու հասկցայ, որ այս ջարդը կատարուած է ոչ շատ առաջ։ Ես չկրցայ ընդունիլ, թէ ի՞նչ կը տեսնեմ, երբ լսեցի Քէօռ Մամոյին ձայնը, որ կ՛ըսէր թեւս քաշելով. «Այստեղէն շուտ մը երթանք առանց չորս կողմդ նայելու»։ Հակառակ որ ինքը կոյր էր եւ չէր տեսներ իմ տեսած աներեւակայելին, բայց հոտէն ըմբռնած էր չորս կողմի վիճակը։ Դեռ խօսքը բերանն էր Քէօռ Մամոյին, երբ երեսս դարձնելու ատեն տեսայ ամենամտերիմ դասընկերոջս՝ Գէորգ Նորոյեանին փռուած մարմինը. զինք ճանչցայ անոր բաց մնացած մէկ աչքէն, որ սեւեռած կարծես կը նայէր ինծի եւ կը պատմէր իրեն պատահածը։ Բերանը, քիթը եւ միւս աչքը կամ վայրի կենդանիները կերած էին, կամ ալ վայրենի թուրքերը չարչարելու ատեն կտրտած էին։ Չկրցայ շարժիլ, ուզեցի ետ տալ (փսխել)։
Հազիւ 14 տարեկան էի, եւ իմ մատղաշ միտքս չկրցաւ ընդունիլ, թէ մարդը մարդուն ինչպէս կրնայ այս տեսակ վայրենի բաներ ընել։ Հազիւ քանի մը ամիս առաջ էր, որ ես եւ Գէորգը իրարու հետ ընկերութիւն կ՛ընէինք՝ որպէս երկու հասակ առնող տղաք։ Արցունք չունէի լալու, բայց զգացի սոսկալի ցաւ մը մէջս. նորէն լսեցի, որ Քէօռ Մամոն ինծի կը կանչէ։ Ստիպուած գացի Քէօռ Մամոյին հետ՝ տխուր եւ մտածկոտ։ Ճամբան Քէօռ Մամոն զիս կը մխիթարէր ըսելով, որ Աստուած ասոնց պիտի պատժէ այս հրէշային արարքներուն համար։
Հազիւ հասանք կամուրջի մը, որ պէտք է անցնէինք Խուշի երթալու, նորէն աչքիս առջեւը նոյն՝ քիչ առաջուան տեսարանը բացուեցաւ. մարդիկ նոյն ձեւով սպանդի ենթարկուած էին։ Հարիւրաւոր մարմիններ, մէկը առանց թեւի, միւսը առանց գլուխի, երրորդին կէս մարմինը, իրարու վրայ շարուած էին սարի պէս. այնչափ շատ էին, որ չկրցանք կամուրջին վրայէն անցնիլ, գետին մէկ կողմէն մինչեւ միւսը։ Այս մարմիններուն վիճակէն ես հասկցայ, որ այս ջարդը աւելի նոր եղած է, քան նախորդը, մէկ տարբերութեամբ,որ շատ աւելի պզտիկ երեխաներ մորթուած էին այստեղ։ Այս մէկը աւելի մեծցուց յուսահատութիւնն ու ցաւը հոգիիս մէջ։ Հիմա արդէն քիչ-քիչ կը հասկնայի, թէ Բերրիի ժողովուրդը ի՞նչ եղաւ. 800 հայ ընտանիք։ Արդեօք ա՞յս էր իրենց ճակատագիրը։ Քէօռ Մամոն ստիպուած ինծի դուրսը ձգեց եւ ինք մինակը մտաւ ներս։ Ես դուրսը կ՛ուզէի ձեւով մը հաշտուիլ տեսածիս հետ։ Մարդկային ուղեղը չի կրնար անմիջապէս ընդունիլ այսպիսի վայրենի արարքները։ Մէկէն միտքս եկաւ քանի մը տարի առաջ մեծերէն լսած մէկ պատմութիւնս։
Հարուստ քիւրտ մը, որ անունը Տարէ Պախչի էր, ունէր շատ հողեր եւ երկու մանչ զաւակ։ Ծերութեան տարիներուն կը մտածէ հողը հաւասար բաժնել երկու տղոց, բայց դժուարութիւն մը կար, որ ջուրը երկուքին համար ալ միեւնոյն տեղն էր։ Տարէ Պախչին կ՛որոշէ այդ խնդիրը լուծել այսպէս. տղոցմէ ամէն մէկը ջուրը կը գործածէ կարգով՝ օր մը մէկը, միւս օրը՝ միւսը։ Բայց զաւակներէն մէկը միւս եղբօրմէն կը գողնայ ջուրը, իսկ երկրորդ եղբայրը մարդ կը վարձէ, որպէսզի եղբօրմէն վրէժ լուծէ։ Ինք կը բռնէ եղբօրը, գլուխը քարին կը դնէ եւ վարձուած մարդուն կը ստիպէ քարով ճզմել եղբօր գլուխը։ Գիւղացիները կը թշնամանան յանցաւոր եղբօր հետ, կը կապեն զինք, կը դնեն սայլի մէջ եւ կը դարձնեն գիւղին չորս կողմը, որ դիտողները անիծեն եւ թքնեն վրան։ Թուրք պաշտօնեաները չկեցուցին այս պատիժը, գիտնալով, որ հայերուն թաղը մօտ էր, եւ այս քիւրտը պիտի անցնի հայերուն քովէն. կ՛ուզէին, որ հայերն ու քիւրտերը թշնամացնեն, լարեն իրարու դէմ։ Այդպէս ալ, երբ մարդը կ՛անցընեն հայերուն թաղին մէջէն եւ հայերն ալ կը թքնեն վրան, քիւրտը կատղած կը պոռայ. «Ինծի ատանկ մի՛ նայիք, օր մը ես այս տեղէն պիտի ազատիմ եւ բոլոր հայերը պիտի կոտորեմ»։
Հիմա, երբ դուրսը Քէօռ Մամոյին կը սպասէի, կը զգայի, որ այդ քիւրտը իր վրէժը վերջնական առած է հայերէն։ Միայն խենթացած միտքը, ինչպէս քիւրտինն էր, կրնար այդ տեսակ չարագործութիւն ընել։
Վերադարձին Քէօռ Մամոն քալեց տարբեր ճամբով. չուզեց, որ ես կրկին տեսնեմ այդ զարհուրելի պատկերները։ Քէօռ Մամոն թուրք էր, բայց կը մտածէր իմ մասիս եւ կ՛ուզէր պաշտպանել զիս։ Ան նոյնպէս շատ նեղուած եւ ազդուած էր իր ազգակիցներուն ըրածներէն։
Քանի մը շաբաթ ետք, երբ նորէն Քէօռ Մամոյին հետ փողոցը կը քալէինք, ես ականատես եղայ աւելի դաժան պատկերի մը եւ հասկցայ, որ թուրքերը որոշած են բոլոր հայերը ոչնչացնել։ Յանկարծ տեսայ, որ երեք հայեր կապած են իրարու, գլխատած եւ ոտքերէն կախած էին ծառէն։ Արդեօք ի՞նչ պատճառ ունէին, ի՞նչ կ՛ուզէին մեզմէ, ինչո՞ւ այսչափ վայրենի դարձած էին մեզի հանդէպ։ Ամէն անգամ նմանօրինակ տեսարան մը նոյն ձեւով տակն ու վրայ կ՛ընէր զիս. կ՛ուժովցնէր ներքին ցաւս եւ ատելութիւնս՝ հանդէպ թուրքին։ Երբեք չկրցայ վարժուիլ այս տեսակ վայրենի, անմարդկային արարքներու։
Այն բոլոր պատահարները, որոնց ականատես եղած կամ պատահաբար հանդիպած եմ, ազդած են վրաս. ատոնցմէ միայն քանի մը հատն է, որ միտքիս մէջ շատ զօրաւոր տպաւորուած է ամբողջ կեանքիս ընթացքին։
Քէօռ Մամոյին հետ կ՛ապրէի. հազուադէպ պատահող օր մը, երբ առանձին էի փողոցը, հանդիպեցայ դասընկերոջս՝ Թորոս Մալխասեանին, որուն հայրը «պարտախխանէ»ին տէրն էր։ Իրարու հետ «պարտախխանէ» գացինք։ Փողոցները եւ չորս կողմը մարդ չկար, բայց «պարտախխանէ»ին հնոցը՝ կաւէ շինուած ամանեղէնը եփելու փուռը, դեռ կը վառէր, հակառակ որ ջարդէն բաւական ժամանակ անցած էր։ Թորոսը բաւական բաներ շինած եւ պատրաստած էր թրծելու (եփելու). ինծի պատմեց, որ թուրքերը իր ամբողջ ընտանիքը մեռցուցած էին եւ զինք միայն ողջ ձգած, որ գոնէ մէկը ըլլայ կուժ շինող։ Այդ օրը Թորոսէն բաժնուելէս ետք այլեւս չտեսայ զինք։
Այդ ժամանակաշրջանին, քանի մը անգամ փողոցը հանդիպեցայ դրացի Մէյնազարին Աւետիսին, որ դասընկերս եղած էր, մուսուլման դարձած էր եւ հպարտ, ինքզինքը տիք բռնած փողոցը կը քալէր. խօսեցայ հետը։ «Կեաւուրտէն տէօնէն սիրքէտէն քեսկին օլուր» (Կեաւուրին թրքացողը՝ քացախէն ուժով կ՛ըլլայ) կ՛ըսեն։ Ճիշդ այդ դիրքը առած էր։
Յետագային լսեցի, որ երբ քիւրտերը Մեծկերտը առին եւ եկան Բերրի, փախչելու ընթացքին թուրք հրամանատարը ըսած էր. «Ճանլըլարը ճանսըզ էտին» (ողջերը սպաննեցէ՛ք) , այդ ժամանակ է, որ բոլոր պահուած, թրքացած կամ ազատած հայերուն վերջնականապէս կոտորած էին։ Այդ ատեն մեռցուցած էին Թորոսին, մօրեղբօրս՝ Հմայեակին հօրը, որ Հիւսնի Բեկին կերակուր եփողն էր, Աւետիսին, տէր Պօղոսին եւ շատերուն։ Թուրքերը կ՛ըսէին «Քիմի քի մուսուլման սայարսախ, խաչը գոյնունտան չխար» (որու որ մուսուլման հաշուենք, խաչը ծոցէն կ՛ելլէ)։
Չեմ գիտեր ինչպէս միտքս եւ հոգիս ընդունեցին աչքիս տեսածները, ունեցած ապրումներս եւ ինծի արտօնեցին յարմարիլ այն ցաւին, որուն փորձառութիւնը ունեցայ։ Ամէն օր միայն վերապրելու եւ ինքզինքս փրկելու մասին կը մտածէի։ Ձեւով մը հասկցայ, որ իւրաքանչիւր վախազդու տեսարան պիտի կարենամ միտքիս մէջ թաղել այնքան խորունկ, որքան որ կարենամ։ Ինքզինքս միշտ կը պատրաստէի գալիք դժուարութիւններուն։ Այս ամբողջ կուտակուած վախերը եւ չարչարանքները կրցան մէջէս դուրս յայտնուիլ միայն այն ատեն, երբ ես արդէն ո՛չ կեանքի վախ ունէի եւ ոչ ալ՝ ապրուստի։ Օրուան բոլոր խորհուրդներուս մէջ միշտ միտքս հոն կ՛երթայ, մինչեւ կեանքիս այս օրերը։ Ես երբեք չվարժուեցայ այդ պատկերներուն, ատոնք ինծի միշտ կ՛այցելեն եւ շուքի պէս ինծի կը հետեւին ամբողջ կեանքիս ընթացքին…
Ես դժոխքէն չեմ վախնար՝
Կեանքս… դժոխքէն անցած է։
Տառապելէն վերջ այսքան,
Դեռ տառապելէն կը վախնամ։
Քէօռ Մամոն սիրած աղջիկ մը ունէր, անունը Էմինէ, որ Քէօռ Մամոյին մեռած եղբօր կինն էր. շաբաթը մէկ-երկու անգամ կու գար Քէօռ Մամոյին քով, եւ այդ էր միայն մեր անցուցած հաճելի ժամանակը։ Քէօռ Մամոն երգեր ունէր սիրած աղջկան վրայ. ինք կ՛երգէր, ինծի ալ վարժեցուց. երբ Էմինէն գար, ինծի կ՛ըսէր՝ երգենք միասին.
Էմինէմ պիր կիւզէլ, եարը պէն օլամ,
Տաղլար չիչէկ օլա, կիւլիւբ պէն օլամ,
Էմինէմ պիր կիւզէլ, եարը պէն օլամ…
Էմինէմ օթուրմուշ փունար պաշընա,
Սաչլարը դարամըշ գաշըն իւստիւնէ,
Սելամը կէօնտէրմիշ պաշըն իւստիւնէ…
(Էմինէս գեցեցիկ է, սիրելին ես ըլլամ,
Սարերը ծաղիկ ըլլան, վարդը ես ըլլամ,
Էմինէս գեղեցիկ է, սիրելին ես ըլլամ…
Էմինէս նստեր է աղբիւրին գլուխը,
Մազերը սանտրեր է ունքին վրայ,
Բարեւը ղրկեր է գլխուն վրայ…
Աղջիկը կը լսէր, ինծի կ՛ըսէր՝ «միայն դուն երգէ», խնդալով մազերս կը շփէր ըսելով. «Մեծնաս, քեզի պիտի առնեմ»։
ՔԻՒՐՏԵՐՈՒ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆԸ
Քանի մը ամիս անց, օր մը լսեցինք, որ քիւրտերը Տերսիմէն կը խուժեն Մեծկերտ, թալանելով կու գան դէպի Բերրի։ Կառավարութիւնը Խարբերդէն զինուոր բերել տուաւ դիմադրելու, բայց շատ չդիմացան, որովհետեւ վրէժխնդրութիւն էր. անոնք ալ մեզի պէս շատ տանջուած էին վատ թուրքէն. հայերու քաջերուն հետ միացած՝ վրէժ լուծելու համար լաւ կը կռուէին եւ շուտով մօտեցան Բերրիին։ Թուրք զինուորները սկսան նաւակները (քէյլէք) լեցնել իրենց ժողովուրդը եւ գետին միւս կողմը տանիլ։
Առաւօտուն Կամար աղբիւրը գացի ջուր բերելու. հոն տեսայ տուտախսըզ (անշրթունք) Խըտր անունով թուրք մը, որուն շրթունքը կտրած էին, որպէս պատիժ գործած յանցանքին համար. փաստաբանը հայ եղած էր, եւ այդ էր պատճառը որ կ՛ատէր հայերուն, Էմինէին ալ եղբայրն էր։ Չգիտնալով որ ես հայ եմ, ինծի ըսաւ. «Շուտով գնա տուն առանց ջուրի եւ Քէօռ Մամոյին ըսէ՝ ինչ որ ունի թող բեռցնէ ձին եւ փախի դէպի գետեզերքը կեանքը ազատելու։ Քիւրտերը եւ կեաւուրները միասին, ամէն գիւղերը եւ քաղաքները վառելով մօտի գիւղը՝ Պասուն հասած են եւ կէս ժամէն հոս կ՛ըլլան»։ Ես ալ առանց ջուրի գացի տուն եւ շուտ լուրը տուի Քէօռ Մամոյին. ինծի հաւատաց, ինչ որ կրնար ձիուն վրայ դրաւ, եւ շուտով հասանք գետեզերքը։
Չարսանճագին ձմեռը կը սկսի Հոկտեմբերի վերջերը եւ կը տեւէ մինչեւ Մարտ 15ը. շատ ձիւն կը տեղայ, Դեկտեմբեր եւ Յունուար ամիսներուն երթեւեկը գրեթէ կը դադրի, գետին վրայ սառը շատ թանձր կ՛ըլլայ, այնքան, որ նոյնիսկ ջորիով, բեռով վրայէն անցնելու չափ զօրաւոր հաստ սառ կը կապէ։
Գարուն էր, եւ գետին վրայի սառը հալած էր, կտոր-կտոր կը լողար գետին մէջ եւ շատ դժուարութիւն կու տար քէյլէքով գետին միւս կողմը փախչողներուն, որոնցմէ շատերը ջուրը ինկան եւ խեղդուեցան սառի կտորներու հանդիպելով։ Քէյլէքը 15-20 տիկերէ կազմուած նաւակ-լաստակ մըն էր, որ կը փոխադրէր մօտ 6 հոգի եւ մաս մըն ալ՝ ապրանք։ Այդ միջոցին տեսայ Գասպար եղբայրս, որ կառավարական պաշտօնեայի մը քով ծառայ էր. պատեհութիւն եղաւ, որ անոնք ալ քէյլէքը նստին եւ գետին միւս կողմը անցնին։ Գասպարին ըսի, որ էֆէնտիին ըսէ՝ զիս ալ վերցնեն քէյլէքին մէջ, սակայն անօգուտ։ Էֆէնտին չամար մը զարկաւ երեսին եւ ըսաւ. «Դուն կ՛ազատիս չի՞ բաւեր, կը փորձես ուրի՞շն ալ ազատել», եւ քէյլէքով անցան գետին միւս կողմը. միայն Գասպարը ինծի ձեռքով մնաս բարով ըսաւ, արցունքը աչքերուն։ Այն ատեն երկուքս ալ հազիւ 15 տարեկան էինք։ Ես համոզուած էի, որ Գասպարն ալ այդ ժամանակ սիրտին մէջ նոյն ցաւը զգաց ինչ որ ես, քանի որ երկուորեակ էինք։ Արցունքներս մէջս կու լայի, նոյնիսկ պատեհութիւն չունեցանք բաժնուելէ առաջ զիրար գրկելու. միայն կը մտածէի.«Ալ եղբայրս երբեւէ պիտի տեսնե՞մ»։
Ձայները սկսան… Բերրիին վրայ զէնքեր կը պարպուէին, որ գետէն միայն 15 վայրկեան հեռու էր։ Քէօռ Մամոն վախցաւ քանի որ այդ խճողումին մէջ կոյր վիճակով անկարող էր ազատիլ եւ կրնար թշնամիին ձեռքը անցնիլ. ինծի ըսաւ. «Հիմա կարգը քուկդ է, որ զիս ազատես գետին միւս կողմը տանիս. նայիր, տես ժողովուրդը գետին ո՞ր մասէն ոտքով կը փորձէ անցնիլ, այնտեղ տար ինծի»։ Ես տեսայ, որ Թիլ գիւղին դիմաց գետը աւելի լայն է եւ ջուրը նօսր, հազիւ չորս-հինգ ոտք խորութիւն ունի, բայց քարերը շատ էին եւ սահելու վտանգը մեծ էր։ Ես վիճակը նկարագրեցի Քէօռ Մամոյին եւ 15-20 վայրկեան քալելով հասանք հոն։ Ինծի ըսաւ, որ չթրջուելու համար հագուստնիս հանենք եւ գլուխնիս փաթթենք։ Ինքն ալ միեւնոյնը ըրաւ. մէկ ձեռքով ձին բռնեց, միւս ձեռքով՝ զիս, սկսանք առաջանալ, այն կողմով, ուր ջուրը աւելի նօսր էր։ Այսպէս հասանք գետին կէսը, բայց այստեղ ալ ուրիշ վտանգ կար. սառերը իրարու քով կու գային, եւ շատ վտանգաւոր էր ատոնց դէմ դնելը։ Այնպէս որ երկուքս ալ գետին մէջը սահելով լաւ թրջուեցանք եւ սառած հասանք գետին միւս կողմը։ Հազիւ քիչ մը արեւոտ տեղ մը գտանք, նստանք եւ մեր հագուստները ցամքեցուցինք, ետ հագանք, իրարու սեղմուած փորձեցինք քիչ մըն ալ տաքնալ եւ յառաջացանք դէպի Հոշէ գիւղը, սակայն հոն խճողուած էր արդէն մեզմէ կանուխ եկուորներով։ (Միջանկեալ յիշեցնեմ, որ մեր «մեծ եղբօր»՝ Գէորգ Երեւանեանին մայրը Հոշէ ծնած է)։ Հոշէ գիւղը միայն հայերու գիւղ էր, բայց այդ ատեն մէկ հայ չէր մնացած, հաւանաբար թուրքերը բոլորը ջարդած էին։ Բոլոր կողմերէ փախած թուրքերը լեցուցած էին հոն եւ մեզի տեղ չտուին։ Թուրքերէն շատերը փախած էին քիւրտերէն, չունէին բաւարար ուտելիք եւ պառկելու տեղ։
ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ (CAMP) ՉԱԼԽԱՏԱՆԻ ՄԷæ
Մենք ալ ստիպուած քալեցինք դէպի ուրիշ գիւղ մը՝ նախ Տէմըրջին, յետոյ Չալխատան, որ լերան վրայ էր եւ Բերրիի դիմացը. հինգ օր մնացինք հոն։ Քիւրտերը հայերու հետ միասին սկսան վառել Բերրիի բոլոր տուները, նաեւ կառավարական շէնքը եւ եկեղեցին, ուր լեցուած էր թուրքերու կողմէ հայերու տուներէն թալանուած, գողցուած ապրանքը։ Ես տեսայ Բերրիի վառուիլը հինգ օր շարունակ։ Թուրք կառավարութիւնը զինուոր ղրկած էր պաշտպանելու Բերրին, բայց անոնք վախնալով քիւրտերէն սարսափահար ետ կը փախէին դէպի Խարբերդ։ Իմ կարծիքով, եթէ այդ ատեն բոլոր հայերը միանային քիւրտերուն, բաւական ուժ կ՛ունենային եւ կ՛ազատէին բաւական մարդ, այդքան անմեղ հայ չէր սպաննուեր։
Քիւրտերը առին Մեծկերտը, Բերրին, Իսմայիլը, Պասուն, Հոշէն, Վասկերտը, Բերդակը եւ մօտեցան Խարբերդին։ Թուրքերուն օգնեցին գերմանացիները եւ կեցուցին քիւրտերուն առաջ շարժիլը։ Չալխատանէն քիւրտերը փախած էին, մնացած էին քանի մը հոգի եւ հոն լեցուցած էին թուրքերը. կար մօտ 200 թուրք զինուոր, եւ Չալխատանը դարձաւ զինուորական կեդրոն։ Զինուորները շատ պաշար ունէին, որ թալանած էին հայերուն տուներէն. այնքան շատ էր, որ կրնային փախստական թուրքերուն ուտելիք տալ. նոյն ատեն Չալխատան մնացած քիւրտերը, որ արդէն գիտէին փախստական թուրքերուն ձեռքը հայերէն գողցուած շատ ապրանք կայ, առիթէն օգտուելով թուրք փախստականներէն այդ գողցուած ապրանքը գողցան։ Հոս կ՛արժէ յիշել մեծ հօրս խօսքը.
«Գողը գողէն գողացաւ, Աստուած վերէն զարմացաւ»։
Այս անգամ ես կը նախընտրէի, որ հայէն գողցուած ապրանքները քիւրտին հասնին, քան վայրենի եւ մարդասպան թուրքերուն։
Մութը իյնալուն, երբ թուրքերը տեսան Քէօռ Մամոն, մեղքցան եւ քիւրտի տունի մը մէջ անկիւն մը տուին ինծի եւ իրեն գիշերելու։ Ես շուարած էի, թէ ո՞վ որու դէմ կը կռուի. իմ թշնամիս ո՞վ է. թուրքը հայուն կը հալածէ, քիւրտը՝ թուրքին։ Ոեւէ թուրք գիտնար, որ ես հայ եմ, անմիջապէս կը սպաննէր զիս։ Ես կը վախնայի հայէն ալ. քանի որ հայ մը կրնար զիս ճանչնալով մատնել՝ իր կեանքը փրկելու կամ ալ մէկ պատառ ուտելիքի համար։ Որչա՞փ ապահով էի հոս կամ որչափ՝ անապահով, չեմ գիտեր. բայց վախս կը մեծնար հետզհետէ։ Տարիէ մը աւելի անցած էր, որ հայրս իր չորս տղաքը թրքական դպրոց ձգեց եւ անհետացաւ, ուրկէ ես փախայ Միհրան Միրաքեանին շնորհիւ եւ ճամբան, Ակօ Իպոյին խօսքով, Քէօռ Մամոն ազատեց զիս եւ ես, կորսնցնելով ընտանիքս եւ եղբայրներս, կապուեցայ Քէօռ Մամոյին։ Հիմա ես երեք եղբայրներէս լուր չունէի, չէի գիտեր ի՞նչ եղան, ո՞ւր են ծնողքս եւ քոյրերս, բոլորովին մնացի մինակ։ Ժողովուրդն ալ յուսահատ էր եւ ուժասպառ՝ ուտելիքի պակասէն։ Այս գիւղէն մեր դասընկերը՝ Համբարձում Տէր Կարապետեան, մէկ տարիէն աւելի էր, որ կը ծառայէր քիւրտի մը քով եւ քրտերէն կը խօսէր։ Ինծի տեսաւ, երբ ես Քէօռ Մամոյին հետը ճամբով կ՛երթայի եւ նշան ըրաւ, որ մօտենամ, քանի որ եթէ խօսէր, Քէօռ Մամոն կը լսէր։
ՔԷՕՌ ՄԱՄՈՅԻՆ ԼՔԵԼՍ
Ես անձայն հեռացայ՝ Քէօռ Մամոյին հոն ձգելով եւ գացի Համբարձումին քով։ Համբարձումը ինծի տարաւ իրեն ծանօթ քիւրտի մը քով, որ թէեւ հարուստ չէր, բայց ուտելիքը պակաս չէր. տեղացի էր եւ շատ ճանչցուած, նաեւ հայասէր էր եւ կ՛ուզէր ազատել զիս։ Գիտէր նաեւ, որ հայերուն համար երթալով աւելի գէշ պիտի ըլլայ։ Ես ալ եթէ Քէօռ Մամոյին քովը մնայի, գիտէի, որ այլեւս մեռնելէն պիտի չազատիմ եւ ստիպուած, կեանքս ազատելու համար, ձգեցի իրեն եւ գացի քիւրտին քովը։
Հազիւ օր մը անցած էր, որ քիւրտին քովն էի, դրացի քիւրտին կիները զիս տեսած էին, եւ լուրը հասած էր Քէօռ Մամոյին՝ մէկը միւսին ըսելով. եւ Քէօռ Մամոն երկու զինուորներու հետ եկաւ քիւրտին տունը, որ շատ ընդարձակ էր. մէկ կէսը ինք եւ ընտանիքը կը մնային, իսկ միւս կէսն ալ ջորիին, կովուն եւ քանի մը ոչխարի ախոռն էր։ Քիւրտին կինը երկու օր առաջ զաւակ մը ունեցած էր, եւ քիւրտը զիս դրաւ իր կնկան անկողինին մէջ, պէպէքին (նորածին երեխայ) հետ, խորհելով զիս ազատել այդպիսով, բայց չեղաւ։ Երբ Քէօռ Մամոն հասկցաւ, որ զիս պահած են եւ կ՛աշխատին ազատել իրմէ, նստաւ գետինը եւ ըսաւ. «Օղլում, Ռուշտի՛, դուրս ելիր պահուած տեղէդ կամքովդ. եթէ չելլես, տունը պիտի խուզարկենք եւ քեզի գտնենք՝ կտոր-կտոր կ՛ընեմ»։ Ըսածին հաւատացի եւ ելայ կնիկին քովէն։ «Ամօթ չէ՞ քեզի, որ մտած ես նոր ծնած պէպէքին քով», լալով շարունակեց. «Իրաւունքդ է. անօթի մնացիր քանի մը օր, բայց նորէն պարտքդ է ինծի հոգ տանիլ։ Աստուած մեծ է, օր մը նորէն մեր տունը կը վերադառնանք»։
Ես տեսայ, որ Քէօռ Մամոյին աչքերէն արցունքներ կը հոսէին. հասկցայ, որ աղուոր բարկացած է, եւ հիմա սկսայ մտածել. որչա՞փ ապահով եմ, որ հետը մնամ։ Քէօռ Մամոն զիս տարաւ միւեւնոյն տեղը, ուր հինգ օր արդէն կեցած էինք եւ չեմ խորհիր օրական պատառ մը հացէն աւելի ուտելիք բան կ՛ունենայինք։
Միեւնոյն օրը, քանի մը ժամ ետք, ընկերս՝ Համբարձումը նորէն հեռուէն նշան ըրաւ ինծի, որ իրեն մօտենամ. գիտէր, որ Մամոն չի տեսներ։ «Երթամ թազա (թարմ) ջուր բերեմ» ըսի Մամոյին եւ իրեն ձգելով՝ գացի Համբարձումին քով, քաջ գիտնալով, որ Մամոյին քովը ա՛լ ապահով չեմ։
ՔԻՒՐՏԵՐՈՒ ՔԱՐԱՒԱՆԻՆ
ՄԻԱՆԱԼՍ
Այս անգամ Համբարձումը իր տիրոջ միջոցով ինծի յանձնեց այլ քիւրտերու, որոնք եկած էին ուրիշ գիւղէ մը Բերրիի թուրքերուն թալանելու եւ գիշերով ճամբայ պիտի ելլէին դէպի Ախոռ գիւղը։
Նախ գացինք Համբարձումին մնացած ախոռը, Համբարձումին քիւրտ տէրը թուրքերուն թալանող քիւրտերուն համար իր տունը կեդրոն ըրած էր. այդ էր պատճառը, որ հոն մեզի բաւական կերակուր տուին. յետոյ, գիշերով միւս քիւրտերուն միանալով, բոլորս միասին ճամբայ ելանք։
Ես ստիպուեցայ ձգելու Քէօռ Մամոն եւ փախչելու քիւրտերուն հետ, հակառակ որ Քէօռ Մամոն իմ օգնութեանս պէտք ունէր։ Ես ափսոսանքով կը ձգէի իրեն. հիմա երկուքս ալ նոյն վիճակին մէջն էինք։ Քէօռ Մամոն ինծի պաշտպանելու կարողութիւն չունէր. եթէ բռնուէինք եւ գիտնային որ հայ եմ, անմիջապէս ինծի կը մեռցնէին։ Այլեւս գիտէի, որ մինակ եմ եւ պէտք է ինքզինքս պաշտպանեմ։ Չբռնուելու համար պէտք է փախչիմ ուր որ կարենամ…։
…Երանի մուկ ըլլայի, ծակ մը գտնէի եւ հոն մտնէի… ամէն տեղ միշտ ականջիս կու գար թուրք մունետիկին ձայնը. «Ով որ հայ պահէ, հինգ տարի շղթան վիզը բանտին մէջ պիտի մնայ…»։
Ես երբեք չգիտցայ, թէ երկրորդ անգամ Քէօռ Մամոն ետեւէս ելա՞ւ ինծի փնտռելու, բայց կը յուսամ, որ իրեն բան մը չպատահեցաւ։ Նորէն պիտի կրկնեմ, որ եթէ այդ ատեն հայերը իրարու միանալով՝ քիւրտերուն միանային, այդչափ հայ չէր կորսուեր։
Քիւրտերը, որոնց միացայ, ունէին վեց-եօթը ջորի. գողցուած ապրանքները բեռցուցած էին ջորիներուն վրայ, իրենք ալ աղուոր զինուած էին դանակներով, խոշոր փայտերով եւ զէնքերով։ Ոտքերնիս չարըխ հագած էինք (չարըխը կաշիի կտորով կը շինեն եւ չուանով ոտքերնին կը կապեն, որ քիչ մը ոտքերնին պաշտպանեն վնասուելէ լեռներուն մէջ քալած ատեն), վրանիս ալ մաշած հագուստներ՝ ինչ որ ամէն մէկս գտած էինք ասդին-անդիէն։ Ճամբան ալ քիւրտերը գողցուած ֆէս մը գլխուս դրին (ֆէսը գլխարկի տեսակ է, որ միայն ունեւոր հայերը կը գործածէին ժամանակին Թուրքիոյ մէջ) եւ կարծես ֆէսէն ալ ուժ առնելով, ինքզինքս քիչ մը ապահով զգացի, որ այս անգամ ճիշդ քայլ առած եմ։ Ամբողջ գիշերը քալեցինք անձրեւին տակ, առանց կենալու. Մարտ ամիսն էր, շատ պաղ էր եւ քամի կար։ Կը քալէինք Մուրատ գետէն տասնհինգ վայրկեան հեռաւորութեան լեռներուն մէջէն, ուր շատ կար մեշէ (պզտիկ ծառի տեսակ, որ կացինով կը կտրէին եւ չորցնելէ ետք կը գործածէին վառելու համար). անոնց քէօքերը (արմատ) շատ սուր կ՛ըլլային։ Գիշերով, անոնց վրայէն քալելու ատեն ոտքս ծակեց եւ արիւն սկսաւ վազել, ինչու որ արդէն չարըխին կաշին շատ հաստ չէր, եւ անձրեւն ալ զինք թրջած, փափկեցուցած էր։ Սակայն ատոր ուշադրութիւն ընելու ժամանակ չկար, ազատելու յոյսը ինծի ուժ կու տար ցաւին դիմանալու եւ միւս կողմէ ալ՝ կը ստիպէր քալել առանց կենալու։
Անդադար քալեցինք ամբողջ գիշերը, միայն ճամբան ջաղացք մը գտանք, որուն տէրը երբ դէմ դրաւ, քիւրտերը գրաւեցին ալիւրը տիրոջմէն, քանի որ զինուած էին, «բաղարջ» (զուտ ալիւր ջուրով հաց) շինեցին, կրակին քովն ալ վրանիս չորցուցինք եւ ելանք ջաղացքէն։
Աւելի ուրախ էինք, որ մենք մեզ չորցուցինք փոխան թազա (թարմ) հացի։ Մեր ճամբան շարունակեցինք դէպի Ախոռ գիւղը եւ միւս օր հասանք Ախոռ։
————————————————————————————————————————-
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
ՍԱՈՒԹ ՊԷՅ
ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան»
Կոմիտէ
ՀՕՄի «Արաքս» Մասնաճիւղ
ՀԵԴ «Փոթորիկ» Ուխտ
—-
ՌԻՉՄԸՆՏ – ԹԷՔՍԱՍ
ՀՅԴ «Սերոբ Աղբիւր»Կոմիտէ
—
Ի Յիշատակ
Մեր Ծնողքին՝
Գրիգոր Եւ Շնորհիկ
Տէր Աբրահամեան
ՏԷՐ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔ
——–
Օրենճ Քաունթի
ՀՅԴ«ԱՐՄԷՆ ԳԱՐՕ»
——-
Պոլսահայ Միութիւն
——-
Crescenta Valley
ARF Zavarian
AYF Zartonk Chapter
AYF Garekin Njdeh
ARS Talin
Homenetmen Shant
Armenian National Committee
Armenian American Council on Aging
——————————————————————————————————————–